Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահ` Նիքոս Խրիսթոտուլիտեսին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Ուրբաթ` 24 նոյեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Առաքելական Պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահ` Նիքոս Խրիսթոտուլիտեսին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Վսեմաշուք Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, որուն կ՛ընկերանար Գերապ. Տանիել Փաքոն, Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու յարաբերութիւններու բազմակողմանի Բաժանմունքի ենթաքարտուղարը». Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։
«Պետական քարտուղարութեան մէջ կայացած զրոյցներու ընթացքին գնահատանք արտայայտուեցաւ երկու կողմերու միջեւ դրական յարաբերութիւններուն համար ու մատնանշուեցան Եկեղեցի-Պետութիւն կապերուն հայող մի քանի տակաւին բաց հարցեր, հուսկ ընդգծուեցան Երկրին դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները` որոնց շարքին գաղթականութեան հարցը», կը կարդանք միշտ Մամլոյ Գրասենեակի հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր ապա նշուած է` թէ միտքերու փոխանակում կատարուեցաւ միջազգային հարցերու վերաբերեալ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Իսրայէլի ու Պաղեստին մէջ տեղի ունեցած հակամարտութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ