Ըլլանք մարդիկ ու կիներ, որոնք կը ցոլացնեն Յիսուսը, լոյս` որ աշխարհ կու գայ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր. Աթթարեան - Վատիկան
«Այսօր Գալստեան շրջանի երրորդ կիրակին Աւետարանը մեզի կը խօսի Յովհաննէս Մկրտիչի առաքելութեան մասին (հմմտ. Յովհ 1,6-8.19-28), զայն ներկայացնելով որպէս Աստուծմէ ուղարկուած մարգարէ «վկայութիւն տալու համար լոյսին»։ Այսպէս սկսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր 17 դեկտեմբերի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը, զոր աւանդութեան համաձայն ներկայացուց իր գրասենեակի պատուհանէն Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, որոնցմէ շատեր իրենց հետ բերած էին նաեւ Մանուկ Յիսուսի արձանիկները, որպէսզի զանոնք օրհնել տան Քահանայապետի կողմէ։ Աւանդութիւն, որ սկիզբ առած է 1969ի Ծննդեան տօնին առիթով Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով։
Սուրբ Յովհաննէսի մկրտիչի վկայութիւնը
Աւետարանական հատուածէն մեկնելով Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց խորհրդածել «լոյսը վկայելու» նիւթին վրայ ու այս ուղղութեամբ նաեւ Յովհաննէսի վկայութեան ձեւին վրայ։
Մկրտիչը, անշուշտ, արտասովոր մարդ է: Մարդիկ կը հաւաքուին զինք լսելու համար, ներգրաւուած անոր համահունչ և անկեղծ կեցուածքով։ Անոր վկայութիւնը կ՛անցնի լեզուի անկեղծութեան, վարքի ազնւութեան եւ կեանքի պահանջկոտութեան միջոցաւ։ Այս բոլորը զայն կը դարձնեն տարբեր այդ ժամանակուայ հռչակաւոր ու հզօր անձնաւորութիւններէ, որոնք աւելի ներդրում կը կատարէին արտաքին տեսքի վրայ։
Իւրաքանչիւր դարաշրջան ունի իր վկաները
Անոր նման մարդիկ` ուղղամիտ, ազատ և խիզախ, լուսաւոր եւ գրաւիչ կերպարներ են. անոնք մեզ կը մղեն վեր կանգնելու միջակութիւնէն և մեր հերթին ուրիշներու համար դառնալու լաւ կեանքի օրինակներ։ Տէրը այս տեսակի մարդիկ եւ կիներ կ՛ուղարկէ իւրաքանչիւր դարաշրջանի ընթացքին:
Յովհաննէսին լոյսը Յիսուսն է
Յովհաննէսը լուսաւոր է այնքանով, որ ան լոյսը կը վկայէ։ Եւ անոր լոյսը ինքը չէ, Յիսուսն է, Գառն Աստուծոյ, Աստուած որ կը փրկէ։ Միայն Ան է որ կը փրկէ, կ՛ազատէ, կը բուժէ եւ կը լուսաւորէ: Այս պատճառով է, որ Յովհաննէսը «ձայն» մըն է, որ եղբայրները կ՛առաջնորդէ Խօսքին։ Կը ծառայէ առանց պատիւ ու փառք փնտռելու. Ան ճրագ է, իսկ լոյսը` Քրիստոսն է (տե՛ս հ. 26-27; Յովհ. 5.35)
Ի՞նչպէս կարող ենք մենք վկայել իսկական լոյսը
Եղբայրներ եւ քոյրեր Յովհաննէս Մկրտիչի օրինակը մեզի կը սորվեցնէ երկու բան. Առաջինը, թէ մենք չենք կրնար փրկուիլ առանձին. Միայն Աստուծոյ մէջ է որ կը գտնենք կեանքին լոյսը։ Երկրորդ` թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը, իր ծառայութեամբ, իր հետեւողականութեամբ, հեզութեամբ ու կեանքի վկայութեամբ եւ միշտ Աստուծոյ շնորհքով, կարող է ըլլալ ճրագ մը, որ կը ցոլայ եւ միւսները կ՛օգնէ գտնելու Յիսուսին հանդիպելու ճանապարհը։
«Ի՞նչպէս կարող ենք մենք վկայել իսկական լոյսը, այսինքն Տէր Յիսուսը, որ կը ցոլայ իմ կեանքիս մէջ» եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հարցումներէն մին, ապա հայցեց Սուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը, որպէսզի օգնէ մեզի, որ ըլլանք մարդիկ ու կիներ, որոնք կը ցոլացնեն Յիսուսը` լոյս որ կու գայ աշխարհ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ