2023.12.13 Udienza Generale

Եփփաթա` բացուէ Եկեղեցի. Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն

Մենք ալ որ Եփփաթան ընդունեցանք Սուրբ Հոգիէն Սուրբ Մկրտութեան պահուն կոչուած ենք բացուելու։ «Բացուէ», կ՛ըսէ Յիսուս իւրաքանչիւր հաւատացեալի ու իր Եկեղեցւոյ։ Բացուէ, որովհետեւ Աւետարանի պատգամը պէտք ունի քեզի, որպէսզի վկայուի ու հռչակուի։ Քրիստոնեան պէտք է բաց ըլլայ Աստուծոյ Խօսքին ու միւսներու ծառայութեան։ Փակ քրիստոնեաները վատ աւարտ ունին, որովհետեւ քրիստոնեայ չեն այլ գաղափարախօսներ, փակումի գաղափարախօսներ։ Քրիստոնեան պէտք է բաց ըլլայ եւ այդ Եփփաթան, բացուիլը, հրաւէր է մեզի բոլորիս»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր կ՛աւարտենք առաքելական եռանդի նուիրուած խորհրդածութիւններու շարքը, որոնց ընթացքին ներշնչուեցանք Աստուծոյ Խօսքէն, որպէս օգնութիւն մշակելու համար Աւետարանը հռչակելու կիրքը։ Անիկա կը հայի իւրաքանչիւր քրիստոնեայի»։ Ֆրանչիսկոս Պապը այս խօսքերով սկիզբ տուաւ 13 դեկտեմբեր 2023ի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան, զոր ներկայացուց Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս։

Խուլ ու համր մարդուն բժշկութիւնը

Ակնարկելով Սուրբ Մկրտութեան յիշեց` թէ քահանան մկրտեալին ականջներուն ու շրթունքներուն դպչելով կ՛ըսէ. «Տէր Յիսուս, որ խուլերուն լսողութիւն տուաւ եւ  համրերուն խօսք, քեզի թոյլ տայ ունկնդրել անոր խօսքը ու դաւանիլ հաւատքդ»։ Ան ապա ակնարկեց ունկնդրութեան սկիզբը կարդացուած Աւետարանական հատուածին, որ քաղուած էր Մարկոսի Աւետարանէն, ուր կը պատմուի այն հրաշքի մասին զոր Յիսուս գործեց Գալիլիոյ մէջ, բժշկելով խուլ ու համր մարդ մը։

Եփփաթա

Մարկոս Աւետարանիչը կը խօսի վայրերու մասին ուր գործուած է հրաշքը « ...Գալիլեայի ծովեզերքը, Դեկապոլիսի սահմաններուն մէջէն»։ Այս հողատարածքները ընդհանրապէս բնակուած էին հեթանոսներով։ Համրութեան և խուլութեան իմաստը Աստուածաշնչին մէջ հիմնականին մէջ փոխաբերական իմաստ ունի և կը նշանակէ փակում Աստուծոյ կոչերուն» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով այդ հրաշքի ընթացքին Յիսուսին օգտագործած «Եփփաթա» բառին` որ կը նշանակէ բացուէ։ Այս ալ հրաւէր մըն է ուղղուած ոչ միայն համր ու խուլ մարդուն, որ կարող չէր այդ պահուն ունկնդրել զայն, այլ բոլոր ժամանակներու աշակերտներուն» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Բացուէ կոչը ուղղուած է իւրաքանչիւր հաւատացեալի

Մենք ալ որ Եփփաթան ընդունեցանք Սուրբ Հոգիէն Սուրբ Մկրտութեան պահուն կոչուած ենք բացուելու։ «Բացուէ», կ՛ըսէ Յիսուս իւրաքանչիւր հաւատացեալի ու իր Եկեղեցւոյ։ Բացուէ, որովհետեւ Աւետարանի պատգամը պէտք ունի քեզի, որպէսզի վկայուի ու հռչակուի։ Քրիստոնեան պէտք է բաց ըլլայ Աստուծոյ Խօսքին ու միւսներու ծառայութեան։ Փակ քրիստոնեաները վատ աւարտ ունին, որովհետեւ քրիստոնեայ չեն այլ գաղափարախօսներ, փակումի գաղափարախօսներ։ Քրիստոնեան պէտք է բաց ըլլայ եւ այդ Եփփաթան, բացուիլը, հրաւէր է մեզի բոլորիս», յարեց Քահանայապետը։

Գացէք աշակերտեցէք

Աւետարաններու աւարտին Յիսուս մեզի կը փոխանցէ իր այս միսիոներական փափաքը. Գացէք աւելի անդին, գացէք աշակերտէք, գացէք Աւետարանը քարոզելու։

Եղբայրներ եւ քոյրեր մենք ալ որպէս մկրտեալներ, կոչուած ենք վկայելու եւ հռչակելու Յիսուսը ու որպէս Եկեղեցի հայցելու ենք շնորհքը գիտնալ իրագործել հովուական եւ միսիոներական դարձ մը։ Տէրը Գալիլիոյ ափերուն Պետրոսին հարց տուաւ եթէ կը սիրէ զինք ապա անորմէ խնդրեց, որ հովուէ իր ոչխարները։

Մենք ալ մենք մեզի հարց տանք եթէ իրապէս կը սիրենք Տէրը մինչեւ այն աստիճան, որ կ՛ուզենք զայն հռչակել։ Եթէ կ՛ուզենք ըլլալ Անոր վկան կամ կը բաւարարուինք անոր աշակերտը ըլլալու։ Եթէ կ՛ուզենք բան մը ընել, որպէսզի Աւետարանի ուրախութիւնը, որ իմ կեանքս փոխակերպեց, աւելի գեղեցիկ դարձնէ նաեւ այն մարդոց կեանքը որոնց կը հանդիպինք։ Մտածենք այս հարցումներու մասին ու յառաջ ընթանանք մեր վկայութեամբ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2023, 09:45

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >