Կազայի մէջ պաղեստինցի կինը մը իր մանուկով Կազայի մէջ պաղեստինցի կինը մը իր մանուկով 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Յիսուսի երկիրը յօշոտուած է սարսափելի տառապանքներէն, եկէք խաղաղութիւն հայցենք»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Ordine Equestre del Santo Sepolcro di Gerusalemme» կարգի ասպետները, ասպետուհիներն ու եկեղեկցական ներկայացուցիչները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 9 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց «Ordine Equestre del Santo Sepolcro di Gerusalemme» կարգի ասպետները, ասպետուհիներն ու եկեղեկցական ներկայացուցիչները, ընկերակցութեամբ կարգի մեծ վարպետ, կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնիին։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց, Երուսաղեմի Սուրբ Գերեզման» կարգի այս տարուան հանդիպումին նիւթին վրայ կազմաւորումը։ «Նախնական, շարունակական, գործնական եւ հոգեւորական կազմաւորումը, չորս ուղեցոյցներ են, որոնք կրնանք տեսնել խաչին նշանով, որ յստակօրէն աչքի կը զարնէ ձեր վերարկուներուն վրայ եւ կ՝ոգեւորէ ձեր հոգեւորութիւնը։ ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Անդրադառնալով ապա Իր կողմէ հաստատուած կարգի սահմանադրութիւններուն Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ անոնք կը կազմեն այն ուղին որուն վրայ կարգի անդամները կարող են շարժիլ որպէս աշխարական ունենալով մէկ նպատակ՝ ներշնչուած Երանելի Պիոս Թ-էն եւ հաստատուած անոր հետեւորդներէն, «ընկերանալ այր մարդոց եւ կանանց, որոնք կ՝աշխատին եկեղեցւոյ կեանքի աւելի լիարժէք մասնակցութեան մը համար, մեկնելով այն Եկեղեցիէն՝«Երուսաղեմի մայրը, Պօղոս Առաքեալի ուսուցումին համաձայն, եւ բացուելով ողջ աշխարհին։

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց, որ Երուսաղեմի Գերեզմանի կարգին աշխարհի եւ եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութիւնը կը կայանայ «կազմաւորել եւ կազմաւորուելու մէջ համընդհանուր եւ ներառական եղբայրասիրութիւն ու ունկնդրութեան եւ աղօթքին շրջանակին մէջ կիրարկել եւ ձեռք ձգել հմտութիւնները, մերձաւորին կարիքները յոգալու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց իր մտահոգութիւնը յայտնելով Սուրբ երկրին նկատմամբ նշելով, որ «Դժբախտաբար վկաներ ենք ողբերգութեան մը որ կը սպառի այն վայրերուն մէջ ուր Տէրը ապրեցաւ, ուր Տէրը մարդասիրութեամբ մեզի սորվեցուց սիրել, ներել եւ բարիք ընկել բոլորին։ Փոխարէնը հոն կը տեսնենք սարսափելի տառապանք, որոնք կը հարուածեն անմեղները։ Ասոր համար հոգեպէս մօտիկ եմ ձեզի, որովհետեւ այս խորհրդակցութիւնը կը կատարէք կիսելով Երուսաղեմի մայր եկեղեցւոյ մեծ վիշտը եւ խնդրելով Խաղաղութեան պարգեւը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը բոլորին վրայ ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2023, 11:49