Աղօթենք, որպէսզի հաշմանդամութիւն ունեցող անձերը դառնան հասարակութեան ուշադրութեան կենտրոն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցը 28 նոյեմբերին հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին դեկտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան «Քահանայապետին տեսերիզը», որով Սրբազան Պապը կը հրաւիրէ քրիստոնեայ հասարակութիւնը այս ամիսը նուիրելու հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց համար աղօթքին, անոնց համար պահանջելով աւելի մեծ ուշադրութիւն եւ աջակցութիւն։
Տեսերիզին մէջ Սրբազան Պապը կ՛ըսէ.
«Մեր մէջ աւելիով դիւրաբեկներուն միջեւ կան հաշմանդամութիւն ունեցող անձեր։ Անոնցմէ ոմանք կը փորձարկեն մերժում մը, հիմնուած տգիտութեան վրայ կամ հիմնուած նախապաշարումներու վրայ, որ զանոնք կը փոխակերպէ ու կը դարձնէ անտեսուածներ։
Քաղաքացիական հաստատութիւնները պէտք են իրենց ծրագիրներուն աջակցիլ կրթութեան, աշխատանքի ու ստեղծագործութիւնը դրսեւորող ոլորտներու հասանելիութեան միջոցաւ։
Կարիքը կայ ծրագիրներու, նախաձեռնութիւններու, որոնք կը խթանեն ընդելուզումը։ Մասնաւորապէս կարիքը կայ լայն սրտերու, որոնք պատրաստակամ ըլլան ընկերանալու։
Խօսքը մեր մտածելակերպը քիչ մը փոխելու մասին է, որպէսզի բացուինք տարբեր կարողութիւններով այս մարդկանց ներդրումներու և տաղանդներու առջև, ըլլայ հասարակութեան, այնպէս ալ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։
Ուստի ամբողջութեամբ հասանելի ժողովրդապետութիւն մը ստեղծելը չի նշանակեր միայն ֆիզիկական արգելքները վերացնել, այլեւ հասկնալ, թէ պէտք է դադրինք խօսելու «անոնց» մասին ու սկսիլ խօսիլ «մեր» մասին։
Աղօթենք` որպէսզի հաշմանդամութիւն ունեցող անձինք ըլլան ընկերութեան կեդրոնը եւ իշխանութիւնները խթանեն «ներառումի ծրագիրներ, որոնք արժեւորեն» հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու գործունեայ մասնակցութիւնը»։
Այս աղօթքի մտադրութիւնը կը համընկնի այն ամսուայ հետ, որուն ընթացքին ՄԱԿ-ի սահմանումով կը յիշատակուի Հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց միջազգային օրը (դեկտեմբերի 3), նպատակ ունենալով խթանել անոնց իրաւունքները և բարեկեցութիւնը:
Ֆրանչիսկոս Պապը կը պնդէ «տարբեր կարողութիւններու» հայեցակարգը՝ ընդգծելու այն մեծ ներդրումը, որ կարող է գալ հասարակութեան ամենափխրուն անձերու լիարժէք ընդգրկումէն և արժեւորումէն եւ այս մէկը վկայուած է այն պատկերներով, որոնք կ՛ընկերանան Քահանայապետի խօսքերուն։ Իրարմէ տարբեր պատմութիւններ միացած հաշմանդամ անձանց տաղանդները բարձրացնելու ունակութեամբ` որոնց շարքին նշենք Հաշմանդամ մարզիկներ, Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան բարեկամներ, կոյր Յիսուսեան աստուածաբանը, «down» կրօնաւորուհին։
Քահանայապետին այս ամսուայ աղօթքի տեսերիզը կեանքի գովերգ է ու նաեւ կոչ` փոխելու ընկերութեան ու եկեղեցւոյ մտածելակերպը։
«Ամբողջութեամբ հասանելի ժողովրդապետութիւն մը ստեղծելը չի նշանակեր միայն ֆիզիկական արգելքներ վերացնել, այլեւ հասկնալ թէ պէտք է դադրինք խօսելու «անոնց» մասին ու սկսինք խօսիլ «մեր»ի մասին։ Կարիքը կայ մեծ ու լայն սրտերու, որոնք պատրաստակամ ըլլան ընկերանալու։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ