Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Յիսուսին հետ կապը երբեք մի՛ կորսնցնէք»

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, La password della gioia- ուրախութեան գաղտնաբարը վերնագիրով նամակը ուղղուած աշխարհի ողջ երիտասարդներուն, որուն մէջ կը ներկայացնէ Youcat-ը՝ կաթողիկէ եկեղեցւոյ քրիստոնէականը մտածուած նոր սերունդներու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 22 յունուարին, լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, «La password della gioia- ուրախութեան գաղտնաբարը» վերնագիրով նամակը ուղղուած աշխարհի ողջ երիտասարդներուն, որուն մէջ կը ներկայացնէ Youcat-ը՝ կաթողիկէ եկեղեցւոյ քրիստոնէականը՝ մտածուած նոր սերունդներու համար։

Նամակին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կը գրէ, որ «Եկեղեցւոյ գոյութեան առաջին հիմնական պատճառը սէրն է» ու այն սէրը որուն մասին կը փափաքի խօսիլ Հօր Աստուծոյ իւրաքանչիւր մարդ էակին համար ունեցած սէրն է, որ աշխարհին յայտնեց Յիսուսի միջոցաւ, ինչպէս նաեւ մեր սէրը, որ ունինք Յիսուսին հանդէպ ու Հաւատացեալը միշտ Յիսուսի սիրահարն է եւ այսպէսով  կը հասկցուի, թէ ինչու քրիստոնեայ դառնալու ճիշդ ձեւը հանդիպումն է, գրեց Սրբազան հայրը։

Դառնալ Քրիստոնեաներ կը նշանակէ սիրահարուիլ Յիսուսին

Ֆրանչիսկոս Պապ կը նշէ, որ Քրիստոնեայ կեանքի սիրտը կը կայանայ Քրիստոսի սիրահարուելուն մէջ։ Աւետարանումի ուրախութիւնը կը կայանայ ողջ մարդկութեան Յիսուսի հանդէպ սէրը փոխանցելու մէջ ու այս նոր քրիստոնէականը կը ծնի այդ սէրէն, Յիսուսի հանդէպ սէրէն, որ մենք հաւատացեալներս ունինք մեր մէջ։

Քրիստոնէականի“Youcat” գիրքը կը խօսի բոլորիս մասին

Յիշելով Պենետիկոս ԺԶ Քահանայապետին, Youcat-ի առաջին հատորին նախաբանին մէջ արձանագրած խօսքը՝ ուր կը հրաւիրէ սորվելու, կարդալու այդ գիրքը , որ «կը պատմէ մեր ճակատագիրին մասին ու կը վերաբերի իւրաքանչիւրիս», Ֆրանչիսկոս Պապ կը հրաւիրէ երբեք չկորսնցնելու Յիսուսի հետ կապը՝ մեր անձնական պատմութեան եւ համայն մարդկութեան պատմութեան հետ կապը չկորսնցնելու համար։

Յիսուս ի՞ նչ պիտի ընէր իմ տեղս

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակին մէջ կը յայտնէ Յիսուսին հետ կապը չկորսնցնելու գաղտնիքը, որուն մասին արդեն յայտնած է Սուրբ Ալպերթոն Հուրթատոն՝ ծագումով Չիլէէն սուրբ մը, որ որեւէ բան կատարելու կամ որոշում առնելու համար միշտ կը հարցնէր, թէ Յիսուս իր տեղը ինչ ըրած պիտի ըլլար՝ դպրոցին, ճամբուն, համասլասրանի եւ աշխատանքին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը նշէ, թէ աշխուժ եւ ուրախ կեանք ապրելու գաղտնաբարը կը կայանայ մեր առած որոշումներն ու կեանքի մէջ պատահածները Յիսուսի միեւնոյնն աչքերով, միեւնոյն զգացումներով եւ մարմնացած միեւնոյնն կեցուածքով նայելու եւ դատելու մէջ ու այս նպատակին հասնելու համար Ֆրանչիսկոս Պապ կը յանձնարարէ Քրիստոնէականը սորվելէ անդին յաճախ կարդալ Աւետարանը եւ առօրեային մէջ կիրարկել աղօթքը, տարրեր որոնք կ՝օգնեն մեր կեանքին ու սիրտին մէջ փոխադրելու Յիսուսի կեցուածքները, առանց մոռնալու ,թէ Քրիստոս կենդանի է, Ան մեր Յոյսն է եւ այս աշխարհի ամենագեղեցիկ երիտասարդութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2024, 15:18