Ալ կը բաւէ` զէնքերը խաղաղութիւն չեն բերեր։ Աղօթենք որպէսզի մարդկայնութիւնը գերակայէ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 12 Նոյեմբեր 2023-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին, ողջոյնի խօսք ուղղեց Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած եւ աղօթքի մասնակցող ուխտաւորներուն, որուն սկիզբը յիշեց Սուտանի քաղաքացիական պատերազմը, որ կը «շարունակուի մի քանի ամիսներէ ի վեր» եւ «յառաջացուց բազմաթիւ զոհեր, միլիոնաւոր ներքին տեղահաններ եւ սահմանակից Երկիրներու մէջ փախստականները ու մարդասիրական ծանր տագնապ մը» ըսաւ Սրբազան Պապը, իր մօտիկութիւնը արտայայտելով Սուտանի տառապող բնակչութեան ապա կոչ ուղղելով տեղական Պատասխանատուներուն` «որպէսզի թոյլ տան մարդասիրական օգնութիւններու հասանելիութիւնը եւ Միջազգային Հասարակութեան օժանդակութեամբ աշխատին ի նպաստ խաղաղ լուծումի մը։ Չի մոռնանք այս մեր եղբայրները, որոնք կը գտնուին փորձանքի մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Կը բաւէ։ Կը բաւէ։ Եղբայրներ կը Բաւէ
Անոր միտքը գնաց հուսկ Իսրայէլի ու Պաղեստինի մէջ տիրող մտահոգիչ կացութեան։ «Ես մօտիկ եմ բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին, պաղեստինցիներ ու իսրայէլացիներ։ Զանոնք կ՛ողջագուրեմ այս խաւար պահու ընթացքին եւ կ՛աղօթեմ անոնց համար» յարեց Սրբազան Պապը կոչ ուղղելով. «թող կանգ առնեն զէնքերը, անոնք երբեք խաղաղութիւն պիտի չի բերեն եւ հակամարտութիւնը թող չընդլայնուի։ Կը բաւէ։ Կը բաւէ։ Եղբայրներ կը Բաւէ» շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապը խնդրելով` որ «Կազայի մէջ անմիջապէս խնամուին վիրաւորները, պաշտպանուին անմեղ քաղաքացիները, աւելիով հասանելի ըլլան մարդասիրական օգնութիւնները` այդ հիւծուած բնակչութեան։ Թող ազատ արձակուին պատանդները, անոնց միջեւ կան բազմաթիւ տարեցներ եւ մանուկներ։ Իւրաքանչիւր մարդ արարած, ըլլայ ան քրիստոնեայ, հրեայ, իսլամ որեւէ ազգէ կամ կրօնէ, իւրաքանչիւր մարդ արարած սուրբ է, անիկայ թանկարժէք է Աստուծոյ աչքերուն եւ իրաւունք ունի ապրելու խաղաղութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, հրաւիրելով «չկորսնցնելու յոյսը» ապա «աղօթելու եւ անյապաղ աշխատելու` որպէսզի մարդկայնութեան իմաստը գերակայէ սրտերու կարծրութեան վրայ»։
«Laudato Si’» հարթակը
Սրբազան Պապը յիշեց նաեւ թէ երկու տարիներ առաջ սկիզբ կը տրուէր «Laudato Si’» գործողութիւններու հարթակին, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց` որոնք սատարեցին նախաձեռնութեան ու քաջալերելով բոլորը շարունակելու բնապահպանական դարձի ուղեւորութիւնը։
«Այս առնչութեամբ աղօթենք Տուպայի մէջ կայանալիք եւ արդեն մօտիկ կլիմայական փոփոխութիւններուն նուիրուած , COP28 համագումարին» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը ու յիշեց նաեւ Իտալիոյ Եկեղեցիէն ներս այսօր յիշատակող «Գոհաբանութեան օրը»։
Ան ապա ողջունեց իտալիայէն եւ այլ քաղաքներէն ժամանած ու հրապարակի վրայ գտնուող ուխտաւորներու զանազան խումբերը, որոնց շարքին էին նաեւ Ուքրանացի հաւատացեալներ։ «Ձեր հետ կ՛աղօթեմ ձեր մարտիրոս Երկիրն համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց «չմոռնալ Ուքրանիան» ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի ու հրաժեշտ առաւ խնդրելով, որ չի մոռնան նաեւ աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ