VATICAN-RELIGION-POPE-ANGELUS

Պատերազմը մարդկութեան դէմ ոճիր է. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Աղօթենք ու գործենք խաղաղութիւնը դաստիարակելու պարգեւին համար։ Պատերազմը ինքնիր մէջ մարդկութեան դէմ ոճիր է։ Չմոռնանք այս մէկը` պատերազմը ինքնիր մէջ ոճիր է մարդկութեան դէմ։ ժողովուրդները խաղաղութեան կարիքը ունին։ Աշխարհը ունի խաղաղութեան կարիք» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 14 Յունուարի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն ետքը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորները հրաւիրեց զանոնք չմոռնալ աղօթելու Քոլոմպիայի մէջ տեղի ունեցած հողակոյտետու թաւալումի զոհերուն համար ու նաեւ չմոռնալ անոնք` որոնք կը տառապին պատերազմի դաժանութենէն, աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ, յատկապէս Ուքրանիոյ, Պաղեստինի և Իսրայէլի մէջ։

Պատերազմը ոճիր է

«Տարուան սկիզբը փոխանակեցինք խաղաղութեան մաղթանքներ, սակայն զէնքերը շարունակեցին սպաննել ու կործանել» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով աղօթելու` «որպէսզի անոնք` որոնք իշխանութիւն ունին այս հակամարտութիւններուն վրայ, խորհին այն իրականութեան մասին թէ պատերազմը հարցերը լուծելու ճանապարհ չէ, որովհետեւ անիկայ մահ կը սերմանէ քաղաքացիներուն միջեւ, ու կը կործանէ քաղաքներ եւ ենթակառոյցներ։ Այլ խօսքով այսօր պատերազմը ինքնիր մէջ մարդկութեան դէմ ոճիր է։ Չմոռնանք այս մէկը` պատերազմը ինքնիր մէջ ոճիր է մարդկութեան դէմ» շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով` որ «ժողովուրդները խաղաղութեան կարիքը ունին։ Աշխարհը ունի խաղաղութեան կարիք»։

Դաստիարակել խաղաղութիւն

Ան ապա ակնարկեց Իտալական հեռուստակայանի «A Sua Immagine» յայտագիրի ժամանակ Երուսաղեմի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ փոխանորդ` Հայր Ֆլաթասի վկայութեան, ուր ան խօսեցաւ «խաղաղութիւնը դաստիարակելու» կարեւորութեան մասին եւ ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը ընդգծեց թէ «պէտք է դաստիարակենք խաղաղութիւնը։ Եւ ակնյայտ է` թէ տակաւին, համայն մարդկութիւնը, չունի այնպիսի դաստիարակութիւն, որ կասեցնէ պատերազմները։

Աղօթենք միշտ այս պարգեւին համար` դաստիարակել խաղաղութիւնը» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ու ինչպէս միշտ աղօթք խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2024, 12:37