Ֆրանչիսկոս Պապը Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու հետ մշակութային համագործակցութեան կաթողիկէ կոմիտէի անդամները Ֆրանչիսկոս Պապը Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու հետ մշակութային համագործակցութեան կաթողիկէ կոմիտէի անդամները  (Vatican Media)

Աշխարհը խաղաղութեան եւ հաղորդութեան նոր սերմերու բողբոջներ տեսնելու կարիքն ունի․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու հետ մշակութային համագործակցութեան կաթողիկէ կոմիտէի անդամները՝ ստեղծման 60ամեակի առթիւ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 12 Յունուարին, Քոնչիսթորօ դահլիճէն ներս ընդունեց Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու հետ մշակութային համագործակցութեան կաթողիկէ կոմիտէի անդամները՝ Կոմիտէի ստեղծման 60ամեակի առթիւ։

Ան իր պատգամին մէջ առաջին հերթին երախտագիտութիւն յայտնեց Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Վերատեսչութեան պատասխանատուներուն, որոնց ղեկավարութեամբ կ’իրագործուի «Եկեղեցւոյ հանդէպ սիրոյ այս ուղեւորութիւնը», եւ Կաթողիկէ ակադեմիական հաստատութիւններուն, որոնք Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու կողմէ առաքուած հոգեւորականներուն եւ աշխարհականներուն վերապատրաստման հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն։

Յաղթահարել նախապաշարմունքները եւ կառուցել երկխօսութեան և բարեկամութեան կամուրջներ

Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տուաւ, որ ուսանողները՝ ուսումը աւարտելէն ետք վերադառնալով իրենց համայնքներ՝ ի սպաս կը դնեն ձեռք բերուած հմտութիւնները։

Այդպիսով, շեշտեց Ան, «ողջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ անունով» կ’իրականացուի «առարկայական ու անշահախնդիր ծառայութիւն՝ յօգուտ Արեւելքի քոյր Եկեղեցիներու», որ «կ’օգնէ ըլլայ ուղղափառ եւ արեւելեան ուղղափառ, ըլլայ կաթողիկէ ուսանողներուն ՝ յաղթահարելու նախապաշարմունքները, քանդելու պատնէշները եւ կառուցելու երկխօսութեան եւ բարեկամութեան կամուրջներ»։

Սրբազան Քահանայապետը՝ յղում կատարելով քրիստոնէական սկզբնական համայնքներուն, յիշելով «այն աշակերտները, որ հետագային առաքեալներ դարձան», ընդգծեց, որ չնայած շատ տարբերութիւններու՝ անոնք «իրենց միասնութիւնը Յիսուսի մէջ գտան եւ քալելով Անոր ետեւէն՝ քալեցին իրարու հետ։ Եւ այս միասնութիւնը գթասիրութեան մէջ ամրացուց Սուրբ Հոգին»։

Միասին քալել Յիսուսի ետեւէն

«Սիրելիներս այս է ճանապարհը նաեւ ձեզի համար՝ միասին քալել Յիսուսի ետեւէն՝ նոյն Հոգիով կենդանացած», շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը՝ համոզմունք յայտնելով, որ «սխալներով եւ անհասկացողութիւններով, մեղքերով և կարծրատիպներով արատաւորուած անցեալի պատմութիւնները կարող են աստիճանաբար բուժուիլ, քանզի ներառուած են շատ աւելի մեծ պատմութեան՝ Քրիստոսի նկատմամբ հաւատարմութեան պատմութեան մէջ, որ «սիրեց Եկեղեցին եւ ինքզինքը նուիրեց Անոր» (Եփես. 5:25):

«Այս է իմ յոյսս», ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ մաղթեց, որ ուսմունքի «տարիները ըլլան գթասրտութեան մարգարէութիւն եւ միասնութեան սերմեր՝ ի բարօրութիւն աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներու եւ այդ իսկ աշխարհի, որ խաղաղութեան եւ հաղորդութեան նոր սերմերու բողբոջներ տեսնելու կարիքն ունի»:

Ի վերջոյ, Սրբազան Պապը վստահեցնելով իր աղօթքները խնդրեց աղօթել նաեւ իրեն համար ու խօսքը աւարտեց հրաւիրելով միասնաբար աղօթելու տէրունական աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2024, 11:51