FILE PHOTO: 'Cop28 UAE' logo is displayed on the screen during the opening ceremony of Abu Dhabi Sustainability Week (ADSW) under the theme of 'United on Climate Action Toward COP28', in Abu Dhabi

Ֆրանչիսկոս Պապ կը մասնակցի Տուպայի COP28-ին, վերանորոգելու կլիմայի նկատմամբ հրատապ գործողութիւններու ճիչը

Այս պիտի ըլլայ Քահանայապետի մը առաջին մասնակցութիւնը այսպիսի վեհաժողովի մը, մինչ Ֆրանչիսկոս Պապին համար այս պիտի ըլլայ երկրորդ այցը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, 2019ի փետրուարին Ապու Տապի կատարած ճամբորդութիւնը, որուն ընթացքին ստորագրեց Մարդկային Եղբայրութեան Փաստաթուղթը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Առաջին անգամն ըլլալով Քահանայապետը պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի կողմէ կազմակերպուած ու կլիմայական փոփոխութիւններուն ու անոնց հրատապ մարտահրաւէրներուն նուիրուած Cop28 վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Տուպայ քաղաքին մէջ` 30 նոյեմբերէն մինչեւ 12 դեկտեմբեր։ Քահանայապետը Տուպայ պիտի մեկնի մէկէն երեք դեկտեմբերին ընդառաջելով Արաբական Էմիրութիւններու նախագահ` Շէյխ Մոհամմատ պին Զայըտ Ալ Նահեանի հրաւէրին։

Այս պիտի ըլլայ Քահանայապետի մը առաջին մասնակցութիւնը այսպիսի վեհաժողովի մը, մինչ Ֆրանչիսկոս Պապին համար այս պիտի ըլլայ երկրորդ այցը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, 2019ի փետրուարին Ապու Տապի կատարած ճամբորդութենէն ետքը, որուն ընթացքին ստորագրեց Մարդկային Եղբայրութեան Փաստաթուղթը։

Ֆրանչիսկոս Պապին «ճիչը» զոր ան յղեց «Գովեալ ըլլաս» յորդորագիրով  ու ապա նորոգեց «Laudate Deum» շրջաբերական նամակով դարձեալ պիտի հնչէ, որպէս կոչ  ուղղուած աշխարհին, որպէսզի աւելի մեծ յանձնառումով պատասխան տրուի կլիմայական ճգնաժամին։

Յառաջիկայ դեկտեմբերին Քահանայապետին կատարած ճամբորդութիւնը պիտի հանդիսանայ Քահանայապետութեան 45րդ եւ 2023ի վեցերորդը։

Տուպայի ճամբորդութեան լուրը տուած էր նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը անցեալ մէկ նոյեմբերին Իտալիոյ «RAI» հեռուստակայանի «Tg1» ծրագրին տուած հարցազրոյցի ժամանակ։

Իսկ անցեալ 4 հոկտեմբերին, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի տօնին օրը հրատարակուած «Laudate Deum» շրջաբերականի մէջ Քահանայապետը ամբողջ մէկ գլուխ մը նուիրած էր Տուպայի այս վեհաժողովին ու անոր հայող սպասումներուն։

«Այս վեհաժողովը կարող է շրջադարձային ըլլալ՝ ապացուցելով, որ ամէն այն բաները որ կատարուեցան 1992 թուականէն ի վեր, եղած են լուրջ և տեղին, հակառակ պարագային այս պիտի ըլլալ մեծ հիասթափութիւն և վտանգի տակ պիտի դնէ մինչ այժմ ձեռք բերուած ողջ լաւ բաները» կը կարդանք վերոնշեալ շրջաբերական նամակին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2023, 12:10