TOPSHOT-HUNGARY-VATICAN-RELIGION-POPE

Ֆրանչիսկոս Պապ մտադիր է այցելել Փափուայ Նոր Կինէան

Ովկիանիայի երկրորդ ամենամեծ պետութիւն՝ Փափուա Նոր Կինէան, տունն է աւելիք 9 միլիոն քրիստոնեաներու, գրեթէ համայն բնակչութիւնը, թէև երկրին բնակչութեան մեծամասնութիւնը բողոքական է և կը շարունակէ պահպանել աւանդական հոգիական կամ հոգևոր համոզմունքներ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի պատասխանելով լրագրողներուն իրեն ուղղած հարցումներուն, Փափուայ Նոր Կինէայի Վարչապետին Քահանայապետի հաւանական ճամբորդութեան մը մասին կատարած յայտարարութենէն ետքը, նշեց, թէ այդ մէկը «տակաւին շատ նախնական փուլի մէջ է»։

Արդարեւ Երկրին այցելութեան կարելիութիւնը նախատեսուած էր 2020 թուականին նախ քան Քովիտ19ի համավարակը օդ հաներ բոլոր ծրագիրները։

Պրունին յայտնեց նաեւ թէ նոյնինքն Քահանայապետը որոշ հարցազրոյցներու ընթացքին փափաք արտայայտած էր մեկնիլ Խաղաղ ովկիանոսի հարաւ-արևմուտք գտնուող այդ Երկիրը անոր միացնելով Արեւելեան Թիմորը, այդ առթիւ մատնանշելով, թէ ինք յաճախ մտածած է թէ «աշխարհը աւելի յստակ կ՛երեւի արուարձաններէն»:

Ովկիանիայի երկրորդ ամենամեծ պետութիւն՝ Փափուա Նոր Կինէան, տունն է աւելի 9 միլիոն քրիստոնեաներու, գրեթէ համայն բնակչութիւնը, թէև երկրին բնակչութեան մեծամասնութիւնը բողոքական է և կը շարունակէ պահպանել աւանդական հոգիական կամ հոգևոր համոզմունքներ:

Կաթողիկէ եկեղեցին այնտեղ է սկսած է գործել 150 տարի առաջ. Ներկայիս ունի 19 թեմ։ Երկրի խորհրդարանի շէնքի կենտրոնին մէջ պահպանուած է Ճեյմս թագաւորի Աստուածաշնչի հորթի մորթով կազմուած նմուշը։

Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը երկու անգամ այցելած է Երկիրը, առաջինը երկու օրով՝ 1984թ. մայիսի 7-ին և 8-ին, որպէս երկար ճանապարհորդութեան մաս մը, որ ընդգրկած էր Քորէան, Սողոմոնի կղզիները և Թայլընտը։ Այնուհետև 1995թ. Յունուարին, երբ վայրէջք կատարելով Port Moresby միջազգային օդակայան, դիմաւորուեցաւ տօնական մթնոլորտի մէջ տեղական աւանդական ցեղային պար պարող պարեխումբերու կողմէ եւ այդ առիթով ըսաւ. «Ինձ համար մեծ ուրախութիւն է, որ վերադարձայ այս գեղեցիկ երկիր: Ես շնորհակալ եմ ձեր ջերմ ընդունելութեան համար։ Ես անհամբեր կը սպասէի այս այցին, որպէսզի նորէն զգամ ձեր ժողովրդի կենդանի քրիստոնէական հաւատքը և անձամբ տեսնեմ ձեր ազգի առաջընթացը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2024, 09:00