Փոքրիկ Ինտի Կրէկորին ու անոր ծնողքը Փոքրիկ Ինտի Կրէկորին ու անոր ծնողքը  (Claire Staniforth and Dean Gregory)

Ֆրանչիսկիոս Պապին ցաւը փոքրիկ Ինտի Կրէկորիին համար. Թանկարժէք Աստուծոյ դուստրը։

Ֆրանչիսկոս Պապին անունով կարդինալ Փարոլինի ցաւակցագիրը փոքրիկ Ինտի Կրէկորիին մահուան առիթով որուն յուղարկաւորութիւնը արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Նոթթինկամի տաճարին մէջ, նախագահութեամբ թեմի եպիսկոպոսին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Այսօր՝ ուրբաթ, 1 դեկտեմբերին, Լոնտոնի Նոթթինկամ տաճարէն ներս կատարուեցաւ անցեալ 13 նոյեմբերին, կենսապահովման միջոցներու դադրեցումէն ետք մահացած, 8 ամսուայ Ինտի Կրէկորի փոքրիկ աղջկան յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, նախագահութեամբ Նոթթինկամի Եպիսկոպոս գերապայծառ Փաթրիք Մքիննին։

Այս տխուր առիթով, Վատիկանի պետքարտուղար կարդինալ Փարոլին, ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւացկագիր յղեց Նոթինկամի եպիսկոպոս գերապայծառ Փաթրիք Մաքիննի, որուն մէջ Նորին Սրբութեան ցաւը յայտնեց փոքրիկ աղջկան մահուան լուրի համար ու ինչպէս նաեւ հոգեւոր մօտիկութիւնը Ինտիի ծնողաց եւ բոլոր անոնց, որոնք կը ողբան Աստուծոյ թանկագին դուստրի կորուստը։

«Յանձնելով Ինտին երկնային հօր քնքուշ ձեռքերուն, Նորին Սրբութիւնը կը միանայ բոլոր անոնց որոնք միացած են փոքրիկ աղջկան յուղարկաւորութեան արարողութեան, գոհութիւն յայտնելով Ամենակալին, անոր կարճ կեանքի պարգեւին համար» գրեց կարդինալ Փարոլին ցաւակցագիրին մէջ աւելցնելով, որ Ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքը կ՝ապահովուէ Յիսուսին, որ իր առաքեալներուն ըսած է, թոյլ տուէք փոքրիկներու որ քովս քան… որովհետեւ անոնց կը պատկանի երկնքի արքայութիւն եւ որպէսզի բոլորին շնորհէ ուժ մխիթարութիւն եւ մշտական խաղաղութիւն

Յայտնենք թէ Ինտի Կրէկորին կը տառապէր հազուադէպ հիւանդութենէ ու կեդանի պահուած էր շնորհիւ կենսապահովման միջոցներու։

Անգլիոյ մէջ գործող օրէնսդրութեան համաձայն, ընդունելով Նոթթինկամի “Queen’s Medical հիւանդանոցի բժիշկներու կարծիքը՝ ուր կը գտնուէր փոքրիկ աղջիկը, անգլիացի դատաւորները նկատի առնելով թէ չկայ բուժումի հնարաւորութիւնները, որոշեցին դադրեցնելով կենսաապահովման միջոցները ինչ որ  փոքրիկ աղջկան լաւագոյն շահերէն մէկն է, որոշում մը որուն դէմ կանգնեցան Ինտիի ծնողքը, իրաւական գետնի վրայ պայքար մղելով, որպէսզի անոնց աղջկան թոյլ տրուի ապրիլ մինչեւ բնական մահ։

Իտալիոյ կառավարութիւնը աջակցելով  փոքրիկ աղջկան ընտանիքին Իտալական հպատակութիւնը շնորհեցին Ինտիին, որպէսզի փոխադրուի Հռոմի Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2023, 12:13