2023.12.30 Federazione Italiana Pueri cantores

2023ի ամավերջի ժամասացութեան արարողութիւն եւ 2024ի ամանորի Սուրբ Պատարագ Վատիկանի մէջ

«Թող որ քրիստոնեայ հաւատացեալները, այլ կրօններու հաւատացեալներն ու բարի կամքի մարդիկն ու կիները, համագործակցին, ներդաշնակութեամբ ձեռք բերելու համար հնարաւորութիւններ` որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել թուային յեղափոխութեան յառաջացուցած մարտահրաւէրը եւ ապագայի սերունդներուն յանձնեն աւելի արդար, զօրակից ու խաղաղ աշխարհ մը» գրած է Նորին Սրբութիւնը խաղաղութեան համաշխարհային օրուան նուիրած իր պատգամին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կ՛ապրինք 2023 տարուան վերջին օրերը ու կը պատրաստուինք դիմաւորելու նոր տարի մը եւ ինչպէս միշտ հաշուեկշիռի ժամանակ է ու նաեւ ժամանակ աղօթքի ու խոկումի եւ ինչու չէ գոհաբանութեան ու երախտագիտական աղօթքի առ Աստուած մեզի պարգեւած բարիքներուն համար, հակառակ բոլոր այն ժխտական իրադարձութիւններուն զոր ապրեցանք ու կ՛ապրինք մեր առօրեայ կեանքին մէջ։

31 դեկտեմբեր 2023

Ահա այս դիտաւորութեամբ է` որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքին նուիրուած տօնին օրը` կիրակի 31 դեկտեմբեր 2023-ի կէսօրէն ետքը ժամը 5-ին, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ կը գլխաւորէ ժամասացութեան ու գոհաբանական «Te Deum» աղօթքը, որուն առթիւ նախատեսուած է նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան ջերմեռանդական երկրպագութիւնն ու Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը։

«Te Deum»ը Գոհաբանութեան շարական մըն է, ռիթմիկ լատիներէն արձակով, որ կը կոչուի նաեւ Ամպրոզեան շարական, քանի որ ան սխալմամբ վերագրուած է Սուրբ Ամպրոճոյին։ Անիկա լատին եկեղեցւոյ մէջ կ՛երգեցուի հանդիսաւոր արարողութիւններու ընթացքին ինչպէս տարեվերջին կամ Սիքստինեան մատրան մէջ նոր Քահանայապետի մը ընտրութեան առիթով։

Աղօթքին առաջին մասը գոհաբանութիւն է Սուրբ Երրորդութեան` Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի, ապա փառաբանութիւն` Փրկիչ Քրիստոսին, իսկ վերջին մասը կը պարունակէ աղերսանքներ քաղուած սաղմոսերգուէն, որուն մէջ կը Տիրոջմէ կը հայցուի, որ օգնութեան հասնի իր զաւակներուն, ազատէ իր ժողովուրդը եւ ողորմած ըլլայ անոր նկատմամբ։ Աղօթքը կ՛աւարտի ողորմութիւն հայցելով Տիրոջմէ. «Ողորմէ Տէր, Ողորմէ մեզի, Դուն ես մեր յոյսը»։

Արարողութեան աւարտին սովորութիւն կայ, որ Սրբազան Քահանայապետը ուղղուի Սուրբ Պետրոսի հրապարակ` այնտեղ զետեղուած Մսուրին առջեւ պահ մը աղօթելու համար։

Մէկ Յունուար 2024

Երկուշաբթի մէկ յունուարին, Աստուծոյ Մայր Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նոր տարին կը սկսի, Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ գլխաւորելով գոհաբանական Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը, որմէ ետք իր գրասենեակի պատուհանէն կ՛արտասանէ նոր տարուայ առաջին «Հրեշտակ Տեառն»՝ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։

Յունուար մէկը նուիրուած է, ինչպէս նշեցինք, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր ու նոյն օրը կը նշուի նաեւ խաղաղութեան համաշխարհային օրը, որուն այս տարուայ Քահանայապետական պատգամի նիւթն է «Արհեստական​​ բանականութիւնը եւ խաղաղութիւնը» եւ որուն ներկայացումը կատարուեցաւ անցեալ 14 դեկտեմբեր 2023ին։

 

Խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ պատգամը

Պատգամը կազմուած է ութը հատուածներէ կամ գլուխներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ քննարկուած է յատուկ նիւթ մը, կապուած արհեստական բանականութեան ու անոր մարդկային ընտանիքի կեանքին վրայ ունեցած ազդեցութիւններուն ու հետեւանքներուն։

Շօշափուած նիւթերն են. «Գիտութեան և արհեստագիտութեան առաջընթացը՝ որպէս խաղաղութեան ճանապարհ», «Արհեստական բանականութեան ապագան խոստումներու եւ վտանգներու միջեւ», «Ապագայի արհեստագիտութիւնը. Գործիքներ` որոնք ինքնուրոյն կը սորուին», «Տեխնոկրատական տիպարի սահմանափակումի իմաստը», «Թեժ նիւթեր բարոյականութեան համար», «Սուրերը խոփեր պիտի դարձնե՞նք», «Կրթութեան մարտահրաւէրները» ապա «Միջազգային իրաւունքի զարգացման մարտահրաւէրները»։

Քահանայապետը պատգամը աւարտած է մաղթելով, որ ան քաջալերանք ըլլայ, որպէսզի արհեստական բանականութեան ձևերու զարգացման առաջընթացը ծառայէ մարդկային եղբայրութեան և խաղաղութեան գործին:

Աղօթքս է նոր տարուայ սկիզբը, որ արհեստական բանականութեան ձեւերու արագ զարգացումը չաւելցնէ անհաւասարութիւնն ու անարդարութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին աշխարհի մէջ, այլ սատարէ, վերջ դնելու համար պատերազմներուն ու հակամարտութիւններուն ու սփոփէ ծանր ցաւերը` որոնք կը տանջեն մարդկային ընտանիքը։

«Թող որ քրիստոնեայ հաւատացեալները, այլ կրօններու հաւատացեալներն ու բարի կամքի մարդիկն ու կիները, համագործակցին, ներդաշնակութեամբ ձեռք բերելու համար հնարաւորութիւններ` որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել թուային յեղափոխութեան յառաջացուցած մարտահրաւէրը եւ ապագայի սերունդներուն յանձնել աւելի արդար, զօրակից ու խաղաղ աշխարհ մը» գրած է Նորին Սրբութիւնը խաղաղութեան համաշխարհային օրուան նուիրած իր պատգամին մէջ։

 

Շնորհաւոր տարեաւարտ ու բարեբեր եւ լուսաւոր նոր տարի բոլորիդ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2023, 09:26