Ֆրանչիսկոս Պապին գրառումները անօթեւաններու եւ մահապատիժի վերացման նուիրուած միջազգային օրերուն առթիւ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 10 հոկտեմբերը կը նշուի անօթեւաններու եւ մահապատիժի վերացման նուիրուած միջազգային օրերը։
Անօթեւաններուն նուիրուած օրը առիթ է օգնութիւն տրամադրելու տունէ զուրկ եւ փողոցները ապրող անձերուն ու այս օրը բարեսիրական բազմաթիւ կազմակերպութիւններ միջոցառումներ կը նախաձեռնեն՝ օգնելու համար անօթեւաններուն ու տեղի կ՝ունենան նաեւ դրամահաւաքներ եւ հագուստներու բաշխում։
Անօթեւաններու եւ մահապատիժի վերացման նուիրուած օրերուն առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը «Էքս»-ի վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումները.
Անօթեւաններու եւ մահապատիժին վերացման նուիրուած օր
«Եկէ՛ք վերսկսինք աղքատներէն եւ պիտի բացայայտենք, որ բոլորս կը կիսենք ներքին աղքատութիւնը եւ մենք բոլորս կարիքը ունինք Աստուծոյ Հոգիին, ազատուելու համար աշխարհի հոգիէն ու խոնարհութիւնը քրիստոնեային մեծութիւնն է եւ եղբայրութիւնը անոր իսկական հարստութիւնը»։ #WorldHomelessDay
Մահապատիժի վերացման օր
«Մահապատիժի վերացման օրուան նուիրուած գրառումին մէջ Սրբազան Հայրը գրեց.
«Կեանքի իրաւունքը վտանգուած է այնտեղ ուր մահապատիժը կիրարկուած է։ Մահապատիժը կարելի չէ օգտագործուած ըլլայ պետական ենթադրեալ արդարադատութեան համար, որովհետեւ զսպող միջոց չէ եւ արդարադատութիւն չյառաջացներ զոհերուն ու վրէժխնդրութիւն կը խթանէ»։ #EndDeathPenalty
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ