Կազայի մէջ կը սպաննուին անզէն խաղաղ բնակիչներ. «ասիկա պատերազմ է, ահաբեկչութիւն է». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Չմոռնանք պատերազմէ տառապող մեր եղբայրներն ու քոյրերը Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի եւ հակամարտութիւններու այլ վայրերուն մէջ։ Սուրբ Ծնունդի մօտիկութիւնը թող ամրապնդէ խաղաղութեան ուղիներ բանալու յանձնառումը». Այս խօսքերով սկսաւ Սուրբ Երկրի մէջ խաղաղութեան համար իր կոչը Ֆրանչիսկոս Պապը։ Կոչ զոր ուղղեց Կիրակի 17 դեկտեմբերի Մարեմեան աղօթքի աւարտին նշելով, որ ինք «կը շարունակէ ծանր ու ցաւալի լուրեր ստանալ Կազայէն ու անմեղ քաղաքացիները թիրախ են ռմբակոծումներու ու կրակոցներու»։
«Այս մէկը պատահեցաւ նոյնիսկ Սուրբ Ընտանիքի ժողովրդապետութեան համալիրին մէջ, ուր ահաբեկիչներ չկան, այլ ընտանիքներ, մանուկներ, հիւանդ ու անկար մարդիկ, մայրապետներ» ըսաւ Քահանայապետը յիշելով մայրն ու աղջիկը` «Տիկ Նահիտա Խալիլ Անտոն եւ դուստրը Սամար Քամալ Անտոնը, որոնք սպաննուեցան», եւ «այլ անձինք, որոնք վիրաւորուեցան դիպուկահարներու կողմէ, «մինչ արտաքնոց կ՛երթային» նկատել տուաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով նաեւ թէ «վնասուած է նաեւ Մայր Թերեզայի մայրապետներու տունը»։
«Ոմանք կ՛ըսեն, որ ասիկա «ահաբեկչութիւն է, պատերազմ է»։ Այո պատերազմ է, ահաբեկչութիւն է։ Ասոր համար սուրբ գրութիւնը կը հաստատէ, որ «Աստուած կը դադրեցնէ պատերազմները... կը կոտրէ աղեղները եւ կը ջարդէ նիզակները (Սաղմոս 46,9)» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ու կոչը աւարտեց հրաւիրելով աղօթելու խաղաղութեան համար. «Աղօթենք Տիրոջ խաղաղութեան համար» ըսաւ Ան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ