Ամենամեծ պատուիրանը դրոշմենք մեր սրտին մէջ` Սիրել Տէրը ու եղբայրները. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Կիրակի 2 նոյեմբեր 2024ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը աւանդութեան համաձայն իր գրասենեակի պատուհանէն գլխաւորեց կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը մասնակցութեամբ ս. Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու։
«Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ, պիտի սիրես քու ընկերդ»
Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը ողջունելով ներկաները նշեց, որ այսօրուան Աւետարանը (Մարկոս 12,28-34) կը խօսի Յիսուսին վիճաբանութիւններէն մէկու մը մասին, զոր Ան ունեցաւ Երուսաղէմի տաճարին մէջ։ Դպիրներէն մին անոր կը մօտենայ ու հարց կու տայ. Ո՞րն է ամենամեծ պատուիրանը։ Յիսուս կը պատասխանէ ըսելով. «Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ» ապա «Պիտի սիրես քու ընկերդ»։
Քրիստոնէական կեանքին սիրտը
«Իր այս. ուղղած հարցումով դպիրը կը փնտռէ պատուիրաններուն առաջինը, այսինքն ան` որ հիմքն է միւսներուն, հրեաները շատ օրէնքներ ունէին ու միշտ ալ կը վիճաբանէին` թէ ո՞րը ամենամեծն էր։ Դպիրին այս հարցումը հիմնական է նաեւ մեզի համար, մեր կեանքին ու մեր հաւատքի ուղեւորութեան համար», ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով, թէ մենք ալ շատ անգամ մենք մեզի հարց կու տանք թէ ի վերջոյ ո՞րն է ամենակարեւոր պատուիրանը...«Եւ Յիսուս մեզի կու տայ պատասխանը իրարու միացնելով երկու պատուիրաններ` Աստուծոյ հանդէպ սէրը ու մերձաւորին սէրը» յարեց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, որ «ասիկա մետ հաւատքին սիրտն է»։
Տէրը մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջէ սիրոյն համար զոր պարգեւեցինք
«Եղբայրներ եւ քոյրեր մենք բոլորս կարիքը ունինք վերադառնալու հաւատքի ու կեանքի սրտին, որովհետեւ սիրտն է «աղբիւրը եւ արմատը բոլոր ուժերուն, համոզումներուն, կիրքերուն ու ընտրութիւններուն (Dilexit nos, 9)» ....
«Յիսուս մեզի կ՛ըսէ, թէ ամէն բանի ակնաղբիւրը սէրն է, ու պէտք չենք բաժնել Աստուածը մարդէն»։ «Յիսուս արդարեւ կ՛ըսէ թէ այն ինչ` որ կարեւոր է, սրտին տրամադրութիւնն է. որով մենք կը բացուինք Աստուծոյ եւ եղբայրներուն սիրոյ մէջ» ըսաւ հուսկ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ «եՏէրը պիտի վերադառնայ ու մեզի հարց պիտի տայ. Ի՞նչպէս սիրեցիր», կարեւոր է առ այդ սրտին մէջ դրոշմել ամենակարեւոր պատուիրանը. «Սիրէ քու Տէր Աստուածդ ու սիրէ քու ընկերդ քու անձիդ պէս», որպէսզի ամէն օր խղճի քննութիւն կատարենք ու մենք մեզի հարց տանք եթէ Աստուծոյ ու մերձաւորի նկատմամբ սէրը մեր կեանքին կեդրոնն է ու եթէ միւսներու դէմքին մէջ ես կը տեսնեմ Տիրոջ դիմագիծը»։
Սուրբ Կոյս Մարիամը` որ Աստուծոյ օրէնքը կը կրէ դրոշմուած իր անարատ սրտին մէջ թող մեզի օգնէ սիրելու համար Տէրը եւ եղբայրները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ