«Յոյսին մէջ ուրախ» (Հռով.12,12) Ֆրանչիսկոս Պապին Երիտասարդներու Համաշխահային 38րդ Օրուան պատգամը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Սիրելի երիտասարդներ, մի վախնաք բոլորի հետ կիսելէ Յարութիւն առած Քրիստոսի յոյսն ու ուրախութիւնը։ Պահպանեցէք այն կայծը, որ բռնկած է ձեր մէջ, բայց միևնոյն ժամանակ նուիրեցէք զայն. Պիտի անդրադառանք թէ ան պիտի աճի... Մօտ մնացէք յատկապէս ձեր այն ընկերներուն, որոնք կարող են յայտնուիլ որպէս ժպտադէմ, բայց ներքնապէս կու լան, յոյսէ աղքատացած: Թոյլ մի տաք վարակուիլ անտարբերութենէն և անհատականութենէն. մնացէք բաց, որպէս ուղիներ, որոնցով Յիսուսին Յոյսը կարող է հոսիլ և տարածուիլ այն միջավայրերուն մէջ, որտեղ դուք կ՛ապրիք»:
Խօսքերն են ասոնք, որ կը կարդանք 9 նոյեմբեր 2023 թուակիր, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամին մէջ նուիրուած յառաջիկայ 26 նոյեմբեր 2023ին նշուելիք Երիտասարդութեան 38րդ օրուան, որուն բնաբանը կը կրէ Սուրբ Պօղոսի Հռովմէացիներուն ուղղուած նամակէն քաղուած (Հռով.12,12) « Յոյսին մէջ ուրախ» վերտառութիւնը։
Սրբազան Պապը պատգամը կը սկսի յիշելով անցեալ օգոստոս ամսուայ ընթացքին Լիզպոնի մէջ տօնախմբուած ԵՀՕ, տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներու մասնակցութեամբ, որ «եղաւ լոյսի եւ ուրախութեան շառաչիւն մը» եւ որուն «եզրափակիչ պատարագի աւարտին յայտարարեցի միջցամաքային ուխտագնացութեան յաջորդ հանգրուանը` 2027 թուականին, Քորէա, Սէուլ» գրեց Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ թէ այդ թուականէն առաջ ինք երիտասարդներուն ժամադրութիւն տուաւ նաեւ Հռոմի մէջ` 2025ին, Երիտասարդներու Յոբելեանին առիթով ուր անոնք պիտի ըլլան «յոյսի ուխտաւորներ»
Միասին քալել յոյսի ճանապարհներով
«Արդարեւ դուք երիտասարդներդ ուրախ յոյսն էք` մշտապէս ուղեւորութեան մէջ մարդկութեան ու Եկեղեցւոյ մը» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասարդներուն առաջարկելով միասին քալելու յոյսի ճանապարհի վրայէն, առանց զանց ընելու մարդկութիւնը յուզող հարցերը։
«Այս երկու տարուայ ընթացքին ի պատրաստութիւն Յոբելեանին պիտի խորհրդածենք «Յոյսին մէջ ուրախ» Սուրբ Պօղոսի խօսքերու մասին ապա պիտի խորացնենք Եսայի Մարգարէին խօսքը. «Բոլոր Տիրոջ ապաւինողները կը քալեն առանց յոգնելու» (Եսայի 40,31)» գրեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ պատասխանելով նաեւ երկու հարցումներու.«Ո՞րտեղէն կու գայ ուրախութիւնը», ապա «Ո՞րտեղէն կու գայ յոյսը»։
Ո՞րտեղէն կու գայ ուրախութիւնն ու յոյսը
« Սուրբ Պօղոսին քարոզած ուրախութիւնը յոյսին մէջ` կը ժայթքի Քրիստոսի զատկական խորհուրդէն, անոր յարութեան ուժէն...ուրախութիւնն է, որ կու գայ Քրիստոսի հետ հանդիպումէն եւ այն գիտակցութենէն, թէ մենք սիրուած ենք Աստուծմէ» գրեց Քահանայապետը եւ ակնարկելով յոյսի ակնաղբիւրին անդրադարձաւ երիտասարդութեան երազներուն, բայց նաեւ այսօրուայ իրականութեան, ուր շատ անգամ այդ յոյսը կը պակսի, նաեւ երիտասարդներու միջեւ, որոնք կ՛ապրին տարբեր ձեւերու բռնութիւններ, պատերազմի փորձառութիւնը, վախեր եւ ընկճախտ...։
«Անոնք իրենք զիրենք կը զգան մութ բանտի մը մէջ բանտարկուած, անկարող տեսնելու արեւին ճառագայթները» գրեց Սրբազան Պապը մատնանշելով բազմաթիւ երիտասարդներուն որոնք անձնասպան կ՛ըլլան եւ հարց տալով` թէ ինչպէս կարելի այսպիսի իրականութեան մը մէջ` «ի տես մարդկութեան ապրած ողբերգութիւններուն, յատկապէս անմեղներու ապրած ցաւին», փորձարկել Սուրբ Պօղոսին խօսքերը։
Դառնալ Աստուծոյ սիրոյ արտայայտութիւն
«Մենք ստեղծուած Աստուծոյ նմանութեամբ ու պատկերին համաձայն` կարող ենք դառնալ Անոր սիրոյ արտայայտութիւնը որ կը ծնի ուրախութիւն եւ յոյս, նաեւ այնտեղ` ուր անկարելի կը թուան անոնք» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը օրինակներ թուարկելով այս առնչութեամբ, ինչպէս «Կեանքը գեղեցիկ է» ֆիլմը, կամ Սուրբ Մասսիմիլիանօ Քոլպէի ե սրբուհի Ճուզեփփինա Պախիթայի կեանքի վկայութիւնները։
Ասկէ մեկնելով Ան մէջբերեց Սուրբ Պօղոս Զ-ի խօսքերը. «Քրիստոնեան կամ քրիստոնեաներու խումբ մը [...] շատ պարզ և ինքնաբուխ ձևով հաւատք կը ճառագեն որոշ արժէքներու նկատմամբ, որոնք դուրս են ներկայի արժէքներէն, և յոյս` բանի մը հանդէպ, որ կարելի չէ տեսնել եւ ոչ ալ կը համարձակինք պատկերացնել» (Առաքելական Յորդոր` Evangelii nuntiandi, 21):
Յոյսը գիշերուան մէջ ճառագայթող լոյս
«Յոյսը, գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը, գիշերուան մէջ ճառագայթող լոյս է», ակնարկելով աւագ Շաբաթ Օրուան, որ յոյսի օրն է, որուն ընթացքին Եկեղեցին կը յիշատակէ Քրիստոսին դժոխք իջնելը, նկարագրուած իր բոցավառող լոյսով որ կ՛անցնի խաւարին ընդմէջէն։
«Աստուած չի բաւարարուիր մեզի նայելով կարեկցութեամբ այլ կը մտնէ մեր իսկ կեանքի դժոխքի փորձառութեան մէջ, որպէս լոյս մը, որ կը շողայ խաւարին մէջ ու կը յաղթէ մահուան» նշեց Քահանայապետը ու հաստատեց` թէ «քրիստոնէական յոյսը պարզ լաւատեսութիւն մը չէ, այլ վստահութիւն, որ արմատացած է սիրոյ ու հաւատքին մէջ, թէ Աստուած մեզ երբեք մինակ չի թողուր եւ հաւատարիմ է իր խոստումին»։
Հրահրել յոյսը
Նորին Սրբութիւնը հուսկ պատգամը կեդրոնացուց յոյսը հրահրելու ու այս յոյսին լոյսը չի մարելու հարցին վրայ, հակառակ մտահոգութիւններուն, վախերուն առօրեայի անցուդարձներուն, որոնք կարող են մթագնել զայն։
«Կայծը կարիքը ունի օդին, որպէսզի շարունակէ փայլիլ և վերակենդանանալ յոյսի մեծ կրակին մէջ» գրեց Նորին Սրբութիւնը, Սուրբ Հոգին ներկայացնելով որպէս քրիստոնեաներուս ու քրիստոնէական կեանքի կայծին օդը, ապա հաստատելով որ «յոյսը կը սնուցուի աղօթքով»։
Յոյսը կը նորոգուի աղօթքով
«Աղօթելով է, որ կը պահպանուի եւ կը նորոգուի յոյսը։ Աղօթելով մենք վառ կը պահենք յոյսին կայծը։ Աղօթքը յոյսին առաջին ուժն է» հաստատեց Քահանայապետը ու երիտասարդները հրաւիրեց, որ երբ վախի, կասկածի ու կեղեքման թանձր մշուշները շրջապատեն զիրենք, և այլևս չեն տեսներ արևը, «բռնել աղօթքի ճանապարհը։ Որովհետև ինչպէս գրած է երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԶ. «եթէ ինձ այլևս ոչ մէկը կը լսէ, Աստուած կը շարունակէ լսել ինձ»։
«Յոյսը ապա սնուած է մեր առօրեայի ընտրանքներէն։ Սուրբ Պօղոսին յոյսին մէջ ուրախ ըլլալու հրաւէրը կը պահանջէ կեանքի շօշափելի ընտրանքներ...ասոր համար կը խրախուսեմ ձեզ ընտրելու յոյսի վրայ հիմնուած կեանքի ոճ մը» գրեց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով երիտասարդները կիսելու ոչ թէ վատ լուրեր այլ յոյսի խօսքեր, դառնալով «յոյս սերմանողներ»։
Վառել յոյսի լապտերը
«Երբեմն երեկոյեան դուրս կ՛ելլէք ձեր ընկերներուն հետ և, եթէ մութ է, ձեր բջիջային հեռախօսին ջահը կը միացնէք, որպէսզի լոյս սփռէ։ Մեծ համերգներու ժամանակ եւս ձեզմէ հազարաւորներ այս ժամանակակից լոյսերը կը շարժէն երաժշտութեան ռիթմի համաձայն՝ ստեղծելով յուզիչ տեսարան մը: Գիշերը լոյսը մեզ կը ստիպէ նոր ձեւով տեսնել իրերը, և նոյնիսկ մթութեան մէջ գեղեցկութեան հարթութիւն մը կը յառաջանայ: Այսպէս է նաեւ, յոյսին լոյսը, որ է Քրիստոս: Անորմէ, անոր յարութենէն կը լուսաւորուի մեր կեանքը։ Անոր հետ մենք ամէն ինչ կը տեսնենք նոր լոյսի ներքոյ» գրեց Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով որ «Մարտահրաւէրները կան և միշտ ալ պիտի ըլլան, բայց եթէ մենք օժտուած ենք «հաւատքով լեցուն» յոյսով, զանոնք կը դիմագրաւենք իմանալով, որ անոնք չունին վերջին խօսքը, և մենք եւս կը դառնանք ուրիշներու յոյսի փոքրիկ ջահը»։
Չի փաչիլ աշխարհէն ու կիսել ընդունած շնորհքները
Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը երիտասարդներուն թելադրեց չփախչիլ աշխարհէն, այլ սիրել մեր ժամանակը, որուն մէջ Աստուած մեզ զետեղեց, ոչ թէ առանց պատճառի, այլ կիսելու համար Տիրոջմէ ընդունած շնորհքները։
«Քրիստոս կ՛ ապրի. Անիկայ մեր յոյսն է և այս աշխարհիս ամենագեղեցիկ երիտասարդութիւնը»։ (Առաքելական Յորդոր Christus vivit, 1)» գրեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը, պատգամին աւարտին ակնարկելով «Christus vivit» երիտասարդներուն նուիրուած յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրին ու հրաւիրելով երիտասարդները իրենց ձեռքը առնելու այդ փաստաթուղթը «ամփոփելու և յոյսով աշխատելու այդ անմոռանալի Սինոդի լիարժէք իրականացման համար»։
Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց հրաւիրելով բոլորը կեանքը յանձնելու Յոյսին Մօր` Մարիամին, որպէսզի մեզի սորվեցնէ մեր մէջ կրել Յիսուսը մեր յոյսն ու ուրախութիւնը ու զայն նուիրել միւսներուն։ Բարի երթ սիրելի երիտասարդներ. Ձեզ կ՛օրհնեմ ու ձեզի կ՛ընկերանամ աղօթքով։ Դուք ալ աղօթեցէք ինծի համար» եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամի վերջին խնդրանքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ