Որոնել

Աւետարանը հռչակելը ժամանակի վատնում չէ, այլ կ՛օգնէ ուրիշները երջանիկ դարձնել. Ֆրանչիսկոս Պապ

Յիսուս կը սիրէ մեզ ներգրաւել իր փրկութեան ծրագրին մէջ, մեզ կ՛ուզէ գործունեայ Իր հետ, պատասխանատու եւ դերակատարներ։ Քրիստոնեան, որ գործունեայ չէ, պատասխանատու չէ Տէրը հռչակելու գործին մէջ եւ որ իր հաւատքի գլխաւոր դերակատարը չէ, քրիստոնեայ չէ կամ, ինչպէս տատիկս կ՛ըսէր «վարդաջրերու» քրիստոնեայ է... Յիսուս այս մէկին կարիքը չունէր եւ այդ կ՛ընէ հակառակ, որ այս մէկը պատճառ կը դառնայ իր վրայ վերցնելու մեր սահմանափակումներուն բեռը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօրուայ Աւետարանը կը պատմէ առաջին աշակերտներուն կոչումը (Մարկոս 1,14-20) եւ Յիսուս այս մէկը կ՛ընէ իր հրապարակային կեանքին սկիզբը, կը մօտենայ երիտասարդ ձկնորսներուն ու զանոնք կը հրաւիրէ իրեն հետեւելու, որպէսզի դառնան «մարդոց որսորդներ»։

Յիսուս կը սիրէ մեր ներգրաւել

«Յիսուս կը սիրէ մեզ ներգրաւել իր փրկութեան ծրագրին մէջ, մեզ կ՛ուզէ գործունեայ Իր հետ, պատասխանատու եւ դերակատարներ։ Քրիստոնեան, որ գործունեայ չէ, պատասխանատու չէ Տէրը հռչակելու գործին մէջ եւ որ իր հաւատքի գլխաւոր դերակատարը չէ, քրիստոնեայ չէ կամ, ինչպէս տատիկս կ՛ըսէր «վարդաջրերու» քրիստոնեայ է։ Ասոնք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խօսքերն են, զոր Ան արտասանեց կիրակի 21 Յունուարի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան ժամանակ, մեկնաբանելով օրուան Մարկոսի Աւետարանէն քաղուած հաստուածը որ ինչպէս նշեց նոյնինքն Նորին Սրբութիւնը, կը պատմէ Յիսուսին առաքելութեան սկիզբը եւ առաջին չորս առաքեալներու կոչումին դրուագը։

«Յիսուս այս մէկին կարիքը չունէր եւ այդ կ՛ընէ հակառակ, որ այս մէկը պատճառ կը դառնայ իր վրայ վերցնելու մեր սահմանափակումներու բեռը» յարեց Քահանայապետը ակնարկելով համբերութեան` զոր Յիսուս ունեցաւ իր աշակերտներուն հետ, «որոնք յաճախ չէին հասկնար իր խօսքերը», կամ «համաձայն չէին իր հետ», ու «երկար ժամանակ չէին ընկալած անոր քարոզութեան էական կողմերը, ինչպէս ծառայութիւնը»։

Աստուծոյ փրկութիւնը բոլորին տանելու ուրախութիւնը

«Բայց եւ այնպէս Յիսուս զանոնք ընտրեց ու շարունակեց վստահիլ անոնց վրայ։ Այս մէկը սքանչելի բան մըն է, մենք մեղաւորներ ենք եւ Յիսուս ասոր հակառակ մեզ ընտրեց ու մեզի կը վստահի» ըսաւ Սրբազան Պապը, հարց տալով թէ «ի՞նչու» եւ այս հարցումին պատասխանեց ընդգծելով, որ «Աստուծոյ փրկութիւնը բոլորին տանիլը եղաւ Յիսուսին ամենամեծ ուրախութիւնը, առաքելութիւն, անոր մեր մէջ ներկայութեան իմաստը»։

Աւետարանը հռչակելը կորսուած ժամանակ չէ

«Իւրաքանչիւր խօսքին ու արարքին մէջ, որով մենք Իրեն կը միանանք, սէր նուիրելու գեղեցիկ արկածախնդրութեան մէջ, լոյսն ու ուրախութիւնը կը կրկնապատկուին» հաստատեց Քահանայապետը մատնանշելով, որ «Աւետարանը հռչակելը կորսուած ժամանակ չէ, այլ կը նշանակէ ըլլալ աւելի երջանիկ` օգնելով, որ միւսները դառնան երջանիկ։ Կը նշանակէ ազատիլ մենք մեզմէ, միւսները օգնելով դառնալու ազատ։ Կը նշանակէ դառնալ աւելի լաւ միւսները օգնելով, որ դառնան աւելի լաւ»։

Համտեսել Աւետարանին ուրախութիւնը

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալու, եթէ մեր կեանքին մէջ կը վկայենք ու կը ճանչցնենք Յիսուսը ու եթէ երախտապարտ ենք Անոր, մեզի պարգեւած այս կոչումին համար, ապա խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը` «որպէսզի օգնէ մեզի համտեսելու Աւետարանին ուրախութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2024, 12:05

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >