Կարդինալ Փարոլին «Թեզէ»ի երիտասարդներուն «Դարձէք կրօններու, մշակոյթներու եւ ժողովուրդներու միջեւ կայուն կամուրջներ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
28 դեկտեմբերէն մինչեւ 1 յունուար 2024, Լուպիանա քաղաքին մէջ սկիզբ առած է Թեզէի հասարակութեան կողմէ կազմակերպուած Եւրոպական 46-րդ հաւաքը։
Այս առթիւ Վատիկանի Պետքարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով պատգամ մը ուղղեց յիշեալ հանդիպումի մասնակիցներուն, անոնց փոխանցելով Նորին Սրբութեան մօտիկութիւնն ու ողջոյնները։
«Միասին Քալել» նիւթով Թեզէի 46-րդ հանդիպումի մասնակիցներուն յղած պատգամին մէջ կարդինալ Փարոլին յիշելով վերջերս կայացած երիտասարդներու միջազգային օրը նկատել տուաւ, որ անիկա երիտասարդներու համար առիթ դարձաւ ապրելու որպէս եկեղեցի, որպէս հասարակութիւն ինչպէս նաեւ Աստուծոյ եւ ուրիշներու հետ գեղեցիկ փորձարութիւն։ «Դուք Աստուծոյ այսօրն էք, եկեղեցւոյ այսօրը ու եկեղեցին ձեզի պէտքը ունի» նշեց կարդինալ Փարոլին։
Ան ապա անդրադառնալով ներկայ աշխարհին, որուն մէջ կ՝ապրինք «Լեցուն աղմուկներով եւ ուր խեղդուած են լռութեան եւ լսելու արժէքները» հրաւիրեց վերագտնել լսելու խորունկ ծաւալը ընդգծելով, թէ ունկնդրութիւնը սիրոյ գործողութիւն է ու անիկա կը գտնուի վստահութեան հիմքին վրայ։ «Ունկնդրութիւնը ուրիշին կը շնորհէ այն տարածքը, որ անհրաժեշտ է գոյութեան համար»։
Կարդինալ Փարոլին յորդորեց կառուցել տարբեր աշխարհ մը, ունկնդրութեան աշխարհ մը, երկխօսութեան եւ բացութեան աշխարհ մը։ հրաւիրեց միասնաբար աշխատիլ, հասարակութիւններու կեանքի որակական վերափոխման համար։ «Միասին քալել կը նշանակէ փակել մարդկանց կարգ մը դասակարգի անձերու դիմաց փակումի, բացառումի ուղիները» գրեց կարդինալ Փարոլին Թեզէի հանդիպումի մասնակիցներուն հրաւիրելով զանոնք դառնալ կայուն կամուրջներ կրօններու, ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու միջեւ՝ բաց եւ կայուն աշխարհի համար։
Կարդինալ Փարոլին պատգամին մէջ նշեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապ ու եկեղեցին իրենց վստահութիւնը կը դնեն երիտասարդներուն վրայ Հրաւիրելով զանոնք իրենց խօսքերով ու գործերով զօրաւոր պատգամը մը փոխանցեն աշխարհին, որ կը մերժէ խոցելի դասակարգը։
Ձեր եւ ձեր ընտանիքներու համար հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ ի սրտէ կը շնորհէ իր առաքելական օրհնութիւնը ու կը խնդրէ, որ աղօթէք իրեն համար գրեց Վատիկանի Պետքարտուղարը Թեզէի հաւաքի մասնակիցներու ուղղած պատգամին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ