Բանանք մեր սրտին ու մտքին դռները Յիսուսին` մեր Տիրոջ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այսօր Անարատ Յղութեան տօնին օրը Աւետարանը մեզի կը խօսի մարդկութեան պատմութեան ամենակարեւոր պահերէն մէկու մը մասին. Աւետումը (հմմտ. Ղուկ 1,26-38), երբ Գաբրիէլ հրեշտակապետին արտասանուած Մարիամին «Այո»ն թոյլ տուաւ որ Աստուածորդին` Յիսուս, մարդեղանայ» այս խօսքերով Ֆրանչիսկոս Պապ սկիզբ տուաւ Կիրակի 8 դեկտեմբեր 2024ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան) այդ տեսարանը նմանեցնելով Միքելաճելոյի Սիքստոնեան մատրան մէջ գծագրած տեսարանին` ուր Աստուած մատով կը դպչի Ադամի մատին։ Մարիամի պարագային Աստուած Հրեշտակի միջոցաւ երկխօսութիւն կը հաստատէ Նազարէթի երիտասարդուհիին հետ` անորմէ խնդրելով համագործակցութիւն` փրկութեան ծրագրին համար։
Մարիամ ուրեմն այնպէս ինչպէս զայն կ՛ողջունէ Գաբրիէլ Հրեշտակապետը «լի շնորհքով» է, Անարատ Յղացեալը, որ ամբողջութեամբ Աստուծոյ Խօսքի տրամադրութեան տակ է ու ամբողջութեամբ վստահած Տիրոջ։ Ուրախանանք որովհետեւ Անարատ Յղացեալը մեզի պարգեւեց Յիսուսը մեր փրկութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով մենք մեզի հարց տալու` թէ մենք որո՞ւ կ՛ապաւինինք մեր յոյսը. ուժի՜, դրամ՞ի, հզօր բարեկամներու կամ Աստուծոյ անվերջ ողորմութեան։ Ո՞ւր կը տպահանենք մեր սրտին գանձը...»
«Եղբայրներ եւ քոյրեր մինչ կը մօտենայ Յոբելեանի Սուրբ Դռան բացումը բանանք մեր սրտին ու մտքին դռները Յիսուսին` մեր Տիրոջ, որ ծնաւ Անարատ Յղացեալ Մարիամէն ու հայցենք Մարիամին բարեխօսութիւնը ըսաւ Սրբազան Պապը խրատելով ու հրաւիրելով այսօր մօտենալ խոստովանանքի խորհուրդին։ «Եւ եթէ այսօր կարելիութիւնը չունի, այդ ըրէք շաբթուայ ընթացքին, մինչեւ յաջորդ կիրակի, բացէք ձեր սիրտը ու Տէրը ձեզի պիտի ներէ ամէն բան, ամէն բան։ Եւ այդպիսով Մարիամի ձեռքերուն մէջ մենք պիտի ըլլանք երջանիկ» յարեց Նորին Սրբութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ