ARGENTINA-ECONOMY-POVERTY-RECYCLING-CARTONEROS

Ֆրանչիսկոս Պապ. Պէտք է զարգացնել առաւել խոցելի խաւերը ներառնող տնտեսութեան ձեւեր

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամ յղած է «ՈՉ ՄԷԿԸ ԲԱՑԱՌԵԼ, Աճիլ միասին` առ աւելիով հաւասար իրաւունքներով Երկիրի մէջ» համաժողովի առիթով
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Տնտեսութիւն եւ ֆինանսներ՝ ուղղուած համընդհանուր բարիքին եւ ի յարգանս մարդկային արժանապատւութեան: Այս նիւթը միշտ հոգեհարազատ եղած է շուկաներու համաշխարհայնացումի դարաշրջանի բոլոր Քահանայապետերուն՝ այնպէս ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապին վարդապետութեան մէջ, որ այդ համոզմունքը անգամ մը եւս հաստատած է «Banca Intesa» դրամատունի գործադիր տնօրէն Քարլօ Մեսինային ուղղուած պատգամին մէջ՝ «ՈՉ ՄԷԿԸ ԲԱՑԱՌԵԼ, Աճիլ միասին առ աւելիով հաւասար իրաւունքներով Երկիրի մէջ» համաժողովին առթիւ, որ կայացած է՝ 26 Հոկտեմբերին։ Անոր ներկայ գտնուած Քոյր Ալեսսանտրա Զմերիլլին՝ Մարդկային Համապարփակ խթանման ծառայութեան Վերատեսչութեան քարտուղարը, ժողովականներուն կարդացած է Սրբազան Պապին պատգամը։

Նորին Սրբութիւնը յորդորած է,«ուժեղացնել տնտեսական հասարակական ներառման գործընթացը, առանձնայատուկ ուշադրութիւն յատկացնելով առաւել խոցելիներուն եւ առաջին հերթին գաղթականներուն»։

Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեցուցած է նաեւ, որ ֆինանսը արուեստ է՝ հիմնուած յարաբերութիւններու նկատմամբ վստահութեան վրայ, ինչը «կարելի է կառուցել միայն «հանդիպման մշակոյթի» զարգացման միջոցաւ, ուր իւրաքանչիւր ձայն պէտք է լսելի ըլլայ եւ ուր բոլորը պէտք է բարգաւաճiն՝ գտնելով շփման կէտեր, կառուցելով կամուրջներ եւ պատկերացնելով երկարաժամկէտ ներառական ծրագիրներ»:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2023, 07:57