Քահանայապետը թեթեւ հարբուխի պատճառաւ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը պիտի արտասանէ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատուրէն
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տւար Մաթթէօ Պրունի այսօր` Կիրակի 26 նոյեմբեր 2023ի առաւօտեան «telegram» ընկերային ցանցին միջոցաւ հաղորդեց որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը պիտի գլխաւորէ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատուռէն նշելով նաեւ թէ աղօթքը պիտի սփռուի ուղիղ եթերով ըլլայ Հեռուստակայանի ալիքներու միջոցաւ ըլլայ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ զետեղուած պաստառներով ինչպէս նաեւ Վատիկան Մետիա եւ Վատիկան Նիուզի ցանցային հարթակներու միջոցաւ։
Նախօրօք Պրունին տեղեկացուցած էր` թէ «թեթեւ հարբուխի պատճառաւ» «Սրբազան Քահանայապետին շաբաթ օրուայ պաշտօնական հանդիպումները չեղեալ նկատուած էին» եւ աւելի ուշ հրատարակած մէկ հաղորդագրութեամբ Ան տեղեկացուցած էր նաեւ` թէ Սրբազան Պապը յետմիջօրէի առաջին ժամերուն փոխադրուեցաւ Ճեմելլի Իզոլա հիւանդանոց, ուր ենթարկուեցաւ «TAC» ի որ «տուաւ բացասական արդիւնք» եւ Քահանայապետը վերադարձաւ Սանթա Մարթա։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ