Կարդինալներու Խորհուրդի ժողովը. քննարկում եկեղեցւոյ մէջ կանանց դերի եւ համաշխարհային ճգնաժամերու վերաբերեալ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 6 դեկտեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, որ Քահանայապետին խորհրդատու ինը կարդինալները 4էն 5 դեկտեմբերին, Վատիկանի Սանթա Մարթա տան մէջ, գումարեցին իրենց ժողովը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ներկայութեամբ եւ խորհուրդի մաս կազմող բոլոր անդամներուն։
Հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ ժողովին գլխաւոր նիւթ եղած է Եկեղեցւոյ մէջ կնոջ դերակատարութիւնը։
Արծարծուած են տարբեր նիւթեր, որոնց շարքին կարդինալներուն խորհուրդի մաս կազմող անդամներու պատկան երկիրներու մէջ ներկայ ընկերային, քաղաքական, եկեղեցական իրավիճակը, յատուկէն Ուքրանիոյ մէջ շարունակուող հակամարտութիւնը, Սուրբ Երկրի մէջ լուրջ իրավիճակը, Տուպայի մէջ ընթացող ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան ժողովին մասնակից պետութիւններու աշխատանքը։
Հաորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Կարդնալ Օմալլէյը, 2019 թուականին, փետրուարին, անչափահասներու եւ խոցելի անձերուն չարաշահման կանխարգիլման ժողովէն 5 տարի ետք, եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերուն ընդհանուր ժողովներու կազմակերպման մասին ներկայացուց տարբեր վարկածներ, որոնք քննարկման եւ գնահատման առարկայ դարձան են խորհուրդի անդամներուն։
Ի վերջոյ ժողովը հնարաւորութիւն ընծայեց քննարկելու եպիսկոպոսներու սինոդին սովորական ընդհանուր ժողովի առաջին նիստը եւ շարունակելու խորհրդածութիւնը թեմերէն ներս Praedicate evangelium առաքելական սահմանադրութեան հոգիին, սկզբունքներուն եւ չափանիշերուն իրականացման մասին։
Յաջորդ նիստը պիտի գումարուի, 2024ին փետրուար ամսուան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ