Ֆրանչիսկոս Պապը դէպի Մոնկոլիա փոխադրող օդանաւը Ֆրանչիսկոս Պապը դէպի Մոնկոլիա փոխադրող օդանաւը  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապին հեռագիրները ուղղուած դէպի Մոնկոլիա ճանապարհի քաղաքական իշխանութիւններուն

Ֆրանչիսկոս Պապ Հռոմէն դէպի Մոնկոլիա ճամբորդութեան ընթացքին հեռագիրներ յղեց օդանաւով օդային տարածքէն անցած երկիրներու նախագահներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Դէպի Մոնկոլիա՝ ինը ժամ տեւողութեամբ թռիչքի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ, Սերճօ Մաթթարելլային հեռագիր յղելէն անդին այլ հեռագիրներ յղեց օդային տարածքէն անցած երկիրներուն քաղաքական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն։

Խրուաթիոյ նախագահ, Զօրան Միլանովիչի յղած հեռագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նախագահին վերջերս Վատիկան կատարած այցելութիւնը ապա Աստուծոյ առատ օրհնութիւնները հայցեց ազգին վրայ, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ ուրախութեան պարգեւները։

Պոզնիոյ եւ Էրզէկովինայի նախագահի խօսնակ, Զելիմօ Քոմիչի յղած հեռագիրին մէջ Ֆրանչիսոկս Պապ ապահովուեց իր աղօթքը ապա միութեան, եղբայրութեան եւ համերաշխութեան օրհնութիւնները հայցեց բոլորին վրայ։

Նորին Սրբութիւնը իր աղօթքը ապահովուեց հայրենիքի միութեան եւ խաղաղութեան համար, Սերպիոյ նախագահ Ալէքսանտր Վուչիչին գրած հեռագիրին մէջ ապա «խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն մաղթեց Մոնթենեկրոյի նախագահ Ժաքով Միլաթովիչին։

Ֆրանչիսկոս Պապ միութեան, խաղաղութեան եւ ուրախութեան օրհնութիւնները շնորհեց Պուլկարիոյ նախագահ Ռումէն Ռատեւի յղած հեռագիրին մէջ։ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յղած հեռագիրին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքը ապահովուեց հայցելով Թուրքիոյ վրայ եղբայրութեան, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան աստուածային օրհնութիւնները։

Վրաստանի նախագահ, Սալոնէ Զուրապիքվիլի հեռագիրին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ Աստուծոյ օրհնութիւնները խնդրեց ազգին եւ ժողովուրդին վրայ ինչպէս նաեւ միութեան եւ համերաշխութեան պարգեւները իւրաքանչիւրին վրայ։

«Թող Ազգը օրհնուի եղբայրութեամբ եւ խաղաղութեամբ» գրեց Ֆրանչիսոկս Պապ Ազրպէյճանին նախագահ Իլհամ Ալիեւին յղած հեռագիրին մէջ Հայցելով իւրաքանչիւրին վրայ աստուածային օրհնութիւնները։

Իսկ Խազախստանի նախագահ Քասիմ Ժոմարթ Փոքայեւի յղած հեռագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքը ապահովուեց հայցելով «Ամենակալին առատ օրհնութիւնները ազգին վրայ։

Ի վերջոյ Չինաստանի նախագահ, Քսի Ժինփինկի յղած հեռագիրին մէջ ֆրանչիսկոս ողջունեց նախագահը ապա իր աղօթքը ապահովուեց Չինաստանի բարօրութեան համար, հայցելով բոլորին վրայ խաղաղութեան եւ միութեան աստուածային օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2023, 09:00