Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ աշխարհի մանուկներուն հետ ու պատասխանեց անոնց հարցումներուն. Մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք եւ ոչ պատերազմ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի` 6 նոյեմբերի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած գրեթէ 7,500 մանուկներուն հետ, որոնց շարքին էին նաեւ հինգ հայ մանուկներ` Մարիա Համբարձումեան, Վիվիէն Առաքելեան, Ալեքսանտր Պօղոսեան, Անճելիքա եւ Եւա Յակոբեան։
«Մանուկները կը հանդիպին Պապին սորվինք աշխարհի մանուկներէն» բնաբանով այս հաւաքը կազմակերպուած էր հովանաւորութեամբ Մշակոյթի ու Կրթութեան Վերատեսչութեան ու համագործակցութեամբ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան եւ Աուքզիլիում հաստատութեան, դպրոցական կառոյցներու, Իտալիոյ շոգեկառքի ընկերութեան, Ֆրանչիսկեան միաբանութեան ու այլ հաստատութիւններու։
Քահանայապետի սրահ ժամանումէն առաջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին մանուկներու զանազան խումբեր ներկայացուցին երգեր ու վկայութիւններ ապա Սրբազան Պապը մուտք գործեց սրահ ու մանուկները զինք ընդունեցան ծափողջոյնով։
«Շնորհակալութիւն բոլորիդ, որ այստեղ եկած էք, ձեզի ընկերակցողներուն ու այս հանդիպումը կազմակերպիչներուն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը այս առթիւ ներկաներուն ուղղած ճառին սկիզբը ապա ակնարկելով հանդիպումի բնաբանին «սորվինք մանուկներէն» նշեց` թէեւ ոմանք կարող են մտածել, որ այս բնաբանը տարօրինակ է, որովհետեւ մանուկներն են` որոնք պէտք է սորվին, բայց եւ այնպէս «մենք կարիքը ունինք ձեզմէ սորվելու» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, «մանուկներդ ինծի կը յիշեցնէք թէ որքան գեղեցիկ է կեանքը իր պարզութեան մէջ եւ որքան գեղեցիկ է իրար հետ ըլլալը»։
«Ասոնք Աստուծոյ կողմէ երկու մեծ պարգեւներ են` ապրիլ եւ կարենալ իրար հետ ապրիլ» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով, որ «մենք աշխարհին կ՛ուզենք ըսել, որ կեանքը գեղեցիկ պարգեւ է ու մենք իրարու եղբայրներ ենք»։
«Արդարեւ դուք եկած էք համայն աշխարհէն, որպէս բազմաթիւ եղբայրներ, որոնք կը հանդիպին մեծ տան մը մէջ` անիկայ այն մեծ տունն է զոր Յիսուս մեզի նուիրեց. Եկեղեցին» յարեց Սրբազան Պապը աւելցնելով, թէ ինք կը փափաքէր մէկիկ մէկիկ ողջունել ներկայ մանուկները «բայց բազմաթիւ էք», ըսաւ Ան եւ ասոր համար ձեր միջոցաւ կ՛ուզեմ աշխարհի բոլոր մանուկները ողջունել, եւ ըսել դուք սքանչելիք մըն էք»։
Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հուսկ մտածել այն մանուկներուն մասին, որոնք կը տառապին պատերազմի, անօթութեան ու հիւանդութիւններու պատճառաւ, բնական աղէտներու եւ աղքատութեան պատճառաւ։
«Սիրելի մանուկներ ձեր ներկայութիւնը այստեղ նշան է, որ կը հասնի ուղղակի մեր մեծահասակներու սրտին ու մենք պէտք է անսանք ձեր պատգամին», ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց մանուկները իրեն ուղղելու պատրաստուած հարցումները, հրաւիրելով նաեւ աղօթելու Տիրամօր, որպէսզի օգնէ զանոնք ու խնդրեց նաեւ` որ աղօթեն իրեն համար։
Մանուկներու կողմէ Քահանայապետին ուղղուած հարցումները բազմաթիւ ու բազմազան էին, որոնցմէ առաջինը Պրազիլէն ժամանած Իզիտորային հարցումն էր` «Մենք մանուկներս կարո՞ղ ենք աշխարհը փրկել»։ Սրբազան Պապը պատասխանեց «այո», մենք պէտք է պաշտպանենք Երկիրը, եթէ կործանենք զայն, մենք մեզ կործանած կ՛ըլլանք» ու հրաւիրեց բոլոր մանուկներ միասնաբար կրկնելու «Երկիրը կործանելը կը նշանակէ կործանել մենք մեզ» նախադասութիւնը։
Երկրորդ հարցումը ուղղեց Պաղեստինցի 12 ամեայ Ռանիան. «Սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապ եթէ համաշխարհային երրորդ պատերազմը սկսի խաղաղութիւնը կարելի պիտի չ՛ըլլա՞յ»։ Սրբազան Պապը պատասխանեց. «Պատերազմը արդեն սկսած է, պատերազմը բռնկած է համայն աշխարհին մէջ...կան թաքուն պատերազմներ..։ Մենք պէտք է աշխատինք խաղաղութեան համար։ Իմ հետս կրկնեցէք. «մենք պէտք է աշխատինք խաղաղութեան համար» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը եւ այսպէս իւրաքանչիւր հարցումին ան ներգրաւեց նաեւ մանուկները։
Ուքրանացի ինը տարեկան Իվանին հարցումը եղաւ «Կարո՞ղ ես մեզի բացատրել ինչպէս կարելի է խաղաղութիւնը»։ Սրբազան Պապը նշեց, թէ այս հարցումը դժուար է ու թէ աւելի դիւրին է հասկնալ թէ ինչպէս կը կատարուի պատերազմը։
Քահանայապետը հուսկ հրաւիրեց մանուկները խորհրդածելու այս հարցի մասին ապա նշեց, թէ ձեւ մը չկայ խաղաղութիւն ընելու այլ կայ արարք մը, խաղաղութիւնը կը կատարուի ձեռք երկարելով, բարեկամութեան ձեռքը. Խաղաղութիւնը կը կատարուի սրտով։ Իմ հետ կրկնեցէք խաղաղութիւնը կը կատարուի սրտով ու երկարած ձեռքով» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը։
Ան ապա շարունակելով հարցումներուն պատասխանել հաստատեց թէ մանուկներուն ձայնը անհրաժեշտ է, ու թէ մեծահասակները պէտք է ունկնդրեն այդ ձայնը, որովհետեւ դուք խաղաղութեան պատգամաւորներ էք։
Կարգը եկաւ ապա Անդրանիկին` Սուրիայէն, որ հարց տուաւ ինչու պատերազմներու ժամանակ կը սպանեն մանուկները եւ ոչ մէկը զանոնք կը պաշտպանէ։ Սրբազան Պապին դէմքը լրջացաւ ու պատասխանեց «մանուկները անմեղ են, եւ այս մէկը ցոյց կու տայ պատերազմին դաժանութիւնը։ Պահ մը լռութիւն պահենք ի յիշատակ պատերազմներու ընթացքին սպաննուած մանուկներուն։ Պատերազմը մշտապէս դաժան է եւ անոր գինը կը վճարեն մանուկները, անմեղները։ Աղօթենք միասին մանուկներուն համար» ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը եւ մանուկներուն հետ միասին աղօթեց տէրունական աղօթքը։
«Ո՞վ են քու բարեկամներդ» եղաւ հուսկ Փերուէն ժամանած մանուկի մը հարցումը ու Սրբազան Պապը պարզութեամբ պատասխանեց, թէ ինչքունի բազմաթիւ բարեկամներ ապա նշեց, թէ այն անձը որ բարեկամ չունի տխուր անձ է։
Մանուկները հուսկ Քահանայապետին հարցեր ուղղեցին եթէ ինք կը զայրանայ ու թէ ինչպէս կը հանդարտի ապա թէ ինչու նոյնիսկ եթէ աշուն է այժմ կլիման տակաւին տաք է, հուսկ եթէ Ինք մտահոգ է բնապահպանութեան հարցով։
«Ես անշուշտ մտահոգ եմ։ Մենք պէտք է պաշտպանենք արարչագործութիւնը։ Պէտք է սորվինք այս մէկը ընել։ Բոլորս պէտք մտահոգուինք բնապահպանութեամբ ու պէտք է, որ իւրաքանչիւրը իր սատարը բերէ, օրինակ փլասթիքէ շիշերը ծով չնետելով։ Պէտք է պաշտպանենք բնութիւնը կրկնեց» Քահանայապետը, ապա պատասխանելով այլ հարցումի մը յորդորեց չի մսխել բարիքները ու մասնաւորէս ուտելիքը։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ նշեց, թէ խօսեցան բազմաթիւ նիւթերու մասին, բայց մանուկներու սրտին դպչող գեղեցիկ բանը` խաղաղութիւնն է, «որովհետեւ դուք պատերազմ չէք ուզեր, դուք կ՛ուզէք որ աշխարհի մէջ խաղաղութիւն ըլլայ. Այժմ բոլորս միասին խաղաղութեան նշան մը ընենք, մէկը միւսին ձեռք տանք։ Իրարու ձեռք ի նշան խաղաղութեան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա հրաւիրեց լռութիւն պահել ու աղօթել Տիրամօր հուսկ բոլորին շնորհեց իր օրհնութիւնները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ