Papa Francesco a Napoli

Աւետարանի ուրախութիւնը այնպիսի ուրախութիւն է, որ ոչինչ և ոչ մէկը կարող է մեզմէ խլել. Ֆրանչիսկոս Պապ

Աշխարհի և Եկեղեցւոյ չարիքները պէտք չէ պատրուակ ըլլան՝ նուազեցնելու մեր յանձնառումն ու մեր եռանդը: Եկէք զանոնք դիտարկենք որպէս աճելու համար մարտահրաւէրներ։ #EvangeliiGaudium»։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Այսօր` 24 նոյեմբեր 2023ին կը յիշատակուի Ֆրանչիսկոս Պապին ժամանակակից աշխարհին մէջ Աւետարանի հռչակումին նուիրուած «Evangelii Gaudium – Աւետարանի ուրախութիւնը», Առաքելական Յորդորի հրատարակութեան տասներորդ տարեդարձը, որուն առիթով Նորին Սրբութիւնը «ԻՔԱ» ընկերային ցանցին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.

«Աւետարանի ուրախութիւնը այն ուրախութիւնն է, որ ոչինչ և ոչ մէկը կարող է մեզմէ խլել (Յովհ. 16.22): Աշխարհի և Եկեղեցւոյ չարիքները պէտք չէ պատրուակ ըլլան՝ նուազեցնելու մեր յանձնառումն ու մեր եռանդը: Եկէք զանոնք դիտարկենք որպէս աճելու համար մարտահրաւէրներ։ #EvangeliiGaudium»։

«Աւետարանի Ուրախութիւնը» եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրած պաշտօնական առաջին փաստաթուղթը, որուն մէջ Ան ընդգծած է իր քահանայապետութեան առաջնահերթութիւնները` ինչպէս դէպի դուրս Եկեղեցին, արուարձաններու նկատմամբ ուշադրութիւն, հաւատքին մշակութայնացում, Աւետարանի ընկերային չափանիշը եւայլն.

Ֆրանչիսկոս Պապը արդարեւ քրիստոնեաները հրաւիրած էր ու կը հրաւիրէ «աւետարանութեան նոր սլացքի մը», անոնցմէ պահանջելով Եկեղեցի մը` որ ըլլայ միսիոներական, խրախուսելով եկեղեցական վերանորոգում մը եւ քաջալերելով երկխօսութիւնը` որպէս խաղաղութեան ի սպաս ներդրում։

Այս կարեւոր տարեդարձին առիթով Աւետարանութեան Վերատեսչութեան համա-վերատեսուչ Գերապ. Ռինօ Ֆիզիքելլա Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, թէ Քահանայապետին այդ փաստաթուղթը «տակաւին շարժիչ ուժ է» ու թէ ժամանակակից աշխարհին մէջ, ուր թուային մշակոյթը աւելի ու աւելի կը տարածուի եւ որ կը վերաբերի արհեստական ​​բանականութեան, և ուր կը գործեն ազատութեան և ճշմարտութեան թեմաները, «Աւետարանի հռչակումը առաջնահերթութիւն է», բայց, նկատել տուած է Գերապ. Ֆիզիքելլան «կարիքը կայ նոր լեզուի մը, որ ունակ ըլլայ հասկնալի դարձնելու այդ հռչակումին գեղեցկութիւնը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2023, 13:30