Եկեղեցական կանոնագիրքէն էջ Եկեղեցական կանոնագիրքէն էջ  

Ֆրանչիսկոս Պապ. Թող եկեղեցական իրաւագիտութիւնը ըլլայ աւելի միսիոնարական եւ հովուական ծառայութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապին Consociatio Internationalis Studio Iuris Canonici Promovendo ընկերակցութեան նախագահին եւ անդամներուն յղած պատգամը ընկերակցութեան հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առթիւ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկսոս Պապ պատգամ մը ուղղեց Consociatio Internationalis Studio Iuris Canonici Promovendo ընկերակցութեան նախագահ, Փրոֆ Քիարա Մինելլիի, հիմնարկութեան 50-րդ տարեդարձին առթիւ։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց որ վերոյիշեալ ընկերակցութիւնը ծագում առաւ եւ զարգացաւ եկեղեցական եւ քաղաքացիական համալսարաններու մէջ իրաւագիտութեան մասնագէտներ միացնելու նպատակով՝ եկեղեցւոյ կեանքին կարեւոր կարգապահութիւն յառաջ մղելու համար, ընդգծելով, որ անձը Եկեղեցական եւ քաղաքացիական իրաւագիտութեան կեդրոնն է։ Եւ կանոնագիտութեան իւրայատկութիւնը անձն է, որպէս Քրիստոսով փրկուած անձ, որպէս եկեղեցւոյ մէջ հաւատացեալ ու օրէնքներու միջոցաւ ըլլայ եկեղեցին, ըլլայ քաղաքացիական հասարակութիւնը նպատակ ունին ձեռք բերել ընդհանուր բարիքը։

Նորին Սրբութիւն նշեց որ Եկեղեցական բոլոր հարթակներն ու կառոյցները պէտք են որ բոլորը աշխատին հովուական ծառայութեան եւ միսիոնարական դարձի համար, աշխարհի մէջ տանելու համար միակ բանը, Յիսուսի ողորմութեան աւետարանը։

«Նաեւ իրաւագիտութիւնը ներգրաւուած է այս պաշտօնին մէջ՝ տրուած Վարդապետին կողմէ եկեղեցւոյ, հետեւաբար կարեւոր է ըլլայ հովուական եւ միսիոնարական ծառայութիւնները։

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորեց եւ բարձր գնահատեց ընկերակցութեան քրիստոնեայ ընտանիքին բարձր մակարդակով մատուցած ծառայութեան համար, մաղթելով որ համաժողովը որուն նիւթն է «Իրաւագիտութեան խթանման յիսուն տարիները իրաւական. գիտութեան համաշխարհային համապատկերին մէջ» ըլլայ խորհրդածութեան նախախնամական ժամանակ վերանորոգելու համար համագործակցութիւնը՝ եկեղեցւոյ այս նուրբ ոլորտէն ներս ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց ապահովուելով իր աղօթքը բոլորին հայցելով Սուրբ Ռէմոնտօ տի Փենաֆորթի բարեխօսութիւնը, որպէսզի յիշեալ ձեռնարկը բերէ ցանկալի արդիւնքներ ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2023, 13:32