Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «CHARIS» ի անդամներուն` Խթանել խարիզմներու գործադրումը

«ՉՍՐԻՍ»ը, ըսաւ Սրբազան Պապը, կչուած է ըլլալու ձայն մը որ կ՛ընկերանայ եւ բոլոր հասարակութիւններուն ցոյց կու տայ ճանապարհը, որուն վրայ քալել հաղորդութեամբ»։ Ան ապա խնդրեց պայքարիլ խաղաղութեան համար ու նաեւ լռութեամբ աղօթել նոյն նպատակի դիտաւորութեան

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Շաբաթ 4 նոյեմբերի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ հանդիպեցաւ Սուրբ Աթոռի պատկան «Catholic Charismatic Renewal International Service»ի «ՉԱՐԻՍ» խարիզմաթիք ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած հանդիպումի մասնակիցներուն հետ, որոնք աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած են Հռոի եւ 2էն 4 նոյեմբերին իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխատաժողովի մը, որուն ընթացքին միասնաբար քննարկեցին Եկեղեցւոյ դիմաց կայացած տարբեր հարցերն ու մարտահրաւէրները։

Այս առիթով ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Քահանայապետը ակնարկեց ՉԱՐԻՍԻ հնգամեայ գործունէութեան ու այդ հինգ տարիներու աւարտին հաշուեկշիռ մը կատարելու անհրաժեշտութեան, հարցեր տալով եթէ ընկերակցութիւնը լաւապէս կատարած է իր առաքելութիւնը։

Ձայն` որ կ՛ ընկերանայ

«Չարիսը, ըսաւ Սրբազան Պապը, կչուած է ըլլալու ձայն մը, որ կ՛ընկերանայ եւ բոլոր հասարակութիւններուն ցոյց կու տայ ճանապարհը, որուն վրայ քալել հաղորդութեամբ»։

Ան ապա մատնանշեց Չարիսի «Նոր կեանքի ուսումնաժողովներ»ուն, որ ընկերակցութեան նպատակներէն մին է, զոր խրախուսած է նոյնինքն Սրբազան Պապը. որպէս «կենդանի Յիսուսին, Անոր Խօսքին ու Հոգիին հետ հանդիպում», Անոր Եկեղեցւոյ մէջ որ «հիւրընկալող, շնորհքի, հաշտութեան ու վերածնունդի վայր մըն է»։

Նոր կեանքի ուսումնաժողովներ

Այսօր ձեզի հարց կու տամ դուք «դուք կը կազմակերպէք այս նոր կեանքի ուսումնաժողովները եկեղեցական տարբեր ոլորտներուն մէջ» հարց տուաւ Սրբազան Պապը, քաջալերելով զանոնք այս գործը կատարելու ու անոր կից նաեւ կազմակերպելու շարունակական կազմաւորման հանդիպումներ` ոչ միայն եկեղեցական մեծ իրականութիւններուն մէջ, այլ նաեւ փոքր իրականութիւն կազմող եկեղեցիներուն մէջ, նոյնիսկ աղքատ շրջաններուն եւ արուարձաններուն մէջ։

Խթանել խարիզմներու գործադրումը

Սրբազան Պապը հուսկ մատնանշեց «ՉԱՐԻՍ»ի սահմանադրութեան երկու կարեւոր երեւոյթներուն` ««խթանել խարիզմներու գործադրումը ոչ միայն կաթողիկէ խարիզմադիք Նորոգումի մէջ, այլեւ ամբողջ եկեղեցւոյ մէջ», քաջալերելով այդ խարիզմները դնել համայն Եկեղեցւոյ ծառայութեան տակ։

Երկրորդը՝ «խրախուսել այն մարդկանց հոգևոր խորացումը և սրբութիւնը, որոնք կ՛ապրին Սուրբ Հոգիով մկրտութեան փորձառութիւնը» (Յօդուած 3 § գ):

«Սրբութեան ճանապարհը միշտ պէտք է առաջընթաց ունենայ՝ անձնական դարձի և Քրիստոսին և ուրիշներուն առատաձեռն ընծայման մէջ, և ոչ միայն անհատի «հոգևոր բարեկեցութեան» նկատառումով», ըսաւ Քահանայապետը, որ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, խրախուսելով զանոնք ըլլալու արթուն ու չիյնալու «ուժի և ազդեցութեան խաղերու մէջ»:

Կազմաւորումի կարեւորութիւնը

«Լաւ բան է, ըսաւ Ան, հնարաւորութիւն տալ նոր սերունդի պատասխանատուներուն եւ յանձնառու ըլլալ երիտասարդներու կազմաւորման գործին մէջ, որոնցմէ ի յայտ պիտի գան ապագայի առաջնորդները։

Աղօթք խաղաղութեան

Սրբազան Պապը խօսքը աւարտեց յիշելով 2019ի յունիսին, առաջին հանդիպումին առիթով խաղաղութեան համար կատարուած լռելեան աղօթքը, յիշելով Պաղեստինի ու Իսրայէլի այդ ժամանակուայ նախագահներուն միջեւ Վատիկանի մէջ կայացած հանդիպումը, ապա հաստատեց` որ «պատերազմը կը քանդէ նոյնիսկ դէպի խաղաղութիւն կատարուած քայլերու յիշողութիւնը։ Պայքարինք խաղաղութեան համար։ Թոյլ չտանք` որ մեզմէ խլեն այս յիշողութիւնը» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը ապա հրաւիրեց  լռութեամբ աղօթել աշխարհի խաղաղութեան համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2023, 16:58