Որոնել

Յիսնակաց շրջանին հանդիպինք Յիսուսին, որ կու գայ իւրաքանչիւր եղբօր ու քրոջ մէջ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Այս կիրակի եւս, Սրբազան Պապը առողջական հարցերու բերումով Մարեմեան աղօթքը գլխաւորեց Տոմուս Սանթա Մարթայէն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Յիսնակաց շրջանի այս առաջին կիրակին, ծէսին մեզի առաջարկած հակիրճ Աւետարանին մէջ (հմմտ. Մարկոս 13,33-37), Յիսուս մեզի երեք անգամ կ՛ուղղէ պարզ եւ ուղիղ յորդոր մը. «Հսկեցէք». Այս խօսքերով կը սկսի Ֆրանչիսկոս Պապին Կիրակի 3 դեկտեմբերի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։ Աղօթք` զոր Ան այս կիրակի եւս, առողջական հարցի բերումով գլխաւորեց Տոմուս Սանթա Մարթայէն։

Աղօթքին սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը նշեց` թէ ինք բարելաւման մէջ սակայն ձայնը տակաւին տկար է ու թէ այսօր եւս գերապայծառ Պրայտան պիտի կարդայ խորհրդածութիւնը։

Խորհրդածութեան մէջ, որուն ընթերցումը կատարեց Գերապ. Պրայտան, ի մի այլոց նշուած է. «Թեման ուրեմն հսկումն է» եւ «Յիսուս այս մէկը կը ներկայացնէ առակով մը, խօսելով տիրոջ մը մասին, որ կը վերադառնայ իրեն սպասող ծառաներուն մօտ» եւ «ծառան Աստուածաշունչի մէջ տիրոջ վստահելի անձն է»։

«Ուստի ծառաներուն հսկումը վախէ չէ յառաջացած այլ իղձէ, սպասում` հանդիպելու տիրոջ որ կու գայ։ Անոնք պատրաստ կը սպասեն անոր վերադարձին, որովհետեւ զինք կը սիրեն, որովհետեւ անոր վերադարձին կ՛ուզեն անոր համար պատրաստել հիւրընկալ եւ կոկիկ տուն մը։ Անոնք ուրախ են զայն տեսնելով եւ անոր վերադարձը ծառաներուն համար մեծ տօնախմբութեան առիթ է»։

«Սիրով լի այս ակնկալիքով է, որ մենք ալ կը ցանկանք պատրաստուիլ Յիսուսին դիմաւորելու. Սուրբ Ծնունդին, որ մենք պիտի նշենք մի քանի շաբաթէն. Ժամանակի աւարտին, երբ Ան պիտի վերադառնայ իր փառքով. Ամէն օր, երբ Ան կու գայ մեզի հանդիպելու Հաղորդութեան մէջ, անոր Խօսքին մէջ, եղբայրներու և քոյրերու մէջ, յատկապէս անոնց` որոնք աւելիով կարիքաւոր են»։

«Ուստի յատուկ կերպով այս շաբաթներուն խնամքով պատրաստենք սրտին տունը, որպէսզի ըլլայ կոկիկ եւ հիւրընկալ։ Հսկել, արդարեւ, կը նշանակէ սիրտը պատրաստ պահել։ Ասիկա պահակի վերաբերմունքն է, որ գիշերը թոյլ չտար փորձուիլ յոգնութենէն, չի քնանար, այլ արթուն կը մնայ սպասելով լոյսի ծագումին։ Տէրը մեր լոյսն է եւ գեղեցիկ է սիրտը պատրաստել զինք ընկալելու համար աղօթքով ու հիւրընկալելու սիրով»։

Յիսնակաց շրջանին հանդիպինք Յիսուսին որ կու գայ իւրաքանչիւր եղբօր ու քրոջ մէջ, որ պէտք ունի մեզի եւ անոնց հետ կիսենք այն ինչ որ կրնանք` ունկնդրութիւն, ժամանակ, շօշափելի օգնութիւն։

Թէ ի՞նչպէս պատրաստել Տիրոջ համար հիւրընկալ սիրտ մը, այդ մէկը կարելի է մօտենալով անոր Ներումին, անոր Խօսքին, անոր Խորանին, ժամանակ գտնելով աղօթքի համար, ու զայն ընկալելով կարիքաւորներուն մէջ։ Արթուն պահենք մեր սիրտը, այսինքն Անոր իղձով, անհամբեր` անոր հանդիպելու։

Սուրբ Կոյս Մարիամը, սպասումի կին, թող մեզի օգնէ ընկալելու համար իր Որդին որ կու գայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2023, 12:12

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >