«Պատերազմով ոչ մէկ բան կը լուծուի, իսկ խաղաղութեամբ, երկխօսութեամբ` ամէն բան կը շահինք». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապին համար` Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մէջ բռնկած պատերազմը ընդհանուր «մագլցումի հնարաւորութիւն» է բայց Ան կը յուսայ որ այս մէկը տեղի չունենայ վստահելով «մարդկային իմաստութեան»։ Սրբազան Քահանայապետը այս գաղափարները արտայայտած է Իտալական «RAI» հեռուստակայանի Tg1-ի տնօրէն Ճան Մարքօ Քիոչիի հետ ունեցած երկար հարցազրոյցի ընթացքին որ հեռարձակուեցաւ չորեքշաբթի մէկ նոյեմբերի երեկոյեան։
Նիւթերու շարքին էին բացի Միջին Արեւելքի պատերազմէն նաեւ Ուքրանիոյ եւ աշխարհի այլ վայրերու մէջ տեղի ունեցող հակամարտութիւնները ու պատերազմի նկատմամբ «ընտելութիւնը», ապա գաղթականներու ողբերգութիւնը, Եկեղեցւոյ մէջ միներու դերակատարութիւնը, վերջերս կայացած Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը եւ կուսակրօնութիւնը, Եկեղեցւոյ ներքոյ ու անկէ դուրս չարաշահումները, Եկեղեցւոյ ու Քահանայապետութեան դիմաց կայացած մարտահրաւէրները, Տուպայի « COP 28»-ն, ապա հաւատքը եւ ի վերջոյ Քահանայապետին ոտնագունդի խաղացողներուն նկատմամբ գնահատանքը։
Իսրայէլ եւ Կազա
Խօսելով Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի մասին Սրբազան Պապը անգամ մը եւս հաստատեց որ «Պատերազմը պարտութիւն է» ու թէ «պատերազմով ոչ մէկ բան կը լուծուի։ Ոչ մէկ բան։ Իսկ խաղաղութեամբ, երկխօսութեամբ ամէն բան կը շահինք»...«պատերազմի ընթացքին ամէն մէկ ապտակ ուրիշ մը կը հրահրէ» ... Այդ երկու ժողովուրդները պէտք է ապրին միասին` Օսլոյի համաձայնութեան հիման վրայ, երկու ժողովուրդ երկու պետութիւն եւ Երուսաղէմը յատուկ կարգավիճակով»։
Քահանայապետը ապա նշեց, թէ աշխարհը կ՛ապրի «խաւար» պահ մը պատերազմներու շարունակութիւնը վերագրելով զէնքի արդիւնաբերութեան ու զէնքի գործարաններուն ի սպաս կատարուած ներդրումներուն որոնք մեծ շահոյթներ կ՛ապահովեն։
Նորին Սրբութիւնը նշեց նաեւ, թէ ինք յարատեւ հեռաձայնային կապի մէջ է Կազայի մէջ բնակող կրօնաւորներուն հետ որոնք իրեն կը տեղեկացնեն իրավիճակի մասին եւ այդ տեղեկութիւններու հիման վրայ Քահանայապետը նշեց թէ մէկ ժողովրդապետութեան մը մէջ ապաստան գտած են 563 անձեր, որոնց շարքին կան նաեւ մահմետականներ»։
Պէտք չէ ընտելանալ պատերազմին
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ շեշտեց թէ այսօր վտանգը կայ որ մենք «ընտելանանք պատերազմին» բայց այս մէկը պէտք չէ պատահի, ըսաւ Ան յոյսը դնելով մարդկային իմաստութեան վրայ որպէսզի կասեցուի Միջին Արեւելիք պատերազմը ու պատճառ չի դառնայ հակամարտութեան ընդլայնումին որ աւարտը կրնայ ըլլալ շատ մը բաներուն ու բազմաթիւ մարդկային կեանքերու։
«Աշխարհը պատերազմի մէջ է ու անոր ետին կայ սպառազինութեան գործարանները», ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը դատապարտելով նաեւ «հակասեմական» երեւոյթը։
Ուքրանիոյ պատերազմի մասին արտայայտուելով Նորին Սրբութիւնը շեշտեց խաղաղութեան հասնելու հարկաւորութիւնը։
Գաղթականներու ողբերգութիւնը
Ան ապա խօսեցաւ գաղթականութեան ողբերգութեան մասին մեկնելով իր անձնական փորձառութենէն։ Իմ հայրս, ըսաւ Ան, գաղթական էր ու Արժանթինը գաղթականներու երկիր է, ապա մատնանշեց բազմաթիւ գաղթականներու ապրած ցաւերուն, խոշտանգումներուն, անգամ մը եւս կրկնելով, որ Եւրոպան պէտք է զօրակից ըլլայ ու կարելի չէ գաղթականներու հարցին ծանրութիւնը լքել մի քանի երկիրներու վրայ։ Ան նորոգեց գաղթականներուն ի նպաստ քաղաքականութեան քայլերու հիմքերը` ընկալել, ընկերանալ, խթանել ու ընդելուզել։ Գաղթականութեան համար քաղաքականութիւնը պէտք է ըլլայ կառուցողական ըլլայ երկրի բարիքին ըլլայ գաղթականներու բարիքին համար» յարեց Սրբազան Պապը։
Կիները եւ Եկեղեցին
Նիւթերու շարքին էր ինչպէս նշեցին նաեւ կիներուն դերակատարութիւնը ու անոնք ներկայութիւն Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս որոնց մասին արտայայտուելով Ֆրանչիսկոս Պապը նշեց թէ ինչպէս Վատիկանի շատ մը գերատեսչութիւններուն մէջ այսօր կիները ունին կարեւոր պաշտօններ ու դերեր, սկսեալ Վատիկան Պետութեան կառավարութեան փոխ կառավարիչէն, որ «մայրապետ մըն է եւ որուն յանձնուած է կառավարելու գործնական պաշտօնը»։
Խօսելով ապա կիները ձեռնադրելու հարցի մասին, Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ անիկայ «աստուածաբանական հարց է»։
Սիւնհոդոսը եւ կուսակրօնութիւնը
Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադարձաւ նաեւ սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսին զայն որակելով «դրական», ապա պատասխանելով քահանաներու կուսակրօնութեան օրէնքին հայող հարցումին, ըսաւ` որ «այս օրէնքը դրական է, թէեւ արգելք չկայ վերացնելու զայն», բայց, աւելցուց Սրբազան Պապը, «անոր վերացումը պիտի չ՛օգնէ։ Քահանան պէտք է ըլլայ հայր, պէտք է մաս կազմէ հասարակութեան»։
Միսեռականները ու չարաշահումները
Նիւթերէն մին կը վերաբերէր միասեռականներուն ու անոնց եկեղեցւոյ մէջ ընկալումին։ Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ` որ «Եկեղեցին կ՛ընկալէ բոլորը, ան չի հարցնէր, թէ դուն ով եւ ինչպէս ես։ Եկեղեցին կ՛ընդունի բոլորը։ Այլ բան են կազմակերպութիւնները։ Եկեղեցին կ՛ընդունի բոլոր անոնք` որոնք կարող են մկրտուիլ իսկ կազմակերպութիւնները կարելի չէ մկրտել, մարդիկը այո»։
Սրբազան Պապը խօսեցաւ ապա Պենետիկտոս ԺԶ կողմէ սկսած եկեղեցւոյ մէջ չարաշահումներու ու մանկապղծութիւններու դէմ պայքարի մասին, յայտնելով` «բաւական մաքրութիւն կատարուեցաւ»։
«Չարաշահումը ըլլայ խղճի, ըլլայ սեռային, եւ ըլլայ այլ որեւէ մէկ չարաշահում պէտք չէ հանդուրժել։ Անիկա հակառակ է Աւետարանին, Աւետարանը ծառայութիւն է, ոչ թէ չարաշահում» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը նշելով նաեւ, որ «թէեւ շատ աշխատանք տարուեցաւ այդ ուղղութեամբ բայց տակաւին շատ բան կայ ընելիք»։
Հետեւողականութիւնը
Այն հարցումին թէ ինչ բան իրեն վախ կը պատճառէ Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց թէ «Սուրբ Երկրի մէջ պատերազմը վախ կը պատճառէ»։ Ապա այն քննադատութեան, որ շատեր զինք ձախակողմեան կը նկատեն, Ֆրանչիսկոս Պապը պատասխանեց թէ ինք չի սիրեր այդ վերագրումները ու թէ իրեն համար իսկական որակումներն են՝ «հետևողական է կամ հետևողական չէ։ Այն բաները զոր կ՛առաջարկէ հետեւողական են արմատներուն հետ թէ արտառոց»։
Տուպայի «COP 28»ն
Անակնկալ կերպով ապա Ֆրանչիսկոս Պապը յայտարարեց թէ ինք մէկէն երեք դեկտեմբերին պիտի մեկնի Տուպայ բնապահպանութեան նուիրուած «COP 28» ին առիթով։
«Մենք տակաւին կարող են կանգնեցնել կործանումը։ Հարցականի տակ է մեր ապագան։ Մեր զաւակներուն ու թոռնիկներու ապագան։ Հարկաւոր է պատասխանատուութիւն։ Մենք չարաչար օգտագործեցինք ծովը ու վատ կերպով վարուեցանք արարչութեան պահպանութեան ուղղութեամբ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Ան ապա խօսեցաւ ծովու հանդէպ իր սիրոյ մասին, քահանայական կոչումէն առաջ երիտասարդութեան շրջանի ժամանակ իր նշանածի մասին, որուն հանդիպած է երբ Պուէնըս Այրէսի Արքեպիսկոպոս էր։
հաւատքը
Ֆրանչիսկոս Պապը նշեց նաեւ, թէ ինք հաւատքը չէ կորսնցուց երբեք բայց եղած են պահեր ուր ինք այդ հաւատքը չէ զգացած ու քալած է խաւարին մէջ հարց տալով «ու՞ր ես Տէր»։ Իսկ իր առողջութեան մասին արտայայտուելով Քահանայապետը ակնարկեց անցեալներուն ունեցած առողջական հարցերուն ապա հաստատեց թէ այժմ առողջ վիճակի մէջ է։
Ոտնագունդը
Լրագրողը գիտակցելով` որ Ֆրանչիսկոս Պապը ոտնագունդի համակիր է, անոր հարց կու տայ Մարատոնայի եւ Մեսսիի միջեւ ո՞րն է իրեն համար ընտրեալը։ Ֆրանչիսկոս Պապը կը պատասխանէ թէ այդ երկուքէն անդին կայ երրորդ մը Փելէն։ Մարատոնան որպէս խաղացող մեծ էր, բայց որպէս մարդ ձախողեցաւ։ Մեսսին ազնիւ է` վեհանձն մարդ է։ Բայց ինծի համար ամենամեծը այս երեքէն Փելէն է։ Մարդ` որ ունի մեծ սիրտ, եւ որուն հանդիպած եմ ճամբորդութեան մը ընթացքին» ըսաւ Քահանայապետը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ