Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Լեզոթոյի թագաւորը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Լեզոթոյի թագաւորը  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Լեզոթոյի Լէցի Գ թագաւորը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Լեզոթոյի թագաւորին միջեւ հանդիպումի վերաբերեալ։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 18 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Լեզոթոյի թագաւորը՝ Լէցի Գ։ Թագաւորը ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ ընկերակցութեամբ Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար, գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, որ սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումներու ընթացքին քննարկումի կեդրոնացան նիւթ եղած են Սուրբ Աթոռի եւ Լեզոթօ թագաւորութեան միջեւ գոյացած առկայ բարի յարաբերութիւնները, ու բարձր գնահատուած է տեղական եկեղեցւոյ նշանակալի ներդրումը։

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկուստեք հետաքրքրող նիւթեր, յատուկէն անդրադարձած կատարուած է Ուքրանիոյ եւ Սուրբ Երկրի մէջ պատերազմներուն ինչպէս նաեւ հարաւային Ափրիկէին մէջ քաղաքական, կլիմային եւ անվտանգութեան մասին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2023, 11:34