Israeli air strikes on Gaza continue ahead of expected ground invasion

«Ալ կը բաւէ։ Պատերազմները միշտ ալ պարտութիւն են». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը հրաւէր ուղղեց բոլոր հաւատացեալներուն միանալու Սուրբ Երկրի Եկեղեցւոյ ու յառաջիկայ երեքշաբթի օրը` 17 հոկտեմբերը նուիրելու աղօթքի ու ծոմապահութեան։ Եւ այժմ ըսաւ Սրբազան Պապը աղօթենք Տիրամօր, եւ արտասանեց «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մեծ ցաւով կը շարունակեմ հետեւիլ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մէջ պատահածին։ Կը մտածեմ յատկապէս մանուկներուն եւ տարեցներուն։ Կը նորոգեմ կոչս ազատ արձակելու պատանդները եւ զօրեղ կերպով կը պահանջեմ, որ մանուկները հիւանդները, տարեցներն ու կիները ինչպէս նաեւ բոլոր անմեղ քաղաքացիները հակամարտութեան զոհեր չի դառնան»։ Խօսքերն ու կոչերն ենք ասոնք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, զոր ան արտասանեց Կիրակի 15 Հոկտեմբերի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին։

«Թող յարգուի մարդասիրական իրաւունքը, յատկապէս Կազայի մէջ, ուր հրատապ ու անհրաժեշտ է ապահովել մարդասիրական միջանցքներ ու օգնութեան հասնիլ համայն բնակչութեան» աւելցուց Քահանայապետը, ցաւ յայտնելով որ արդեն կան բազմաթիւ մահեր։ «Կը խնդրեմ այլեւս այլ անմեղ արիւն թող չի դափուի, ոչ Սուրբ Երկրին, ոչ Ուքրանիոյ եւ ոչ ալ այլ վայրի մէջ։ Կը բաւէ։ Պատերազմները միշտ ալ պարտութիւն են, միշտ» շեշտեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ «աղօթքը այն խոնարհ ու սուրբ ուժն է` հակադրելու համար ատելութեան, ահաբեկչութեան և պատերազմի դիւային ուժին»:

Ան ապա հրաւէր ուղղեց բոլոր հաւատացեալներուն միանալու Սուրբ Երկրի Եկեղեցւոյ ու յառաջիկայ երեքշաբթի 17 հոկտեմբերը նուիրելու աղօթքի ու ծոմապահութեան։ Եւ այժմ ըսաւ Սրբազան Պապը աղօթենք Տիրամօր, եւ արտասանեց «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքը։

Նորին Սրբութիւնը նոյնպէս մտահոգութիւն արտայայտեց ու կոչ ուղղեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող կացութեան համար, տեղահաններուն ու մասնաւորապէս կրօնական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ի սպաս, խնդրելով որ Իշխանութիւններն ու բնակչութիւնը յանձնառու ըլլան զանոնք պաշտպանելու որպէս «մաս մշակոյթին ու հաւատքի արտայայտութեան եւ նշան եղբայրութեան»

Ակնարկելէ ետք այսօր հրատարակուող Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզային նուիրուած առաքելական յորդորագիրին, Սրբազան Քահանայապետը մօտիկութիւն արտայայտեց նաեւ Հռոմի Հրեայ Հասարակութեան որ, ըսաւ Ան, «վաղը կը յիշատակէ նացիական ձերբակալումները»։

Ան ապա ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը ու հրաժեշտ առաւ բոլորէն մաղթելով բարի կիրակի։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2023, 12:28