2023.12.07 Videomessaggio del Papa all'Arcieparchia di Ernakulam-Angamaly dei Siro-Malabaresi

Ասորի Մալանպար Էրնաքուլան-Անկամալի Աւագ Թեմին ուղղուած Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը

Պատգամին մէջ Քահանայապետը հաստատեց, որ «Եկեղեցին հաղորդութիւն է» եւ խօսքը ուղղելով Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդին, կրօնաւոր կրօնաւորուհիներուն ու աշխարհականներուն, «Տիրոջ անունով» խնդրեց, որ «բաժանումը վերացնեն» եւ «շարունակեն մնալ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սրտին մէջ» ընդունելով Սիւնհոդոսին որոշումները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 7 դեկտեմբեր 2023ին Ֆրանչիսկոս Պապը լսատեսողական պատգամ մը յղեց հնդկաստանի Ասորի Մալանպար Էրնաքուլան-Անկամալի Աւագ Թեմին ի տես այն անձանց, որոնք կը մերժեն ծէսը կատարել Ասորի Մալանպար Սինոդի կողմէ որդեգրուած ձեւով, յառաջացնելով բաժանում եւ բռնութիւններ։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց թէ այս վէճերուն ետին կայ աշխարհիկ պատճառներ, «որոնք Սուրբ Հոգիէն չեն գար» եւ «որոնք ոչ մէկ կապ ունին Պատարագի եւ ծիսակատարութեան հետ» եւ ասկէ մեկնելով կոչ ուղղեց ի նպաստ միութեան յորդորելով չի հետեւիլ անոնց` որոնք կը մղեն անհնազանդութեան ըլլայ Եկեղեցւոյ մէջ ըլլայ Եկեղեցիէն դուրս։

Եկեղեցին հաղորդութիւն է

Քահանայապետը ապա խրախուսեց զանոնք խուսափելու համայնքը դարձնելէ «աղանդ» մը եւ Զինք ստիպելու դիմելու պատժամիջոցներու։

Պատգամին մէջ Քահանայապետը հաստատեց, որ «Եկեղեցին հաղորդութիւն է» եւ խօսքը ուղղելով Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդին, կրօնաւոր կրօնաւորուհիներուն ու աշխարհականներուն, «Տիրոջ անունով» խնդրեց, որ «բաժանումը վերացնեն» եւ «շարունակեն մնալ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սրտին մէջ» ընդունելով Սիւնհոդոսին որոշումները։

Խուսափիլ Քրիստոսի Մարմինը վիրաւորելէ

«Այնպէս ըրէք` որ 2023 Սուրբ Ծնունդին ձեր Եկեղեցին հաւատարմութեամբ եւ հեզութեամբ յարգէ Սիւնհոդոսին որոշումները», յարեց Սրբազան Պապը, զանոնք զգուշացնելով սատանայի թակարդներէն...Ան ապա հրահանգեց որ յաջորդ Սուրբ Ծննդեան տօնին Պատարագը մատուցուի հաղորդութեան մէջ, որպէսզի այդ օրը դառնայ բոլորին ծնունդը։

«Խնդրեմ մի շարունակէք վիրաւորել Քրիստոսին Մարմինը։ Անորմէ մի բաժնուիք ու նոյնիսկ եթէ ձեր նկատմամբ սխալներ գործուած են, ներեցէք վեհանձնութեամբ» եղաւ Քահանայապետին յորդորներէն վերջիններէն մին։ Ան ապա պատգամը աւարտեց բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնները ու հայցելով` որ Սուրբ Հոգին լուսաւորէ զանոնք ապա խնդրեց «մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2023, 12:45