Ձայն` որ կ՛աղաղակէ անապատին մէջ. Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 10 դեկտեմբերին լատինաց մօտ Գալստեան շրջանի երկրորդ կիրակին է եւ ինչպէս ամէն կիրակի` ժամը 12ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական հատուածին վրայ, որ քաղուած էր Մարկոս Աւետարանիչի առաջին գլուխէն` ուր կը խօսուի Յովհաննէս Կարապետի մասին, որ ներկայացուած է որպէս «ձայն` որ կ՛աղաղակէ անապատին մէջ»։
«Այս երկու իրար հակառակ պատկերները` անապատը, դատարկ վայր, ուր կարելի չէ հաղորդակցիլ, եւ ձայնը, խօսելու միջոց, կարծես իրարու կը միանան Կարապետին մէջ», ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով խորհրդածել անոնց մասին։
Անապատը
Յովհաննէս կը քարոզէ Յորդանան գետին մօտ, վայրը որտեղէն դարեր առաջ իր ժողովուրդը մուտք գործած էր Աւետեաց երկիր։ Այսպէս ընելով Ան կարծես կ»ուզէ ըսել. Աստուած ունկնդրելու համար պէտք է վերադառնանք այն վայրը, ուր Ան քառասուն տարուայ ընթացքին մեզի ընկերացաւ, պաշտպանեց, ու դաստիարակեց իր ժողովուրդը` այսինքն անապատ։ Անիկայ լռութեան եւ էականութեան վայր է, այնտեղ ուր կարելի չէ մենք մեզի թոյլ տալ անձնատուր ըլլալ անպէտք բաներով, ու հարկաւոր է կեդրոնանալ ապրելու համար անհրաժեշտին վրայ։
Կեանքի ճանապարհին վրայ ընթանալու համար հարկաւոր է մերկանալ աւելորդ բաներէ, որովհետեւ ապրիլը չի նշանակեր անպէտք բաներով լեցուիլ այլ ազատիլ մակերեսային բաներէն, մտնելու համար մեր ներաշխարհի խորքը, հասկնալու համար թէ ի՞նչն է կարեւորը Աստուծոյ առջեւ։
«Միայն երբ աղօթքի ու լռութեան միջոցաւ տեղ կը բանանք Յիսուսին, որ Հօր Աստուծոյ Բանն է, կը գիտնանք ազատիլ դատարկ խօսքերու ու շատախօսութիւններու ապականութենէն» ըսաւ Սրբազան Պապը։
Ձայնը
Խօսելով ապա «Ձայնի» մասին Քահանայապետը նշեց թէ ան գործիքն է, որով մենք կը բացայայտենք մեր սրտին մտածումները։ Անիկա կապուած է լռութեան, որովհետեւ կ՛արտայայտէ այն ինչ որ կը հասուննայ ներքնապէս, ունկնդրելով այն ինչ` որ Հոգին Սուրբ մեզի կը թելադրէ։
Յովհաննէս Մկրտիչը արդարեւ իր առաքելութիւնը սկսաւ մնալէ վերջ «անապատին մէջ, մինչեւ այն օրը երբ յայտնուեցաւ Իսրայէլի (Ղուկ. 1,80)։ Անոր ձայնի մարգարէական ուժը կապուած է անոր փորձառութեան իսկականութեան և անոր սրտի պարզութեան հետ: Ասոր համար է, որ Անոր ձայնը անլսելի չի մնար այլ կարող է միւսներուն կեանքին վրայ ազդել, բարիք գործելով։
Մենք ալ նոյնը ընենք, եւ նոյնիսկ եթէ պիտի ընթանանք հակահոսանք, արժեւորենք լռութիւնը, զգաստութիւնը եւ ունկնդրութիւնը եւ Մարիամ լռութեան Կոյսը, թող օգնէ մեզի սիրելու անապատը, որպէսզի դառնանք հաւատալի ձայներ որոնք կը հռչակեն իր Որդին որ կու գայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ