PALESTINIAN-ISRAEL-CONFLICT

Պատերազմը ապագան կը ջնջէ` կանգնինք խաղաղութեան կողքին. Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Սուրբ Երկրին համար

27 հոկտեմբերին խաղաղութիւն աղերսանքին նուիրուած աղօթքի եւ ծոմապահութեան Օր։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի, 18 հոկտեմբերի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք ունկնդրութեան մասնակցող ուխտաւորները, իտալացի հաւատացեալներուն ուղղած խօսքէն առաջ կոչ ուղղեց Սուրբ Երկրին համար ըսելով.

«Այսօր եւս սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մտածումս կ՛ուղղուի Պաղեստինի եւ Իսրայէլի։ Զոհերը կը բազմանան եւ Կազայի մէջ իրավիճակը յուսահատ է։ Կը խնդրեմ հնարաւոր ամէն բան ընել մարդասիրական աղէտէն խուսափելու համար։ Հակամարտութեան ընդլայնումը մտահոգիչ է, մինչ աշխարհին մէջ շատ պատերազմական ճակատներ տակաւին բաց են։ Թող լռեն զէնքերը, թող ունկնդրուի աղքատներուն, մարդոց, մանուկներուն խաղաղութեան աղաղակը...

Եղբայրներ եւ քոյրեր, պատերազմը ոչ մէկ հարց կը լուծէ, անիկա կործանում եւ մահ կը սերմանէ, կ՛աճեցնէ ատելութիւնը, կը բազմակապէ վրէժը։ Պատերազմը ապագան կը ջնջէ, անիկա ապագան կը ջնջէ։

Կը խրախուսեմ հաւատացեալները այդ հակամարտութեան մէջ դիրքորոշում որդեգրելու միայն մէկ ուղղութեամբ` խաղաղութեան ուղղութեամբ։ Բայց ոչ խօսքերով, այլ աղօթքով, ամբողջական նուիրումով։

Ասոր մտածելով որոշեցի Ուրբաթ 27 հոկտեմբերը յայտարարել աղօթքի եւ ծոմապահութեան օր, ապաշխարութեան օր, որուն կը հրաւիրեմ քրիստոնէական տարբեր դաւանանքներու քոյրերն ու եղբայրները, այլ կրօններու պատկանողները և անոնք, որոնք ի սիրտ ունին համաշխարհային խաղաղութեան գործը, միանալու այն ձևով, որ իրենք յարմար կը տեսնեն։

Այդ երեկոյ ժամը վեցին Սուրբ Պետրոսի մէջ ապաշխարութեան հոգիով պիտի ապրինք աղօթքի ժամ մը` աղերսելու մեր օրերուն համար խաղաղութիւն, այս աշխարհին համար խաղաղութիւն։

Բոլոր տեղական եկեղեցիներէն կը խնդրեմ, որ մասնակցին, իրենց կարգին կազմակերպելով Աստուծոյ ժողովուրդը ներգրաւող այսպիսի ձեռնարկներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2023, 10:12