Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եկեղեցին Աստուծոյ հաւատարիմ սուրբ Ժողովուրդն է»

Ֆրանչիսկոս Պապին ելոյթը, հինգշաբթի, յետմիջօրէին, եկեղեցւոյ սիւնհոդասականութեան նուիրուած ընդհանուր ժողովին ընթացքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 25 հոկտեմբերին, յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ելոյթ ունեցաւ եկեղեցւոյ սիւնհոդասականութեան նուիրուած ընդհանուր ժողովին ընթացքին, խօսքը կեդրոնացնելով Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ։ Պատգամին մէջ սրբազան հայը ըսաւ, «կը սիրեմ մտածել եկեղեցւոյ մասին, որպէս Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդ, սուրբ եւ մեղաւոր ժողովուրդ մը, որ կանչուած ու հաւաքուած է Մատթէոսի երանութիւններուն զօրութեամբ»։

«Կը սիրեմ մտածել պարզ եւ խոնարհ եկեղեցի մը, որ կը քալէ Տիրոջ ներկայութեամբ։ Սա է եկեղեցին», ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով որ Հաւատարիմ ժողովուրդի յատկութիւններէն մին է հաւատքի մէջ անսխալականութիւնը։ «Երբ, որ կ՝ուզես իմանալ թէ ինչ բանի կը հաւատայ Սուրբ Մայր եկեղեցին, գնայ Վարդապետութեան, որովհետեւ անիկա  պատասխանատուն է, որ քեզի կը սորվեցնէ, բայց երբ կ՝ուզես իմանալ, թէ ինչպէս կը հաւատայ եկեղեցին, գնայ հաւատարիմ ժողովուրդին մօտ», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդի կիները եկեղեցւոյ արտացոլումն է

Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ նուիրապետութեան անդամները յառաջ կու գան հաւատարիմ ժողովուրդէն որոնցմէ կը ստանան իրենց հաւատքը, ընդհանրապէս ժողովուրդի մայրերէն եւ մեծ մեծ մայրիկներէն, ինչպէս ըսած է  սուրբ Պօղոսը Թիմոթէոսին ուղղած նամակին մէջ,  ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ հաւատքը կը սփռուի իգական բարբառով, ինչպէս Մաքապէացին իր որդիներու հետ բարբառով կը խօսէր։ «Կը սիրեմ ընդգծել, որ Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդին մէջ հաւատքը կը տարածուի բարբառով։ Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդի կիները եկեղեցւոյ արտացոլումն է։ Եկեղեցին իգական է, մայր եւ հարս։ ըսաւ Սրբազան Հայրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել տուաւ, որ երբ կղերական դասին անդամները կը գերազանցեն իրենց ծառայութեան մէջ եւ վատ վերաբերմունք կ՝ունենան Աստուծոյ ժողովուրդին հետ այն ատեն կը կերպարանափոխեն Եկեղեցւոյ դիմագիծը՝ սեռապաշտ եւ բռնատիրական կեցուածքներով։ «Ցաւալի է որ կարգ մը ժողովրդապետութիւններուն գրասենեակներուն մէջ կը գտնենք սուրբ Խորհուրդներուն մատակարարման գնացուցակը ինչպէս հանրախանութներու մէջ», ըսաւ Սրբազան Հայրը շեշտելով որ եկեղեցին ուղեւորութեան մէջ, կամ Աստուծոյ հաւատարիմ, սուրբ եւ մեղաւոր ժողովուրդը կ՝ըլլայ կամ ալ վերջ կը գտնէ տարբեր ծառայութիւններ մատուցող ընկերութեան մէջ, ու այն ատեն երբ հովուական ծառայութեան կղերականները կը գտնուին այդ ճամբուն վրայ, եկեղեցին կը դառնայ փրկութեան հանրախանութ եւ քահանաները կը դառնան ընկերութիւններու հասարակ պաշտօնեաներ։

«Սա այն մեծ ձախողութիւնն է, որ մեզ կը տանի դէպի կղերապաշտութիւնը։ Կղերապաշտութիւնը մտրակ է, փորձանք է ու աշխարհիկութեան ձեւ մը որ կը վնասէ ու կը պղծէ Տիրոջ հարսին դիմագիծը, կը ստրկացնէ Աստուծոյ հաւատարիմ սուրբ ժողովուրդը», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2023, 10:18