Աղքատներու համաշխարհային Օր։ Աղքատութիւնը գայթակղութիւն է, երբ Տէրը վերադառնայ մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջէ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 20 նոյեմբեր 2023ին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ գլխաւորած Սուրբ Պատարագով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նշեց իր իսկ կողմէ 2016ին հաստատուած Աղքատներու համաշխարհային Եօթներորդ Օրը եւ արարողութեան ընթացքին, որուն մասնակցեցան բազմաթիւ հաւատացեալներ ու կարիքաւորներ, Նորին Սրբութիւնը քարոզը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական հատուածին վրայ, որ քաղուած էր Մատթէոսի աւետարանէն եւ ուր Յիսուս կը ներկայացնէ «Քանքարներու առակը» (Հմմտ. Մատթ. 25,14-30)։
Քանքարներու առակը
«Երեք մարդիկ իրենց ձեռքերուն մէջ կը գտնեն մեծ հարստութիւն մը, շնորհիւ իրենց տիրոջ առատաձեռնութեան, որ օտար աշխարհ պիտի երթար։ Այդ տէրը սակայն օր մը կը վերադառնայ եւ իր մօտ կը կանչէ այդ ծառաները, յոյսով` որ անոնց հետ ուրախանայ, այն ձեւին համար, որով անոնք այդ բարիքները եկամտաբեր դարձուցին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը քարոզին սկիզբը նշելով` որ «առակը մեզ կը հրաւիրէ կեդրոնանալու երկու ուղեւորութիւններու վրայ` Յիսուսին ճանապարհորդութիւնը ու մեր կեանքին ճանապարհորդութիւնը»։
Յիսուսին ճանապարհորդութիւնը
Յիսուս եւս, յարութենէն ետքը, յաղթելէ ետքը մահուան, «վերադարձաւ իր Հօրը մօտ մեզի թողելով իր բարիքները, իսկական դրամագլուխ մը. «ինքզինք թողելով Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, իր կեանքին Խօսքը, իր սուրբ Մայրը` որպէս մեր Մայրը, եւ բաժնեց Սուրբ Հոգիին շնորհքները, որպէսզի մենք կարողանանք շարունակել իր գործը աշխարհին մէջ։ Այս քանքարները բաժնուած են իւրաքանչիւրի կարողութիւններու համաձայն», կը նշէ Աւետարանը, դիտել տուաւ Քահանայապետը ակնարկելով Յիսուսին, որ ինքզինք նուաստացնելով մեզ բաժնեկից դարձուց Աստուծոյ բարիքներուն, առնելով ծառայի կերպարանքը, «դարձաւ աղքատ, որպէսզի մենք հարստանանք իր աստուածային կեանքով...»։
Պատմութեան հաշուեկշիռը
Առակը կը պատմէ սակայն թէ ծառաներուն տէրը վերադարձաւ եւ հաշիւ պահանջեց անոնցմէ (Մատթ. 25,19)։ Արդարեւ Յիսուսին դէպի Հայր կատարած ճանապարհորդութեան պիտի հետեւի այլ մէկ ճանապարհորդութիւն մը, որ պիտի կայանայ ժամանակներու լրումին, երբ Ան պիտի վերադառնայ իր փառքով եւ պիտի ուզենայ մեզի հանդիպիլ, պատմութեան հաշուեկշիռը կատարելու եւ մեզ առաջնորդելու յաւիտենական կեանքի փառքին մէջ։
«Առ այդ մենք մեզի հարց տալու ենք ` ի՞նչպէս պիտի գտնէ մեզ Տէրը իր վերադարձին։ Բաց ձեռքերով միւսներուն տալու համար այն ինչ որ ունինք թէ գոց ձեռքերով որպէսզի մեզի պահենք մեր ունեցածը» ըսաւ Սրբազան Պապը։
Առակը կ՛ըսէ թէ մեզմէ իւրաքանչիւրս քանքար մը ընդունած է իր կարողութիւններու եւ կարելիութիւններու համաձայն...եւ այդ բարիքներուն հետ միասին Ան մեզի պարգեւեց Սուրբ Հոգին, որուն շնորհիւ կարող ենք մեր կեանքը նուիրել Աւետարանի վկայութեան ու կառուցելու Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։
Մեր դրամագլուխը Տիրոջ սէրն է
«Մեր ձեռքերուն յանձնուած դրամագլուխը Տիրոջ սէրն է, մեր կեանքին հիմքը ու մեր ուղեւորութեան ուժը» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով մենք մեզի հարցադրելու` թէ «ի՞նչ ընելու ենք այսքան մեծ պարգեւով մը» եւ յղում կատարելով առակին նշեց, թէ ինչպէս առաջին երկու ծառաները քանքարը կրկնապատկեցին իսկ երրորդը, վախէ մղուած, զայն պահեց գետնի տակ։
«Մենք ալ կարող ենք կրկնապատկել այն ինչ, որ ստացանք մեր կեանքը դարձնելով ուրիշներուն սիրոյ պարգեւ մը եւ կամ կարող ենք վախէ մղուած գետնի տակ պահել գանձը, որ ընդունեցանք մտածելով միայն մենք մեզի, մեր հանգստութեան, առանց որեւէ յանձնառումի» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ այս «Աղքատներուն նուիրուած համաշխարհային օրուան առիթով քանքարներու առակը նախազգուշացում մըն է, որպէսզի ստուգենք թէ ի՞նչ հոգիով կը դիմագրաւենք մեր կեանքին ճանապարհորդութիւնը։
Կոչում պարգեւ դառնալու ուիրշներուն համար
Մենք ընդունեցանք Տիրոջ սիրոյ պարգեւը եւ կոչուած ենք մեր կարգին պարգեւ դառնալու ուրիշներուն համար։ Առակը մեզի կ՛ըսէ, որ եթէ չի բազմապատկենք սէրը մեր շուրջը, կեանքը կը մարի խաւարին մէջ, եթէ մենք շրջանառութեան մէջ չդնենք ընկալուած քանքարները, կեանքը կը թաղուի։
Մտաբերենք ուստի այս աշխարհին այն բազմաթիւ նիւթական, մշակութային ու հոգեւոր աղքատութիւնները, մտածենք մեր քաղաքներուն մէջ ապրող վիրաւոր գոյութիւններուն, անտեսանելի դարձած աղքատներուն, որոնց ցաւի ճիչը խեղդուած է` ի տես զբաղուած եւ ցրուած ընկերութեան ընդհանուր անտարբերութեան։ Մտածենք անոնց` որոնք ճնշուած են, յոգնած, լուսանցքային դարձած, պատերազմի զոհերուն եւ անոնց` որոնք իրենց կեանքը վտանգելով կը թողուն իրենց հայրենիքը, անոնց` որոնք առանց հացի, առանց աշխատանքի եւ առանց յոյսի են։ Եւ մտածելով այս անհամար աղքատներու բազմութեան Աւետարանին պատգամը յստակ կ՛երեւի. «Չի թաղենք Տիրոջ բարիքները։ Շրջանառութեան մէջ դնենք բարեգործութիւնը, կիսենք մեր հացը, կրկնապատկենք սէրը։ Աղքատութիւնը գայթակղութիւն է։ Աղքատութիւնը գայթակղութիւն է։ Երբ Տէրը վերադառնայ մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջէ եւ Սուրբ Ամպոճոյի համաձայն մեզի պիտի ըսէ. «ի՞նչու թոյլ տուիք, որ այսքան աղքատներ մեռնին....», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Աղօթենք որպէսզի սէրը պտղաբերուի
Ան ապա քարոզը աւարտեց հրաւիրելով աղօթել` «որպէսզի իւրաքանչիւրս, ըստ իր ստացած պարգեւին եւ իրեն վստահուած առաքելութեան, յանձնառու ըլլայ «ողորմութիւնը պտղաբերելու» եւ մօտիկ ըլլալու աղքատի մը»։
«Աղօթենք, որպէսզի մենք ալ, մեր ճանապարհորդութեան աւարտին, Քրիստոսը ընդունելէ ետքը այս մեր եղբայրներուն և քոյրերուն մէջ, որոնց հետ Ան նոյնացաւ (տես Մատթ. 25.40), լսենք` որ մեզի կ՛ըսուի. «Ապրի՛ս, բարի և հաւատարիմ ծառայ։ […] մասնակից եղիր քու տիրոջ ուրախութեան» (Մատթ 25։21)։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ