Անարատ Յղութեան տօնին՝ Պապը Ոսկէ վարդ պիտի նուիրէ «Salus Populi Romani» սրբապատկերին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յառաջիկայ 8 դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնին առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ըստ աւանդութեան կ՛այցելէ Հռոմի ''Փիացցա Տի Սպանիայի'' նշանաւոր հրապարակը մեծարելու համար հրապարակին վրայ զետեղուած ''Անարատ Յղացեալ՝ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ՝՝ արձանը։
Նշենք` թէ նոյն օրը Քահանայապետը, միշտ ըստ աւանդութեան, այցելութիւն կու տայ նաեւ Հռոմի Տիրամօր նուիրուած «Մարիա Մաճճորէ» Քահանայապետական Պազիլիքա եւ այս տարի Ան «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի» Տիրամօր սրբապատկերին պիտի նուիրէ` Ոսկեայ Վարդ մը։
Ոսկէ վարդը հնագոյն արմատներ ունի և կը խորհրդանշէ Պապական օրհնութիւնը: Ոսկէ վարդի շնորհման աւանդութիւնը սկիզբ առած է միջնադարին և դարերու ընթացքին տրուած է վանքերու, սրբավայրերու, կառավարիչներու և նշանաւոր անձնանուիրութիւններու՝ ի նշան անոնց յանձնառութեան հաւատքի և հասարակաց բարիքի ի սպաս:
Վարդի ընծայմամբ Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛ ընդգծէ այդ սրբապատկերին հոգևոր կարևորութիւնը և անոր խոր նշանակութիւնը կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, տրուած ըլլալով նաեւ, որ Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարը Արևմուտքի ամենահին Մարիական սրբավայրերէն մէկն է։ Իսկ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերը աւանդութեան համաձայն վերագրուած է Ղուկաս Աւետարանիչին։
Սրբազան Պապին այս նուէրը, միակը չէ։ Առաջինը նուիրած էր Յուլիոս Գ Քահանայապետը 1551 թուականին։ Ապա 1613ին Պօղոս Ե Պապը Ոսկէ վարդը նուիրեց Սրբապատկերի նոր մատուր փոխադրութեան արարողութեան առիթով։ Թէեւ այս երկու Վարդերը շատ հաւանաբար կորսուեցան Պապական Պետութեան դէմ Նափոլէոնի ներխուժումին առիթով` 1797 թուականին։
400 տարի ետք Ֆրանչիսկոս Պապ ուզեց շօշափելի նշան մը տալ` Տիրամօր Սրբապատկերին նկատմամբ ունեցած իր ջերմեռանդութեան, ամրապնդելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ու Յաւիտենական քաղաքի միջեւ զօրեղ կապը։
Ի լուր Քահանայապետի Վարդը նուիրելու ցանկութեան Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի յանձնակատար Գերապ. Ռոլանտաս Մաքրիքասը հաստատեց` թէ «Վարդի այս նուիրումը պատմական արարք մըն է եւ կ՛արտայայտէ Ֆրանչիսկոս Պապին խոր կապը Սուրբ Կոյս Աստուածանայ հետ»։
Այցելութիւն Սպանիա հրապարակ
Վերադառնալով Քահանայապետի Սպանիայի հրապարակ այցելութեան, նշենք որ այդ ալ մաս կը կազմէ դարեր առաջ սկիզբ առած ժողովրդական աւանդութեան։ Արդարեւ Հռոմաբնակ հաւատացեալները այդ օր կ՛այցելեն Սպանիա հրապարակ, հայցելու Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, այնտեղ զտեղելով ծաղիկներ։
Աւանդութիւն է նաեւ, որ 8 դեկտեմբերի առաւօտեան կանուխ, Հռոմի հրշէջները, ի յիշատակ իրենց 220 գործընկերներուն, որոնք 8 դեկտեմբեր 1857ին բացումը կատարած էին արձանին, իրենց կարգին մեծարեն Սուրբ Կոյսին արձանը, Աստուածածնայ բազուկին վրայ զետեղելով ծաղկեպսակ մը։
Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը կառուցուած է ի յիշատակ Մարիամի Անարատ Յղութեան վարդապետութեան հռչակումին, 8 դեկտեմբեր 1854-ին, երանելի Պիոս Թ. Քահանայապետին կողմէ։
Ս. Կոյս Մարիամի պրոնզէ այս արձանը, զետեղուած է շուրջ 30 մեթր բարձրութեամբ մարմարէ կոթողի մը վրայ։ Երանելի Պիոս Թ. անձամբ գլխաւորած է արձանին բացման արարողութիւնը, 8 դեկտեմբեր 1857ին, շրջապատուած 220 հրշէջներով։ Այդ թուականէն ասդին, Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնը ամէն տարի կը կատարուի մեծ հանդիսութեամբ ու շուքով, եւ 1953 սկսեալ այդ տօնին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հռոմի Պապը։ Արարողութեան կը մասնակցին ի միջի այլոց մայրաքաղաքին քաղաքական եւ եկեղեցական ներկայացուցիչները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ