«Դիւանագիտական աշխատանքը ազնիւ եւ համբերատար է».Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ մի քանի դեսպաններուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի` 7 դեկտեմբեր 2023ի առաւօտեան, Քահանայապետը առաքելական պալատէն ներս ընդունեց Քուէյթի, Նոր Զելանտիայի, Մալավիի, Կինթայի, Շուէտի, եւ Չատի Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեպանները, անոնց հաւատարմագրերու ներկայացումին առիթով։
Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Պապը իր գոհունակութիւնը արտայայտեց առիթին համար, ներկայ դեսպաններէն խնդրելով, որ իր ողջոյնները փոխանցեն իրենց Պետութիւններու կառավարիչներուն։
Դիմագրաւել հակամարտութիւնները
«Դուք կը սկսիք ձեր առաքելութիւնը յատուկ կերպով խառնաշփոթ պահի մը ընթացին, որ յատկանշուած է զինեալ հակամարտութիւններու բազմապատկումներով, զոր ես ժամանակէ ի վեր կը կոչեմ մաս մաս կատարուած երրորդ համաշխարհային պատերազմ» ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով` որ «շարունակուող հակամարտութիւններու ընդհանուր շրջանակի լոյսի ներքոյ միջազգային հանրութիւնը ստիպուած է, դիւանագիտութեան խաղաղ գործիքներու միջոցաւ դիմակայել մարտահրաւէրները, որոնելու ընդհանուր լուծումներ բազմաթիւ ու ծանր անարդարութիւններուն համար»։
Բազմակողմանի դիւանագիտութիւն
Սրբազան Պապը ակնարկեց նաեւ վերջերս հրատարակած ու բնապահպանութեան հարցին նուիրուած «Laudate Deum» առաքելական յորդորագիրին, որուն մէջ ան խօսած է «բազմակողմանի դիւանագիտութիւնը վերացեւաւորելու» կարիքի մասին, որպէսզի գործնական պատասխաններ տրուին հրատապ հարցերուն, ու մտածուին ընդհանրական մեխանիզմներ, որոնք կարող ըլլան դիմակայել կլիմայական փոփոխութիւններու, առողջական, մշակութային եւ ընկերային հարցերը»։
Քահանայապետը առ այդ դիւանագիտական աշխատանքը որակեց «ազնիւ եւ համբերատար», որ ըսաւ Ան «պէտք չէ միայն կանխատեսէ եւ լուծէ հակամարտութիւնները , այլեւ ամրապնդէ խաղաղ համակեցութիւնը եւ ժողովուրդներու մարդկային զարգացումը, խթանելով մարդկային արժանապատւութեան յարգանքը, ու պաշտպանելով իւրաքանչիւր այր։ մարդու, կնոջ ու մանուկի անձեռնմխելի իրաւունքները, եւ խթանելու մարդկային եւ տնտեսական համապարփակ զարգացումի ձեւեր»։
Հասարակաց տան ապագայի նկատմամբ մտահոգութիւն
Ֆրանչիսկոս Պապ արտայայտեց ապա Սուրբ Աթոռին մտահոգութիւնը հասարակաց տան ապագային նկատմամբ ու յատկապէս կլիմայական փոփոխութիւններուն հետեւանքներուն համար, յոյս յայտնելով, որ Տուպայի մէջ այս օրերուն կայացած ՄԱԿի COP28ի վեհաժողովը «կարողանայ դէպի յառաջ պատմական քայլ մը կատարել, իմաստութեամբ եւ հեռատեսութեամբ պատասխանելու տիեզերական հասարակաց բարիքի դէմ ներկայ սպառնալիքներուն»։
«Ինչպէս հաստատած էի վերոնշեալ հաւաքին ուղղած իմ ճառիս մէջ. Ժամը հրատապ է...բոլորին ապագան կախեալ է այսօրուայ մեր ընտրանքներէն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ապա հրաւիրեց աղօթել որպէսզի պետութիւններու պատասխանատուները միանան ու միասնաբար որդեգրեն լուծումներ, «որոնք մեզի թոյլ տան ապագայ սերունդներուն յանձնել աշխարհ մը որ աւելի նման ըլլայ այն պարտէզին զոր Արարիչը յանձնած էր մեր խնամքին»։
Մարդկային եղբայրութիւնն ու խաղաղութիւնը
Ճառին աւարտին Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, որ Սուրբ Աթոռին գործունէութիւնը ներշնչուած է մարդկային եղբայրութիւնը խթանելու իղձին ու նաեւ խաղաղութեան, որ պտուղն է արդարութեան, ինչպէս կ՜ըսէ Եսայի Մարգարէն։
Ան ապա ներկաներուն մաղթեց բարի աշխատանք ու հաւաստիացուց իր աղօթքները ու նաեւ Հռոմի Քուրիայի գրասենեակներուն աջակցութիւնը իրենց յանձնուած պատասխանատուութիւնը ի գործ դնելու համար։
Աստուած ձեզ օրհնէ, օրհնէ ձեր ընտանիքները, ձեր համագործակիցները եւ ձեր հայրենակիցները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ