Ֆրանչիսկոս Պապ .«Երբեք չշահագործել ջուրը, հրատապ է ծրագրել կայուն մատակարարում»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Պարէնին համաշխարհային օրուան առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ յղեց FAOի տնօրէն, տիար Քու Տոնկույին, որուն սկիզբը նկատել տուաւ, թէ պարէնի համաշխարհին օրը կը նշուի այն ժամանակ ուր մեր բազմաթիւ եղբայրները կ՝ապրին աղքատ եւ յուսահատ վիճակի մէջ է ու սովին եւ թերսնման վիճակը լրջօրէն կը վիրաւորէ բազմաթիւ մարդ էակներ՝ անհաւասարութեան, անարդարութեան կուտակման պատճառաւ, որ շատերուն թոյլ կու տայ ապրելու կեանքի լուսանցքին տակ ու մի քանիներուն ճոխ վիճակ։
Ակնարկելով ապա այս տարուան պարէնի միջազգային օրուան նիւթին՝ « Ջուրը կեանք է, ջուրը սնունդ է։ Ոչ մէկուն ձգել ետեւը», Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ ջուրը կեանք է, որովհետեւ կ՝երաշխաւորէ գոյատեւումը ու առկայ ժամանակուան մէջ այդ աղբիւրը խաթարուած է քանակի եւ որակի լուրջ մարտահրաւէրներէն ու երկրագունդի բազմաթիւ վայրերու մէջ խմելիք ջուրի պակասէն կը մեռնին ու կը հիւանդանան բազմաթիւ եղբայրներ։
Ֆրանչիսկոս Պապ հրամայական նկատեց զարգացնել կրթական եւ մշակութային ձեռնարկներ, որոնք կը բարձրացնեն հասարակութեան իրազեկութիւնը, որպէսզի առաջնային բարիքը յարգուի ու պահպանուի։«Մենք երբեք պէտք չէ ջուրը դիտարկենք որպէս ապրանք, որպէս փոխանակման արդիւնք, որմէ կրնանք շահ դիզել« Գրեց Սրբազան Հայրը։
Ջուրը սնունդ է
Ֆրանչիսկոս Պապ գրեց որ միջազգային կազմակերպութիւնը, պետութիւնները, քաղաքացիական ընկերութիւնը, ակադեմիական եւ որոնումի հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ այլ կազմակերպութիւնները պէտք են հաշտեցնեն կամքերը ու միաւորեն գաղափարները, որպէսզի ջուրը դառնայ բոլորին համար ժառանգութիւն ու աւելի լաւ կառավարուի եւ մատակարարուի կայուն ձեւով։
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ պարէնի միջազգային օրուան տօնակատարութիւնը պէտք է նաեւ ծառայէ յիշելու համար ,որ թափօններու մշակոյթը պէտք է հակազդուի կտրուկ քայլերով, որոնք հիմնուած են բոլորին կողմէ պատասխանատու եւ հաւատարիմ համագործակցութեան վրայ։
Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ , որ «այսօր ականատես կը դառնանք միջազգային յարաբերութեան գայթակղեցուցիչ բեւեռման՝ շարունակուող ճգնաժամերուն եւ բախումներու պատճառով։ Հսկայական ֆինանսական եւ նորարական արուեստագիտութիւններ կ՝ուղղուին զէնքի առեւտուրի կամ վաճառականութեան ուղղութեամբ, որոնք կարելի են օգտագործուիլ ապահովուելու համար, որ ջուրը կեանքի ու յառաջդիմութեան աղբիւր է բոլորին։
«Երբեք հրատապ չէ որքան հիմա՝ դառնալ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան ճարտարապետները։ Եկեղեցին երբեք չյոգնիր մշակելէ այն արժէքները որոնք կարող են կառուցել քաղաքացիութիւն մը, որ սիրոյ, փոխադարձ յարգանքի եւ օգնութեան մէջ կը գտնէ կողմնացոյց մը՝ առաջնորդելու համար իր քայլերը, աշխատելով յատուկէն տառապող եղբայրներուն ինչպէս նաեւ սովածներուն ու ծարաւիներուն
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ հողագործութեան կազմակերպութեան կատարած աշխատանքներուն ու Համար հայցելով երկնային առատ օրհնութիւնները, բոլոր անոնց վրայ որոնք կը պայքարին ի շահ եղբայրական եւ աւելի լաւ աշխարհի համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ