2023.11.26 Angelus

Քահանայապետին առողջութիւնը բարելաւման մէջ է

Վատիկանի մամուլի գրասենեակի տնօրէն Մաթթէօ Պրունին յայտնած է, որ անցեալ շաբաթ օրուայ «TAC»ը, այսինքն ` «Համակարգչային շերտագրութեան» քննութիւնը բացառած է թոքախտը, սակայն կայ թոքերու բորբոքում, որ յառաջացուցած է «որոշ շնչառական դժուարութիւններ»։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ 

«Ֆրանչիսկոս Պապին վիճակը լաւ եւ անփոփոխ է, ջերմութիւն չուի, իսկ շնչառական վիճակը ակնյայտօրէն բարելաւման մէջ է»։ Վատիկանի մամուլի գրասենեակի տնօրէն Մաթթէօ Պրունին, պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն, թարմացնելով Ֆրանչիսկոս Պապի առողջական վիճակի մասին տեղեկութիւնները։

Ան հաստատած է թէ «անցեալ շաբաթ օրուայ «TAC»ը այսինքն ` «Համակարգչային շերտագրութեան» քննութիւնը բացառած է թոքախտը, սակայն կայ թոքերու բորբոքում, որ յառաջացուցած է որոշ շնչառական դժուարութիւններ» ու թէ «ապաքինման աւելի արդիւնաւէտ ընթացքի համար տեղադրուած է բժշկական փոքր ասեղ մը ներերակային հակաբիոտիկ դարմանման համար»։

Մաթթէօ Պրունին նշած է նաեւ թէ Քահանայապետին ապաքինումը հեշտացնելու համար այս օրերուն նախատեսուած որոշ կարևոր պարտաւորութիւններ յետաձգուած են, որպէսզի ան կարողանայ ցանկալի ժամանակն ու ուժը նուիրել դարմանումին։ Իսկ այլ պարտաւորութիւնները, որոնք ունին պաշտօնական բնոյթ կամ աւելի դիւրաւ է զանոնք կատարել ընթացիկ առողջական պայմաններուն մէջ, պահպանուած են:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2023, 10:18