Il Papa, la famiglia va difesa e sostenuta sempre

Քահանայապետը յիշեց Պենետիկտոս ԺԶ եւ ուղղեց զանազան կոչեր ի սպաս խաղաղութեան ու բռնութիւններու վերացման։

Սրբազան Պապը օրհնեց ապա ընտանիքները հաստատելով` որ «ընտանիքը հասարակութեան հիմնական բջիջն է»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 31 դեկտեմբեր 2023ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց տարուայ վերջին Մարեմեան աղօթքը ու աղօթքին աւարտին պակաս չեղան անոր կոչերը դադրեցնելու բռնութիւններու ու յիշելու եւ աղօթելու պատերազմի մէջ գտնուող ժողովուրդներուն համար։

Նիճերեան

Նորին Սրբութիւնը նախ յիշեց Նիճերիան ուր Սուրբ Ծնունդի արարողութիւնը յատկանշուեցաւ բռնութեան ծանր արարքներով, որ պատճառեց բազմաթիւ զոհեր։ «Կ՛աղօթեմ անոնց համար ու անոնց ընտանիքներուն համար։ Թող Աստուած Նիճերիան ազատէ այս սարսափներէն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթք ապահովեցնելով նաեւ Լիպերիոյ մէջ փոխադրակառքի պայթումի զոհերուն համար։

Ոչ պատերազմին` որքան մահեր ու տառապանք

Նորին Սրբութիւնը ապա խնդրեց շարունակել աղօթել պատերազմներէ տառապող ժողովուրդներուն համար` Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Սուտանի ու այլ բազմաթիւ ժողովուրդներուն համար։

Տարուան աւարտին քաջութիւնը ունենանք մենք մեզի հարց տալու. Քանի՞ մարդկային կեանքեր ընդհատուեցան զինեալ հակամարտութիւններու պատճառաւ։ Որքա՞ն մահեր։ Եւ որքա՞ն կործանում, տառապանք ու աղքատութիւն։ Ան որ շահեր ունի այս հակամարտութիւններէն թող մտիկ ընէ իր խիղճի ձայնին» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց նաեւ յիշել Ռոհինճաները։

Պենետիկտոս ԺԶ

Ան ապա յիշեց որ մէկ տարի առաջ իր երկրային կեանքը կ՛աւարտեր Պենետիկտոս ԺԶ Պապը, սիրով եւ իմաստութեամբ ծառայելէ ետք Եկեղեցին։ «Մենք անոր նկատմամբ ունինք մեծ սէր, երախտագիտութիւն, հիացում։ Թող մեզ օրհնէ երկինքէն ու մեզի ընկերանայ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով ծափահարել Պենետիկտոս ԺԶին համար

Ընտանիքը հասարակութեան բջիջ

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորները, յատուկէն ողջունելով բոլոր ընտանիքները ու այս ուղղութեամբ հաստատելով` որ «ընտանիքը հասարակութեան հիմնական բջիջ է, պէտք է միշտ պաշտպանենք և աջակցենք անոր, միշտ» յարեց Քահանայապետը ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի յատուկ օրհնութիւն շնորհելով բոլոր ընտանիքներուն ու բոլորին մաղթելով «անդորր տարեվերջ» մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/12/2024, 12:38