«Աստուծոյ հարցումները, Աստուծոյ ուղղուած հարցումներ» վերնագիով գիրքը «Աստուծոյ հարցումները, Աստուծոյ ուղղուած հարցումներ» վերնագիով գիրքը 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Աստուած մեր հետ կը խօսի նաեւ իր հարցումներով»

Ֆրանչիսկոս Պապին նախաբանով «Աստուծոյ հարցումներ, Աստուծոյ ուղղուած հարցումներ» վերտառութեամբ Տոմենիքեան միաբանութեան անդամներ Հայր Ռատքիֆֆէ եւ Հայր Փոբլոյին գիրքը ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեշաբթի, 31 հոկտեմբերին ի լոյս կ՝ընծայուի Ֆրանչիսկոս Պապին նախաբանը կրող «Աստուծոյ հարցումներ, Աստուծոյ ուղղուած հարցումներ» վերտառութեամբ Տոմենիքեան միաբանութեան անդամներ Հայր Ռատքիֆֆէ եւ Հայր Փոբլոյին գիրքը։

Նախաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ գրեց, թէ Յիսուս հարցումներ կ՝ուղղէր։ Յովհաննէս Աւետարանիչի առաջին նախադասութիւններէն մէկը եղաւ «ի՞նչ կը որոնէք» հարցումը՝ ուղղուած Յովհաննէս Մկրտիչին աշակերտներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւնը յայտնեց հեղինակներուն, որոնք «կը քննարկեն Սուրբ Գիրքին մէջ Աստուծոյ՝ այր մարդոց եւ կանանց ուղղած հարցումները ինչպէս նաեւ կարգ մը անձնաւորութիւններու՝ Աստուծոյ եւ Յիսուսի ուղղած հարցումները», նշեց Սրբազան Հայրը ընդգծելով որ «Հարցումը մարդկային եւ շատ մարդկային ժեսթ մըն է, կը բացայայտէ ճանչնալու, իմանալու իղձը, իւրաքանչիւրիս՝ գոյութենէն չբաւարարուելու, անդին երթալու, բանի մը հասնելու եւ նիւթ մը խորացնելու խառնուածքը։ Ան որ հարցումներ կ՝ուղղէ չբաւարարուի։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ իմաստասիրութիւնը ծնած է գոյութեան մեծ հարցումներէն «Ո՞վ եմ ես, ո՞ ւրկէ կու գամ»... ու սոյն գիրքը մեզի կը սորվեցնէ մեր հարցումները քննարկելու կարեւորութիւնը, դիտել տալով որ Սուրբ Գիրին մէջ Աստուած Աբէլին հարց կու տայ «ո՞ւր ես»։ Գայէնին կը հարցնէ ո՞ւր է եղբայրդ։ Սուրբ Պետրոսին կը հարցնէ «զիս կը սիրես բոլորէ աւելին»։

«Աստուծոյ Խօսքը մեր հետ կը խօսi իր հարցումներով։ Այս գիրքը մեզի ցոյց կու տայ որ իւրաքանչիւր մարդկային բառ մը, իսկական մարդկային, ներծծուած է Աստուածային բառով։

Այս գիրքը լեցուն է զուարթամտութեամբ։ Զուարթամտութիւնը մարդկային արտայայտութիւն է, որ ամենէն շատ կը մօտենայ շնորհքին։ Զուարթամտութիւնը հոգին կը զուարճացնէ եւ կը շնորհէ յոյս։ Ան որ զուարթամիտ է դժուար է որ չսիրէ ուրիշները։

Միաժամանակ զուարթամտութիւնը երբ ապրուած է հաւատացեալին կողմէն ցոյց կու տայ թէ ինչպէս քրիստոնէական հաւատքը մռայլ եւ յետամնաց բան մը չէ։ Հաւատքը կը փայլեցնէ այն մարդոց դէմքերը որոնք կառչած են անոր։

Աւետարանը ուրախութիւնը կը տայ, իսկական ուրախութիւն։Ան որ կը հաւատայ ուրախ եւ երջանիկ է։

«Այս գիրքէն ուրեմն ես կը լսեմ արձագանգող երեք կոչեր, « որ մենք հաւատացեալներս կը մնանք մտահոգ, անհանգիստ, ու միշտ կարող են մենք մեզի հարցումներ ուղղել ինչպէս նաեւ քիչ մը մասնագէտներ ենք զուարթամտութեան մէջ» գրեց Սրբազան Հայրը նախաբանին մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2023, 13:52