Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի եզրափակիչ Սուրբ պատարագ

Ըլլանք պաշտող Եկեղեցի ու ծառայութեան եկեղեցի, որ կը լուայ վիրաւոր մարդկութեան ոտքերը, կ՛ընկերանայ դիւրաբեկներու, տկարներու, լուսանցքայիններու ուղեւորութեան, քնքշութեամբ կ՛երթայ հանդիպելու աղքատներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 29 Հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10 ին Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ գլխաւորեց անցեալ 4 հոկտեմբերին սկիզբ առած ու երէկ իր աշխատանքային նիստերը աւարտած Եպիսկոպոսներու 16-րդ Սիւնհոդոսի առաջին փուլին եզրափակիչ սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բոլոր ժողովական հայրերը ու աշխարհական անդամները։

Սուրբ Զոհին առիթով Նորին Սրբութիւնը քարոզը կեդրոնացուց Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան աւետարանական հատուածի վրայ ուր կը պատմուի թէ ինչպէս օրէնսգէտ մը Յիսուսը փորձելու համար Անոր հարց կու տայ «Ո՞րն է ամենամեծ պատուիրանը» (Մատթ. 22,36) եւ Յիսուս անոր յստակ պատասխան կու տայ «Պիտի սիրես Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ, եւ բոլոր մտքովդ։ Այս է մեծ եւ առաջին պատուիրանը։ Երկրորդն ալ նոյնքան կարեւոր է. Պիտի սիրես քու ընկերդ քու անձիդ պէս (Մատթ. 22,37-39).

Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագը
Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագը

Սիրել Աստուած ամբողջ կեանքով և սիրել մերձաւորը մեր անձին պէս

Եղբայր կարդինալներ, եղբայրակից եպիսկոպոսներ, քահանաներ, կրօնաւոր կրօնաւորուհիներ, եղբայրներ եւ քոյրեր, մեր այս կտրած ճանապարհորդութեան աւարտին կարեւոր է նայիլ «սկզբունքին ու հիմքին», որմէ սկիզբ առաւ ամէն բան եւ որտեղէն նաեւ կը վերսկսի. «սիրել Աստուած ամբողջ կեանքով և սիրել մերձաւորը մեր անձին պէս», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ այդ է ամէն բանի կիզակէտը` «սիրել Աստուած ու մերձաւորը» եւ ասկէ մեկնելով այդ սիրոյ սլացքը թարգմանելու համար առաջարկեց երկու բայեր` պաշտել ու ծառայել։

Պաշտել

«Սիրելը պաշտել է» ըսաւ Սրբազան Պապը, պաշտամունքը առաջին պատասխանն է, որ կարող ենք նուիրել Աստուծոյ մեզի վերապահած ձրի եւ զարմացուցիչ սիրոյ դիմաց։ «Երկրպագելը, ըստ էութեան, կը նշանակէ հաւատքով ընդունել, որ միայն Աստուած է Տէրը, և որ մեր կեանքը, Եկեղեցւոյ ուղին և պատմութեան ճակատագիրը կախուած են Անոր սիրոյ քնքշութիւնէն» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ Ան է կեանքին իմաստը։

Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագը
Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագը

Մերժել կուռքերը

«Ան` որ Աստուած կը պաշտէ կը մերժէ կուռքերը, որովհետեւ մինչ Աստուած կ՛ազատագրէ կուռքերը մեզ ստրուկ կը դարձնեն» շարունակեց Քահանայապետը, դիտել տալով` թէ անոնք մարդկային ձեռքերու գործ են ու անորմէ շահարկուած, մինչ Աստուած մշտապէս Կենդանին է` որ «իմ մտածումիս նման չէ, կախում չունի այն բաներէն, որ ես իրմէ կ՛ակնկալեմ, եւ հետևաբար, կարող է խաթարել իմ սպասումներս, ճիշտ այն պատճառով, որ ան կենդանի է։ Մենք յաճախ ուղիղ գաղափար չունինք Աստուծոյ մասին ու կը կրածենք որ Տէրը կը գործէ մեր ակնկալիքներուն համեմատ...մինչ անոր վարուելակերպը անսպասելի է եւ կը պահանջէ զարմանք ու պաշտամունք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը յանձնարարելով միշտ ալ պայքարիլ աշխարհիկ կուռքերուն դէմ։

Հովիւներուն համար պաշտամունքը կեդրոնական է

«Հսկենք` որպէսզի այնպէս չի պատահի, որ մենք որպէս կեդրոն ընտրենք մենք զմեզ քան զԻնքը» ըսաւ ապա Քահանայապետը ու յորդորեց, որ երկրպագութիւնը պաշտամունքը, հովիւներուն համար ըլլայ կեդրոնական` «ժամանակ յատկացնենք ամէն օր Յիսուսին Բարի Հովիւին հետ մտերմութեան համար տապանակին առջեւ։ Թող, որ Եկեղեցին պաշտէ` իւրաքանչիւր թեմ, իւրաքանչիւր ժողովրդապետութիւն եւ իւրաքանչիւր հասարակութեան մէջ թող պաշտամունք մատուցի Տիրոջ, որովհետեւ միայն այդ ձեւով է, որ մենք կը դիմենք Յիսուսին ու ոչ թէ մենք մեզի...որովհետեւ միայն անոր առջեւը մենք պիտի բիւրեղանանք, պիտի փոխուինք, ու նորոգուինք անոր Հոգիի կրակով»։

Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագը
Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագը

Ծառայել

«Եղբայրներ եւ քոյրեր` պաշտենք Տէրը Յիսուս» ըսաւ Քահանայապետը եւ ակնարկեց երկրորդ բային` ծառայել։ Սիրելը կը նշանակէ ծառայել։ Քրիստոս մեծ պատուիրանին մէջ Աստուած ու մերձաւորը իրար կը կապէ, որպէսզի անոնք երբեք իրարմէ զատուած չըլլան։ Չկայ Աստուծոյ սէր եթէ անոր մէջ ներգրաւած չըլլայ մերձաւորին հոգատարութիւնը։ Եկեղեցւոյ ամենամեծ բարեփոխումը` զԱստուած պաշտելն է ու եղբայրները սիրելն է` Անոր սիրով։

Ըլլանք պաշտող Եկեղեցի ու ծառայութեան եկեղեցի, որ կը լուայ վիրաւոր մարդկութեան ոտքերը, կ՛ընկերանայ դիւրաբեկներու, տկարներու, լուսանցքայիններու ուղեւորութեան, քնքշութեամբ կ՛երթայ հանդիպելու աղքատներուն։

Սէրը որով Տէրը իսրայէլացիները ազատագրեց ստրկութենէն այն նոյն սէրն է, զոր Ան մեզմէ կը պահանջէ` հանդէպ բոլոր ժամանակներու ու վայրերու օտարականներուն։

Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագը
Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագը

Աշխարհը յուզող մարտահրաւէրները եւ Աւետարանին թթխմորը

Այս խօսքերէն ետք Քահանայապետին մտածումը գնաց` պատերազմի սարսափի զոհերու, գաղթականներու տառապանքներուն, ցաւին անոր` որ միայնակ է ու աղքատութեան մէջ, անոր` որ ջախջախուած է կեանքի բեռին տակ, անոր` որ արցունք չունի եւ անոր` որ ձայն չունի։ Եւ կը մտածեն, թէ քանի անգամներ, գեղեցիկ բառերու եւ համոզիչ խոստումներուն ետին կը խթանուին չարաշահումներու ձեւեր ու ոչ մէկ բան կ՛ընենք զանոնք կանխարգիլելու համար։

Ծանր մեղք է չարաշահել աւելիով տկարները, ծանր մեղք` որ կը քայքայէ եղբայրութիւնը եւ կը կործանէ ընկերութիւնը։ Մենք Յիսուսին աշակերտները, կ՛ուզենք աշխարհին տանիլ այլ թթխմոր, Աւետարանին թթխմորը. Աստուած առաջին տեղ ու անոր հետ միասին բոլոր անոնք, որոնք Անոր նախընտրելիներն են` աղքատները եւ տկարները։

«Ահա այս է Եկեղեցին, զոր մենք կոչուած ենք երազել» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը` բոլորի ծառայ Եկեղեցի մը, ընկալող, սիրող ու ծառայող Եկեղեցի, բաց դռներով ու ողորմութեան նաւահանգիստ Եկեղեցի։

Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագը
Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագը

Եղբայրութեան գեղեցկութիւնը

Սիրելիներ կ՛եզրափակուի Սիւնհոդոսական հաւաքը։ Սուրբ Հոգիին մէջ երկխօսութեան միջոցաւ մենք կարողացանք փորձարկել Տիրոջ քնքուշ ներկայութիւնը ու վերագտնել եղբայրութեան գեղեցկութիւնը։

Մենք զիրար ունկնդրեցինք փոխադարձաբար ու մասնաւորապէս մեր պատմութիւններու հարուստ տարբերութիւններուն մէջ ականջալուր դառնանք Սուրբ Հոգիին։ Մենք այսօր չենք տեսներ այս բարդ գործընթացին պտուղները, բայց կարող ենք հեռատեսութեամբ նայիլ հորիզոնին, որ մեր առջեւ կը բացուի. Տէրը մեզ պիտի առաջնորդէ ու մեզի պիտի օգնէ, որպէսզի դառնանք աւելի սիւնհոդոսական ու միսիոնար Եկեղեցի մը, որ կը պաշտէ Աստուած եւ կը ծառայէ ժամանակակից մարդոց ու կիներուն, դուրս ելլելով ու բոլորին տանելով Աւետարանին մխիթարիչ ուրախութիւնը», ըսաւ հուսկ Քահանայապետը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն` միասին քալած ճանապարհին համար, ունկնդրութեան ու երկխօսութեան համար։

Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագը
Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագը

«Եւ շնորհակալութիւն յայտնելով ձեզի, կ՛ուզեմ բոլորիս համար մաղթել, որ կարողանանք աճիլ Աստուծոյ երկրպագութեան և ուրիշներու ծառայութեան մէջ: Թող Տէրը մեզի ընկերանայ։ Յառաջ` ուրախութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2023, 10:38