Բարձրացուցէք ձեր գլուխը դէպի վեր և պահեցէք ձեր սիրտը թեթև և արթուն. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի մէկ դեկտեմբեր 2024ի կէսօրին, Լատինաց մօտ «Գալստեան» առաջին կիրակի օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած հատուածին վրայ ուր կը խօսուի «տիեզերական ցնցումներու և մարդկութեան անհանգստութեան ու վախի մասին» որուն ծիրէն ներս Յիսուս աշակերտներուն կ՛ուղղէ յոյսի խօսք մը. «գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է»։ Վարդապետին մտահոգութիւնն է` որ անոնց սիրտը չի ծանրանայ եւ արթուն մնան որպէսզի արժանի ըլլան Մարդու Որդիին առջեւ կենալու։
«Յիսուսին հրաւէրն է. Բարձրացնել գլուխը դէպ վեր եւ սիրտը պահել արթուն ու թեթեւ» ըսաւ Սրբազան Պապը։
Յիսուսի շատ մը ժամանակակիցներ, բախուելով աղետալի իրադարձութիւններու, ինչպիսիք են հալածանքները և բնական աղէտները, կ՛ապրին տառապանքի եւ վախի մէջ եւ Յիսուս, ցանկանալով ազատել զանոնք վախերէ և կեղծ համոզմունքներէ, կը հրաւիրէ զանոնք պահպանել ներքին զգօնութեան վերաբերմունք և իրադարձութիւնները մեկնաբանել Աստուծոյ ծրագրի համաձայն, որ փրկութիւնը կը է բերէ նոյնիսկ ամենաողբերգական իրավիճակներուն մէջ: Ան կոչ կ՛ուղղէ անոնց նայիլ դէպի Երկինք՝ աւելի լաւ հասկանալու երկրային իրականութիւնը։
«Եղբայրներ եւ քոյրեր մեզի համար ալ կարեւոր է Յիսուսին խորհուրդը...մենք ալ կեանքի տարբեր պահերուն ընթացքին հարց տալու ենք ինչպէս ունենալ «թեթեւ» սիրտ մը, արթուն եւ ազատ ... որովհետեւ երբ մտահոգութիւնները կը ծանրացնեն սիրտը մեզ կը մղեն փակուելու մենք մեր մէջ, իսկ Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ բարձրացնելու մեր գլուխը, վստահելու Անոր սիրոյն որ կ՛ուզէ մեզ փրկել ու տեղ բանալ Անոր վերագտնելու համար յոյսը» ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով մենք մեզի հարցեր տալու ու հասկնալու եթէ մեր սիրտը ծանր է թէ չէ։
«Թող այս «Գալստեան» ժամանակը ըլլայ թանկարժէք առիթ մեր հայեացքը բարձրացնելու դէպի Տէրը որ մեր սիրտը կը թեթեւցնէ ու թիկունք կը կանգնի մեր ճանապարհին» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հարւիրելով աղօթել սուրբ Կոյս Մարիամին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ