Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը DIALOP Խումբի անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը DIALOP Խումբի անդամներուն հետ  (Vatican Media)

Մեծ երազանքները կը պարգեւեն շրջադարձի պահեր եւ առաջընթաց․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Dialop Խումբի ներկայացուցիչները․ նախաձեռնութիւն, որ ծնած է 2014 թուականին՝ յանուն ընկերվարականներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ ընդհանուր բարոյագիտութեան:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 10 Յունուարին, ունկնդրութիւն շնորհեց DIALOP (Transversal Dialogue Project) Խումբի պատուիրակութեան անդամներուն։

Երազել աւել լաւ աշխարհ

Անոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը Պապը՝ «ընկերվարականներու/մարքսիստականներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ երկխօսութեան միջոցաւ ընդհանուր բարօրութեան խթանման»՝ անոնց յանձնառութեան առնչութեամբ, ընդգծեց, որ այդ մէկը «լաւ ծրագիր» է եւ յորդորեց երբեք չի նահանջել այդ նպատակէն եւ չի հրաժարիլ աւելի լաւ աշխարհ երազելէ։

«Դարերու ընթացքին ազատութեան, հաւասարութեան, արժանապատուութեան եւ եղբայրութեան մեծ երազանքներն են, որ պարգեւած են շրջադարձի պահեր եւ առաջընթաց», շեշտեց Նորին Սրբութիւնը:

Ասկէ մեկնելով՝ Ան խորհուրդ տուաւ ստանձնած յանձնառութեան ի նպաստ դրսեւորել երեք վարմունքներ՝ նախապատկերներ ջնջելու քաջութիւն, թոյլերու նկատմամբ ուշադրութիւն եւ օրինականութեան խթանում:

Նախապատկերներ ջնջելու քաջութիւն՝ շրջադարձ կատարելու համար

«Նախ՝ քաջութիւն ունեցէք ջնջել նախապատկերները, որպէսզի բացուիք երկխօսութեան եւ նոր ուղիներուն: Տարբեր մակարդակներուն վրայ հակամարտութիւններով եւ բաժանումներով նշանաւորած ժամանակի մը մէջ, եկէք մեր աչքերուն առջեւէն չի կորսնցնենք այն, ինչ տակաւին կրնանք ընել՝ շրջադարձ կատարելու համար», նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը՝ առաջին վարմունքին անդրադառնալով։

Քաղաքականութիւնը չէ կարող թելադրուիլ ֆինանսական եւ շուկայական համակարգերով

Երկրորդ՝ ուշադրութիւն թոյլերու նկատմամբ։ Այս առումով Սրբազան Քահանայապետը շեշտեց, որ քաղաքակրթութիւնը կը չափուի ամենէ խոցելիներու, այսինքն աղքատներու, գործազուրկներու, անտուններու, գաղթականներու, շահագործուողներու, հանդէպ ունեցած վերաբերմունքով։

Նորին Սրբութիւնը պնդեց նաեւ, որ «մարդուն ծառայող քաղաքականութիւնը չէ կարող թելադրուիլ ֆինանսական եւ շուկայական համակարգերով։ Ո՛չ: զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ բարոյական առաքինութիւնը արդարութեան պահանջ է՝ շտկելու աղաւաղումները եւ մաքրազտելու անհաւասար համակարգերու մտադրութիւնները, ինչպէս նաեւ հեռանկարային արմատական ​​փոփոխություններու միջոցաւ իրարու մէջ բաժնելու մարդկանց եւ ժողովուրդներու մարտահրաւէրները եւ կենսամիջոցները», յարեց Ան:

Պայքարիլ կաշառակերութեան դէմ

 Օրինականութեան խթանումը Ֆրանչիսկոս Պապին երրորդ եւ վերջին խորհուրդը եղաւ, որ ըստ Անոր՝ «կ’ենթադրէ կաշառակերութեան, իշխանութեան չարաշահման եւ անօրինականութեան արհաւիրքի դէմ պայքարելու պարտաւորութիւն: Միայն ազնւութեան միջոցով կրնան հաստատուիլ առողջ յարաբերութիւններ, եւ հնարաւոր է վստահութեամբ ու արդիւնաւէտութեամբ համագործակցիլ աւելի լաւ ապագայ կառուցելու համար»:

Նորին Սրբութիւնը ապա իմաստութիւն եւ քաջութիւն մաղթեց ներկաներուն՝ յանուն աւելի արդար եւ խաղաղ աշխարհի իրենց գործին մէջ։ «Թող որ Յիսուսի Աւետարանը միշտ ոգեշնչէ եւ լուսաւորէ ձեր հետազօտութիւնները եւ գործողութիւնները», ըսաւ Ան՝ աւարտելով իր պատգամը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2024, 11:00