Սուրբ Ընտանիքը տիպար մեր ընտանիքներուն. 2023ի վերջին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Ընտանիքին նուիրուած տօնին առիթով Կիրակի 31 դեկտեմբեր 2023ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն գլխաւորեց 2023 տարուայ վերջին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, որուն առիթով ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան տօնին, մեկնաբանելով Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած (Ղուկ. 2,22-40) Յիսուսի թլփատութիւնն ու տաճար ընծայումը պատմող դրուագը ու մասնաւորապէս Սիմէոն Ծերունիին մարգարէութիւնը ուղղուած Մարիամին` «եւ սուրը պիտի խոցէ նաեւ քու սիրտդ» (35)։
Զարմանքի կարողութիւնը
«Սուրբ Ընտանիքը աղքատ իրավիճակի մէջ կը հասնի տաճար ու այնտեղէն կը մեկնի լի տառապանքով» ըսաւ Քահանայապետը նշելով` որ այս մէկը զարմանք կը յառաջացնէ ի տես Յիսուսին ընտանիքին, պատմութեան միակ ընտանիքը, որ կարող է հպարտանալ իր մէջ ունենալու Աստուծոյ ներկայութիւնը։ Ան փոխանակ հարուստ ըլլալու աղքատ է, փոխանակ առաւելութիւններ ունենալու խոչընդոտներու առջեւ կը գտնուի, փոխանակ յոգնութիւններէն զերծ մնալու ինկած է մեծ ցաւերու մէջ»։
«Դուք միայնակ չէք»
«Այս մէկը ըսել կ՛ուզէ թէ Աստուած եկաւ բնակելու մեր կեանքին մէջ բոլոր իր հարցերով» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Աստուած մեզ փրկեց այս ձեւով` բնակելով մեր մէջ։ Ապրեցաւ ընտանիքի մը մէջ, զաւակը եղաւ հօր ու մօր մը, այնտեղ անցուց իր կեանքին մեծ մասը, աճելով ու դաստիարակուելով։ Ան չի խուսափեցաւ դժուարութիւններէն, եւ ընտրելով` «ցաւերու մասնագէտ ընտանիք մը» կ՛ուզէ մեր ընտանիքներուն ըսել. «եթէ դժուարութեան մէջ գտնուիք, ես գիտեմ, թէ ի՞նչ կը զգաք, ես ալ ապրեցայ այդ մէկը, ես, մայրս ու հայրս այդ մէկը ապրեցանք, որպէսզի ձեզի ըսենք. «Դուք միայնակ չէք» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը։
Սորվինք զարմանալ
Ան ապա ակնարկեց Մարիամի ու Յովսէփի վարուելակերպին, որոնք «զարմացած էին Յիսուսին մասին ըսուած խօսքերուն համար» (Հմմտ. Ղուկ. 2,33) եւ ասկէ մեկնելով շեշտը դրաւ զարմանքի կարեւորութեան վրայ, ընդգծելով` թէ «զարմանալու կարողութիւնը կարող է ըլլալ գաղտնիքը լաւ ապրելու ու յառաջ ընթանալու ընտանիքին մէջ», սկսեալ Աստուծմով զարմանքէն, որ մեզի կ՛ընկերանայ։
Զարմանալ բարիքներուն համար
Լաւ է ապա զարմանալ սեփական կողակիցով, զոր օրինակ բռնելով անոր ձեռքը, նայելով անոր աչքերուն, քնքշութեամբ։ Ապա զարմանալ կեանքի հրաշքին դիմաց, զաւակներով, ժամանակ գտնելով անոնց հետ խաղալու ու զանոնք ունկնդրելու համար։ Հուսկ զարմանալ մեծ հայրերով ու մեծ մայրերով. Անոնց իմաստութեան աղբիւր են։ Սորվինք զարմանալ անոնց իմաստութեամբ, անոնց պատմութեամբ։ Անոնք կեանքը իր էութեան կը վերադարձնեն։ Ի վերջոյ զարմանալ սիրոյ պատմութեամբ, որուն կը հաւատայ Աստուած, նոյնիսկ երբ կան բացասական երեւոյթներ։
«Մարիամ` Ընտանիքին Թագուհին, թող օգնէ մեզի ամէն որպէսզի զարմանանք։ Այսօր հայցենք զարմանքի շնորհքը։ Թող Տիրամայրը օգնէ մեզի որ ամէն օր զարմանք բարիքին համար ու գիտնանք միւսներուն սորվեցնել զարմանքի գեղեցկութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ