Աստուածաբանութիւնը թող կարող դառնայ այսօրուայ աշխարհին մէջ մեկնաբանելու Աւետարանը. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան, Թիցիանա Քամփիզի - Վատիկան
«Սիւնհոդոսական, միսիոներական և «դէպի դրուս» Եկեղեցւոյ մը կարող է համապատասխանել միայն «դէպի դուրս» աստուածաբանութիւն մը», որը կարող ըլլայ «մարգարէաբար մեկնաբանել ներկան»՝ տեսնելով «ապագայի համար նոր ուղիներ, Յայտնութեան լոյսին ներքոյ»: Այս հեռանկարով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը մէկ նոյեմբեր 2023ին հրատարակած «Ad theologiam promovendam» Ինքնագիր նամակով ուզեց թարմացնել Աստուածաբանութեան Քահանայապետական ակադեմիայի կանոնադրութիւնը։
Ակադեմիան պաշտօնապէս ստեղծուած էր` 23 ապրիլ 1718ին Կղէմէս ԺԱ Քահանայապետի օրով նպատակ ունենալով աստուածաբանութիւնը դնել Եկեղեցւոյ ու աշխարհի ծառայութեան տակ։ Անիկա տարիներու ընթացքին զարգացաւ ու դարձաւ «գիտնականների խումբ մը, որը կոչուած է հետաքննել և խորանալ յատուկ կարևորութիւն ունեցող աստուածաբանական թեմաներու մէջ»։ Եւ այժմ Ֆրանչիսկոս Պապին համար ժամանակը հասած է վերատեսելու անոր գործունէութիւնը կարգաւորող կանոնները որպէսզի անոնք աւելի պատշաճ դառնան այն առաքելութեան որ ներկայ ժամանակները կը պահանջեն աստուածաբանութենէն»։
Արդարեւ աստուածաբանական խորհրդածութիւնը պէտք է բացուի աշխարհի ու մարդուն, անոնց բոլոր հարցերով, վէրքերով, մարտահրաւէրներով ու ներուժով ու տեղ տայ նոր մտածողութեան, «մշակութային խիզախ յեղափոխութեան» որ կարող ըլլայ կարդալ ու Աւետարանը մեկնաբանել այն պայմաններուն մէջ ուր կ՛ապրին այսօրուան մարդիկն ու կիները` աշխարհագրական, ընկերային և մշակութային տարբեր միջավայրերուն մէջ»։
Աստուածաբանութիւնը պէտք է «զարգանայ երկխօսութեան ու հանդիպումի մշակոյթի մը մէջ , տարբեր աւանդութիւններու ու տարբեր գիտութիւններու, տարբեր քրիստոնեայ դաւանանքներու ու տարբեր կրօններու հետ» կը գրէ Սրբազան Պապը աւելցնելով նաեւ թէ ան պէտք է բաց կերպով առերեսուի «բոլորի հետ՝ հաւատացեալներու ու անհաւատներու հետ», նպատակ ունենալով միշտ հաղորդել հաւատքի ճշմարտութիւնը ու փոխանցել Յիսուսին ուսուցումները, այսօրուայ լեզուներով, ինքնատիպութեամբ և քննադատականգիտակցութեամբ»։ ։
Սրբազան Պապին պահանջած է ժողովրդական աստուածաբանութիւն մըն է, որ «ողորմածութեամբ ուղղուած է մարդկութեան բաց վէրքերուն ու արարչագործութեան» որուն կը մարգարէանայ վերջնական կատարման յոյսը»։
Գործնականին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին համար աստուածաբանութիւնը պէտք է ունենայ «հովուական դրոշմ», ուստի աստուածաբանական խորհրդածութիւնը պէտք է մեկնի «տարբեր ու շօշափելի իրավիճակներէն, որոնց մէջ ներառուած են մարդիկ»՝ ինքզինք դնելով «աւետարանութեան ծառայութեան» տակ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ