Զարմանանք Աստուծոյ պարգեւներուն համար ու անոնց համապատասխանենք ամենօրեայ հաւատարիմ վեհանձնութեամբ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր Անարատ Յղութեան տօնին օրը Աւետարանը մեզի կը ներկայացնէ Աւետումի դրուագը (Ղուկ. 1,26-38)։ Անիկա մեզի ցոյց կու տայ Մարիամին երկու վերաբերմունքները` որոնք մեզ կ՛օգնեն հասկնալու ինչպէս ան պահպանեց ընդունած եզակի պարգեւը, մեղքէ ամբողջութեամբ ազատ սիրտը։ Այս խօսքերը մաս կը կազմեն Ֆրանչիսկոս Պապին, Ուրբաթ` 8 դեկտեմբեր 2023ի Անարատ Յղութեան տօնին օրուայ, Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան, ուր Ան կը հաստատէ, որ Մարիամին վերաբերմունքները` «Աստուծոյ գործերուն դիմաց զարմանքն է եւ պարզ բաներու նկատմամբ հաւատարմութիւնը»
Զարմանքը
Հրեշտակը Մարիամին կ՛ըսէ. «Ուրախացիր լի շնորհքով, Տէրը քեզի հետ է» եւ Ղուկաս Աւետարանիչը կը նշէ, որ Սուրբ Կոյսը «խռովեցաւ եւ կը մտածեր թէ ինչ կը նշանակեր այդ ողջոյնը»։ Ան կը զարմանայ, կը խռովի, երբ կը լսէ, որ հրեշտակը զինք կը կոչէ «լի շնորհքով», այսինքն լի Աստուծոյ սիրով։ Կարեւոր վերաբերմունք մըն է ասիկա, գիտնալ զարմանալ Տիորջ պարգեւներուն դիմաց, արժեւորել զանոնք, ուրախանալ այն վստահութեան եւ քնքշութեան համար, որ անոնք իրենց հետ կը բերեն։ Կարեւոր է նաեւ այս զարմանքը վկայել միւսներուն առջեւ, խոնարհութեամբ խօսելով Աստուծոյ պարգեւներուն մասին, բարիքներուն զոր ընկալեցինք եւ ոչ միայն առօրեայի հարցերու մասին», նշեց Քահանայապետը հրաւիրելով մենք մեզի հարց տալու եթէ մենք ալ կը զարմանաք Աստուծոյ գործերուն դիմաց ու եթէ կը բաժնեկցինք շնորհքներուն ուրախութիւնը ։
Հաւատարմութիւնը
Գալով պարզ բաներու նկատմամբ հաւատարմութեան Աւետարանը` Աւետումէն առաջ Մարիամը կը ներկայացնէ, որպէս պարզ աղջիկ մը, նման բազմաթիւ այլ աղջիկներու, որոնք կ՛ապրէին Նազարէթի մէջ։ Երիտասարդուհի մը, որ շնորհիւ իր պարզութեան մաքուր պահեց իր Անարատ Սիրտը, որով Աստուծոյ շնորհքով, ծնաւ։
«Բարիին ամենօրեայ հաւատարմութեամբ է, որ Աստուածամայրը թոյլ տուաւ, որ Աստուծոյ պարգև աճի իր մէջ, ահա թէ ինչպէս ան վարժուեցաւ Տիրոջ պատասխանել` «այո» ամբողջ իր կեանքով», յարեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալու եթէ մենք կը հաւատանք թէ Աստուծոյ նկատմամբ հաւատարմութիւնը կարեւոր է։ Եւ եթէ ժամանակ կը գտնենք Աւետարանը կարդալու, աղօթելու եւ Սուրբ Պատարագին մասնակցելու ու ընկալելու Ներումի Սուրբ Խորհուրդը...
Թող Անարատ Յղացեալը մեզ օգնէ, որպէսզի զարմանանք Աստուծոյ պարգեւներուն համար ու անոնց համապատասխանենք ամենօրեայ հաւատարիմ վեհանձնութեան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ