Ֆրանչիսկոս Պապ ֆրանսացի նորընծաներուն, աւետարնեցէք որպէս քահանաներ «ոչխարներուն հոտով»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 1 դեկտեմբերին, Վատիկանի պետքարտուղար Կարդինալ Փարոլին, ֆրանչիսկոս Պապին անունով պատգամ մը յղած է համայն Ֆրանսայէն աւելի քան 700 նորընծաներուն դէպի Փարիզ կատարած ուխտագնացութեան առթիւ
Պատգամին մէջ ծիրանաւոր Ֆրանչիսկոս Պապին ջերմ միտքն ու աղօթքը փոխանցած է իւրաքանչիւր նորընծային նշելով, որ Նորին Սրբութիւնը գոհութիւն կը յայտնէ Տիրոջ իւրաքանչիւր նորընծայի ուղղած այս եզակի կոչումին համար։
Կարդինալ Փարոլին ապա շնորհակալութիւն յայտնած է նորընծաներուն, եկեղեցւոյ եւ Ֆրանսայի, յոյս եւ ուրախութիւն շնորհելուն համար, հրաւիրելով նորընծաները իրենց հոգիին մէջ արմատացնելու հիմնական ճշմարտութիւնները որոնք իրենց կեանքի եւ ինքնութեան հիմքն են ու անոնց կեդրոնը կուսակրօնութիւնն է «Կուսակրօնութեան պահանջ աստուածաբանական չէ այլ խորհրդազգաց», «Ո՛վ որ կրնայ հասկնալ թող հասկնայօ։ (Մատթ 19,12)։
Կարդինալ Փարոլին պատգամին մէջ քաջալերած է նորընծաները նշելով «Շատ մի՛ վախնաք, ոչ մէկը իշխանութիւն ունի փոխելու քահանայութեան բնոյթը,եւ ոչ մէկը երբեք պիտի չփոխէ այն, նոյնիսկ եթէ քահանայութեան ծառայութեան ձեւերը պէտք է անպայման նկատի առնէ ներկայի հասարակութեան զարգացումները եւ կոչումի ճգնաժամը, որուն մենք կը ճանչնանք»։
Կարդինալ Փարոլին որ նշեց որ այդ հասարակական զարգացումներէն մէկը, որ համեմատաբար նոր է Ֆրանսային մէջ, այն է, որ եկեղեցական հաստատութիւն ու անոր հետ քահանան այլեւս չեն ճանչցուած ընդգծելով թէ ահա ինչու Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ պահանջուած՝ աւետարանումը շարունակելու միակ ձեւը՝ որպէսզի իւրաքանչիւր անձ անձնական հանդիպում ունենայ Քրիստոսի հետ, այն է որդեգրել մօտիկութեան, կարեկցութեան, հեզութեան, ձրիութեան, պարզութեան, աղքատութեան հովուական ծառայութեան ոճը, Քահանան որ գիտէ իր ոչխարներու հոտը, ու կը քալէ անոնց հետ, անոնց կշռոյթով։ Այս ձեւով է, որ քահանան պիտի դպչի հաւատացեալներուն սիրտին, կ՝արժանանայ անոնց վստահութեան ու կը ծանօթացնէ Քրիստոսին հետ։
Կարդինալ Փարոլին պատգամին մէջ նկատել տուած է նորընծաներուն, որ կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց միակ լուծումը Քրիստոսի հետ զօրաւոր, կենդանի եւ հարազատ յարաբերութիւնը հաստատելն է ինչպէս նաեւ Սիրել Յիսուսը ամէնը բանէ աւելի, ու Անոր Սէրը բաւարար ըլլալով յաղթական դուրս պիտի գան բոլոր ճգնաժամերէն ու դժուարութիւններէն։
«Եթէ Յիսուս ինծի բաւարար է,կարիքը պիտի չ՝ունենամ նիւթական բարիքներուն, ոչ ալ վայելելու աշխարհի հրապոյրները, ոչ ալ ապագային վստահութիւնները։ Հակառակ պարագային կ՝ենթարկուինք այս գայթակղութիւններուն եւ թուլութիւններուն» նշեց Վատիկանի Պետքարտուղար։
Ան պատգամը աւարտած նշելով որ Ֆրանչիսկոս Պապ ֆրանսային պաշտպան Սուրբ, Վերափոխման Աստուածամօր բարեխօսութիւնը կը հայցէ բոլորին վրայ ու սրտանց կը շնորհէ իր առաքելական օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ